Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՄԵՐԺՈՒՄԸ ԻՆՔՆԻՆ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ՉԷ

March 31, 2025
in Յօդուածներ
0
ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՄԵՐԺՈՒՄԸ ԻՆՔՆԻՆ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ՉԷ

 

Հայաստան եւ Ատրպէյճան վերջերս յայտարարեցին, որ համաձայնութեան եկած են տարիներէ ի վեր քննարկուող՝ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ։ Ըստ երեւոյթին, պայմանագրի բոլոր կէտերուն շուրջ համաձայնութիւնը բաւարար չէ Պաքուի համար ու ան չ’աճապարեր իր վերջնական ստորագրութիւնը դնելու փաստաթուղթին տակ։ Սակայն կայ միջազգային բաւական մեծ ճնշում, որպէսզի Ալիեւի իշխանութիւնը վերջ տայ իր խաղերուն ու սկսի կատարել իր ստանձնած պարտաւորութիւնները։

Հայաստանի ընդդիմութիւնը եւս կը մերժէ ընդունիլ համաձայնուած պայմանագիրը, զայն որակելով «կեղծ խաղաղութիւն»։

Խաղաղութեան բացակայութեամբ կայ երկու այլընտրանք, որոնք երկուքն ալ նպաստաւոր չեն Հայաստանի համար։ Առաջինը Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ նոր պատերազմն է, այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքին» տիրանալու նպատակով։ Այս մէկը քիչ հաւանական է եւ Ատրպէյճանի համար կը պարունակէ բաւական մեծ վտանգներ։

Աւելի հաւանական է «ոչ պատերազմ, ոչ խաղաղութիւն» իրավիճակը, որ կրնայ տեւել երկար տարիներ՝ Հայաստանէն խլելով նիւթական ու տնտեսական մեծ ներուժ։ Ներկայիս Հայաստան բանակի արդիականացման ու պաշտպանական կարողութիւններու հզօրացման համար կը ծախսէ մօտ 1,7 միլիառ տոլար՝ քայլ պահելու համար ատրպէյճանական կողմի կրկնակի կամ եռակի ծախսերուն դիմաց։ Ներկայ վիճակի շարունակութեան պարագային Հայաստանի ռազմական ծախսերը պիտի շարունակեն աճիլ՝ պիւտճէի մէկ կարեւոր մասը յատկացնելով այդ նպատակին։ Նմանապէս Հայաստան պիտի շարունակէ մնալ շրջափակման մէջ՝ զրկուելով տարածաշրջանային տնտեսական ծրագրերուն մաս կազմելու կարելիութենէն։ Վերջնական խաղաղութիւնը Հայաստանի կրնայ տայ առիթ՝ զարգացնելու իր տնտեսութիւնը, ռազմական ծախսերու մէկ մասը յատկացնելու իր ժողովուրդի բարօրութեան եւ հասարակութեան մօտ ապահովելու երկրի ապա գային նկատմամբ վստահութիւնը։

2021-ի խորհրդարանական ընտրութիւններու քարոզարշաւի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան ընտրողներուն խոստացաւ ձգտիլ խաղաղութեան ու ան մնաց հաւատարիմ իր այդ խոստումին, հակառակ ատրպէյճանական կողմի ստեղծած բոլոր խոչընդոտներուն, ընդ որում Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի դէմ ոտնձգութիւնները, Արցախի շրջափակումը եւ ապա Հայաթափումը։

Ընդդիմութիւնը իրաւունք ունի քննադատելու իշխանութիւններուն՝ խաղաղութեան ուղղուած քայլերը, սակայն միաժամանակ պէտք է անկեղծ գտնուի ու ներկայացնէ իր այլընտրանքային առաջարկները։ Սակայն, մինչեւ այս պահը, բացի մերժումէն, անոնք չունին այդ հարցին պատասխանը։

Յառաջիկայ տարի տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական հերթական ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին կը սպասուի սուր պայքար իշխող ուժին, ներկայ ընդդիմութեան եւ հրապարակ եկող նոր խմբաւորումներուն միջեւ։ Բոլորն ալ պարտաւոր են ժողովուրդին ներկայացնելու իրենց ներքին ու արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները։ Պէտք է քաջութիւնը ունենալ ու բաց դէմքով ժողովուրդին ըսել, թէ ինչպէ՞ս կը պատկերացնեն Ատրպէյճանի հետ հակամարտութեան ապագայ ընթացքը։ Եթէ Քոչարեանի ու Սարգսեանի կողմնակիցներուն նպատակը ռազմական միջոցներով Ատրպէյճանին զիջումներ պարտադրելն է կամ Արցախը ազատագրելն է, ապա այդ յստակ պէտք է ըսեն, որպէսզի ընտրողները կարենան կողմնորոշուիլ։

Ընդդիմութեան կողմէ Խաղաղութեան պայմանագրի մերժումը ինքնին այլընտրանք չէ։ Անոր պէտք է յաջորդեն քայլերու հերթականութեան յստակացում։

 

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԳԱՂՈՒԹԷ-ԳԱՂՈՒԹ

Next Post

ՔԵՐԹՈՒԱԾՆԵՐ ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ԳՐԻՉԷՆ

Next Post

ՔԵՐԹՈՒԱԾՆԵՐ ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ԳՐԻՉԷՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.