Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ԵՐԹԻՆ

April 4, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ԵՐԹԻՆ

 

 

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յանձնառու կը մնան Լիբանանը փրկելու իրենց ծրագրերու գործադրութեան, պնդելով որ իսրայէլեան հետեւողական յարձակումները պիտի չխափանեն Լիբանանի կառավարութեան բարեկարգչական ուղին: Նախագահ Աուն հարաւային արուարձաններուն հերթական թիրախաւորումը համարեց Լիբանանի դէմ իսրայէլեան թշնամական վարքագիծի հերթական դրսեւորում: Աուն պահանջեց վերջ տալ իսրայէլեան խախտումներուն, միաժամանակ կառավարութեան կոչ ուղղելով չթոյլատրելու, որ լիբանանեան հողերէն Իսրայէլին տրուի ոտնձգութիւններու պատճառաբանութիւն:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նշեց, որ Իսրայէլ նման հարուածներով կը փորձէ տապալել 1701 բանաձեւը: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ, իր կարգին, դատապարտեց իսրայէլեան նորագոյն յարձակումները, զանոնք համարելով միջազգային օրէնքի բացայայտ խախտում եւ զինադադարի համաձայնութեան ոտնակոխում:

Նախանցեալ արեւածագի ժամը 4-էն առաջ, իսրայէլեան ռազմական օդանաւեր բնակարան մը ռմբակոծեցին Պէյրութի հարաւային արուարձաններու Մատի շրջանին մէջ՝ սպաննելով չորս մարդ՝ ներառեալ Հըզպալլայի մէջ պատասխանատու պաշտօն ունեցող հայր ու որդի Հասան եւ Ալի Պտէյրները եւ կին մը: Հարուածը նիւթական վնասներ պատճառեց շէնքին եւ մերձակայ կառոյցներուն, սարսափի մթնոլորտ յառաջացնել ոչ միայն հարաւային արուարձաններուն, այլ մայրաքաղաքին եւ անկէ հիւսիս ե արեւելք քանի մը քիլոմեթրի վրայ տարածուող շրջաններուն մէջ՝ ռազմական կործանիչներու ցածր թռիչքներուն պատճառով:

Իսկ երէկ, Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ սահմանային Ատէյսէ գիւղին վրայ իսրայէլեան հրաձգութեան հետեւանքով վիրաւորուած է քաղաքացի մը:

Հըզպալլայի երեսփոխաններէն Ալի Ամմար շեշտեց, որ իրենց համբերութիւնը սահման ունի: «Հըզպալլա պատերազմ չ’ուզեր, սակայն եթէ այդ պարտադրուի, ապա մենք պատրաստ են զսպելու որեւէ յարձակում»:

Ժամահա Իսլամիէ կազմակերպութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կտրականապէս ժխտեց հարաւէն հրթիռարձակումներուն հարցով իրեն ուղղուած ամբաստանութիւնները եւ շեշտեց, որ յանձնառու կը մնայ զինադադարի համաձայնութեան բոլոր յօդուածներուն եւ կը հաւատայ, որ վերջերս կատարուած հրթիռարձակումը կը հետապնդէր լիբանանեան շահերը վտանգող յստակ նպատակներ: Յիշեցնենք, որ նշեալ կազմակերպութեան զինեալ թեւը երկամսեայ պատերազմին ընթացքին քանի մը անգամ հրթիռ արձակած էր իսրայէլեան բնակավայրերուն ուղղութեամբ:

Իսրայէլի արտաքին գործերու նախարար Կիտուն Սաէր յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ թիրախաւորուած են Հըզպալլայի կեդրոններ եւ «հարուածները պիտի շարունակուին բոլոր անոնց դէմ, որոնք կը վտանգեն Իսրայէլի ապահովութիւնը»:

Share62Tweet39
Previous Post

ՔԵՐԹՈՒԱԾՆԵՐ ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ԳՐԻՉԷՆ

Next Post

ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ 

Next Post
ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ 

ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ 

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.