Իրանի թղթածրարին հարցով վերջերս կը շարունակուի մագլցողական ընթացքը: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփ ահազանգեց, որ Իրանն ու Եմէնը պիտի դիմագրաւեն աւելի ծանր հարուածներ, եթէ շարունակուի ամերիկեան նաւերուն ուղղութեամբ Եմէնի հուսիներուն կատարած հրաձգութիւնը: «Եթէ չդադրեցնէք մեր նաւերուն վրայ հրթիռարձակումը, գալիքը աւելի ծանր պիտի ըլլայ հուսիներուն եւ անոնց իրանցի հովանաւորներուն համար», զգուշացուց Թրամփ եւ յայտնեց երկրորդ օդանաւակիր մը տարածաշրջան ուղարկելու որոշումը: Իրանի իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամինէիի խորհրդական Ալի Լարիժանի միւս կողմէ նշեց, թէ յարձակումի ենթարկուելու պարագային Իրան պիտի ստիպուի տիրանալ հիւլէական զէնքի:
Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարար Ժան Նուէլ Պարօ յայտնեց, որ Իրանի հիւէլէական թղթածրարին վերաբերեալ նոր համաձայնութեան յանգելու հնարաւորութիւնը կը սահմանափակուի, իսկ միւս կողմէ ռազմական առճակատումը օր ըստ օրէ կը դառնայ աւելի հաւանական: Խօսելով Իրանի մէջ ֆրանսացի քաղաքացիներու արգելափակումին մասին, Պարօ վստահեցուց, որ պիտի սաստկացնեն Թեհրանի նկատմամբ սահմանուած պատժամիջոցները՝ որպէս բանտարկեալներու ազատ արձակում պահանջելու միջոց: Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործերու նախարարութեան բանբեր Թէմի Պրուս յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն վճռակամ է արգիլել հիւլէական զէնքի մշակումը Իրանի մէջ, իսկ նախագահ Տոնըլտ Թրամփ պատրաստակամութիւն յայտնած է յանգելու խնդիրի խաղաղ կարգաւորումի: «Սակայն, եթէ Իրանի վարչակարգը մերժէ համաձայնիլ, ապա նախագահ Թրամփ ունի այլընտրանքներ, որոնք վստահաբար աւելի վատ պիտի ըլլան Թեհրանի համար», զգուշացուց ամերիկացի բանբերը:
Իսկ Ասիոյ արեւելեան հատուածին մէջ, չինական բանակին արեւելեան հատուածի ղեկավարութիւնը յայտարարեց Թայուանի ջրանցքին մէջ զինուորական լայնածաւալ վարժանքներ կատարելու մասին: Փեքին, աւելի ուշ, Ֆիլիփինի իշխանութիւնները զգուշացուց «կրակով խաղալու» վտանգներէն: Չինաստանի համաձայն, ամերիկացիներուն հետ ռազմական համագործակցութիւնը խթանելու Մանիլայի որոշումը պէտք չէ վտանգէ այլ երկիրներու ապահովութիւնն ու շահերը: Միւս կողմէ, ամերիկեան իշխանութիւնները նշեցին, որ Թայուանի շուրջ ընթացող չինական ռազմափորձերը յաւելեալ վտանգ կը սպառնան տարածաշրջանի կայունութեան: