Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՔԵՐԹՈՒԱԾՆԵՐ ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ԳՐԻՉԷՆ

April 1, 2025
in Այլազան, Յօդուածներ
0

ԳՄԲԷԹ

Ստուեր, մշուշ կամ ամպ ցրուի՛ր

գմբէթին գագաթը սպիտակ տեսնեմ բարձրադիր,

վեհութեան շունչը շուրջը սփռուած,

դիտեմ խոկումը խորքէն։

Կռունկը չգայ թառելու խոռոչին

երկար թափառումէ յոգնած

ես եմ կռունկը գմբէթին,

բոյնս է գմբէթը մարմարակուռ…

աշխարհի վրայ ուր որ ալ շրջիմ, չեմ աւազախրիր

երբ հայեացքս գմբէթիս խոյակին է

եւ չեմ հեռանար անոր լոյսէն…

թէեւ հեռախոյս ծփանքներուն

շողեր կը ցոլան յոյսերով լեցուն։

Գմբէթիս խաչը կը պահէ շունչս անմարելի

դրոշմս անեղծանելի

գոյնս անջնջելի…

որ չ’աղօտիր ուրիշ խայտաբղէտ գոյներու խանձումէն։

եթէ «Աստուած մի արասցէ»

երկրիս ամրաշէն գմբէթը փլի

վաղուան յոյսերու ճրագը կը մարի…

***

8 Մարտ 2009

ՄՈՐՄՈՔԴ ԵՄ ԵՐԿԻՐ ՆԱՅԻՐԻ

Հայ քաոսիս խառնակ աշխարհէն

փշրուած, ցրուած ապակիները

կ’արիւնեն, կ’եղծեն

իմ երանգներուս ճառագայթները,

որոնք հողերուն ցոլքերէն յառնած,

պաշտամունքովը նոյն հողին, ջուրին

Աստուծոյ շունչին բեկորներն էին

արմատով բեղուն, որ կ’ընձիւղէին

հայեացքնին բոսոր դէպի Լեռ ուղղած…։

Մորմոք ու արիւն սառած են Լերան յաւիտենութեան

որպէս հրաբուխ ժայթքեն թերեւս

Օր մը ահարկու… Օ՛ր՝ դղրդումի,

հաւաքեն հողեր… տնկեն խաչքարեր

ու փնտռեն հայեր, որոնք չեն մեռած

կամ շտապելով խուճապէ աւեր

չեն մեկնած հողէն, Լեռ ու Տուն լքած,

որ կը սպասեն Մեծ Օրուան յայտնութեան

սիրոյ սարսումով մեզ ընկերակցող…։

Ես քու Մորմոքդ եմ երկիր Նայիրի

երբ քեզմէ պոկուող Շունչը կը հալի,

հեռաստաններու ծաւալուն թոյնէն,

անապատներու կիզիչ արեւէն

կամ ովկիաններու ամայութենէն…։

Քեզմէ սնանուող մարմնիս բջիջներն

մէկ-մէկ կը թափին… կ’ըլլան դիակներ

անճանաչելի,- ինքնութեամբ անգոյն,-

որ խարանն է սեւ անդարման վէրքի…։

Վէրքերէդ հոսող արիւնը անկարգ…

Մեր Տոհմածառին արմատները խոր

կը պատէ օտար հունտերով խորթ

որոնք որդ դարձած քեզ կը կրծոտեն

հողդ կը պղծեն ու անվերջօրէն

կապոյտ սարերուդ ծուխը կը մարեն…

ու ամէն մարող կանթեղ ու օճախ

Յաւերժէն աստղ մը կը մթնապատէ

ու վաղուան նայող Յոյսերն կ’արիւնէ…։

Յոյսիդ մորմոքէն,- այս ինչ արիւն է,- Երկիր Նայիրի

որ հասած է քեզ վայրերէ վայրի

կը հայաթափէ առանց աղմուկի

ու պատարագի…։

 

10 Յուլիս 2003

***

ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ

Կար ու չկար

տղայ մը կար

որ կը վազէր հեքիաթային անտառներու արահետէն,

մերթ ինքզինքը կը փնտռէր…

ու կը պեղէր

կարկտնուած հանդերձներուն

ձորձ-ծուէնները ոլորուն…։

Փողոցներուն ցեխն ու կեղտը ընդխառնուած

պատմութեան հին փոշիներուն երկփեղկուած

կը ճաթռտին

ու մայթերուն ճեղքուածքներէն

կը սահմռկին…

ճեղքերը խոր կը ծաւալին

անդունդներու սահանքներէն

ու լեռներու թաւալումէն…

Տղեկն անկար ու անճրկած կը գալարի…

իր էութեան կա՞նչը լսէ

թէ իր շուրջի խաժամուժին

աղմուկները ահաբեկէ՛…

Ինքզինք գտնէ, Լինելութեան ուղին գծէ.

խաչաձեւող ճամբաները թնճուկներէն

հերձող հոգին ազատագրէ…

պատռէ բոլոր ինքնութեան կեղծ տետրակները

ճմռթկուած թուղթերը հին,

որ մաշած են, այլագունած

դէմքն ու հոգին…

ոստաններու լոյսերն շռայլ այրէ՛ բոլոր

իր հայապատ աւազանին կրակներով

հրատոչոր,

որ Մայր Ակէն բխող լոյսին ցայտումներէն

բիւրապատիկ բիւրեղանայ

մաքուր մնայ

ու ամրանայ

իր որոնած ինքնութեան խոյս լեռնաստանի

քարայրներուն մէջ անառիկ…

 

2 Յուլիս 2000

Share64Tweet40
Previous Post

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՄԵՐԺՈՒՄԸ ԻՆՔՆԻՆ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ՉԷ

Next Post

ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ԵՐԹԻՆ

Next Post
ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ԵՐԹԻՆ

ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ԵՐԹԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.