Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ 8-ՐԴ ԱՄԷՆԷՆ ԽԵԼԱՑԻ ԵՐԿԻՐԸ

April 4, 2025
in Հայաստան
0

 

 

Հայաստան բազմաթիւ ոլորտներու մէջ աշխարհի լաւագոյն երկիրներէն չէ, սակայն ժողովուրդին խելացութեան համաշխարհային աղիւսակին մէջ կը գրաւէ առաջատար դիրք: Մարդուն բանականութեան գործակիցը (IQ) չափելու համար նկատի կ’առնուին տրամաբանական մտածողութիւնը, ուսողութեան հմտութիւնները, խնդիրներու լուծումը, յիշողութեան եւ մշակումի արագութիւնը, բանաւոր եւ տարածական մտածողութիւնը: IQ չափող համացանցային քննութեան «international-iq-test.com» կայքին վրայ հրապարակուած է աշխարհի 126 երկիրներ, որոնց քաղաքացիները նշեալ կայքին վրայ չափած են իրեն բանականութեան գործակիցը: Կայքը ապա հաշուած է իւրաքանչիւր երկրէն բոլոր մասնակիցներուն միջինը, անոր հիման վրայ կազմելով միջին բանականութեան համաշխարհային աղիւսակը: 2025-ի արդիւնքներուն համաձայն, Չինաստան կը գրաւէ առաջին դիրքը՝ 107,19 միջինով, որուն կը յաջորդեն Արեւելեան Ասիոյ երկիրներէն Հարաւային Քորէան եւ Ճափոնը: Իրան 4-րդ է, Սինկափուր՝ 5-րդ: Ըստ այս աղիւսակին, Հայաստան կը գրաւէ աշխարհի 8-րդ դիրքը (102,58), անոր կը նախորդէ Մոնկոլիան եւ կը յաջորդէ Աւստրալիան: Լաւագոյն տասնեակին մէջ են նաեւ Ռուսիան՝ 6-րդ եւ Սպանիան՝ 10-րդ: Լիբանան կը գրաւէ աղիւսակին 37-րդ դիրքը (99,39 միջինով): Հայաստանի եւ Լիբանանի մնացեալ հարեւաններէն Վրաստան 21-րդ է, Իսրայէլ՝ 45, Թուրքիա՝ 46 եւ Ատրպէյճան՝ 48-րդ: Աղիւսակին վերջին հինգ դիրքերը կը գրաւեն Կապոնը, Անկոլան, Պենինը, Մոզամպիքը եւ Քոնկօն, իսկ շուրջ 70 երկրի տուեալները ընդհանրապէս չեն նշուած այս աղիւսակին վրայ:

Share68Tweet43
Previous Post

ԻՐԱՆԻ ՈՒ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՐՑՈՎ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ԱՃ

Next Post

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ  ՀԱԼԷՊԻ ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ…

Next Post
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ   ՀԱԼԷՊԻ ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ  ՀԱԼԷՊԻ ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ…

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.