ՊՈԼՍՈՅ մէջ, վերջերս, լոյս տեսած է նախկին պոլսահայ եւ այժմ ամերիկաբնակ Գէորգ Պ. Յակոբեանի հայերէն ծաւալուն մէկ աշխատասիրութիւնը, որ կը կոչուի «Հայոց կրթական հաստատութիւններու պատմութիւն՝ օսմանեան գաւառներու մէջ»։ Գործը հրատարակուած է երկու անջատ հատորներով, որոնք տեսակ մը շարունակութիւնը կը նկատուին «Պատմութիւն իսթանպուլահայ ուսումնական կեանքի եւ կրթական հաստատութիւններու» խորագրեալ այն նախորդ հատորին, որ լոյս ընծայուած էր 2016-ին։ Ինչպէս կը հասկցուի արդէն անունէն իսկ, հեղինակը իր այս գործին մէջ կը խօսի նախաեղեռնեան շրջանի արեւմտահայ դպրոցներուն մասին, մանրամասնութեամբ ու պատկերազարդ էջերով։ Ըստ իրեն, Օսմանեան կայսրութեան տարածքին գործեր են հազարի չափ հայկական դպրոցներ՝120 հազար աշակերտութեամբ եւ 5 հազար ուսուցիչներով…։ 12 Մարտին, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երդիքին տակ կայացած է զոյգ հատորներուն շնորհահանդէսը, խուռներամ բազմութեան մը ներկայութեան։ Բացումը կատարած է թաղին Ս. Թարգմանչաց վարժարանի տնօրէնուհին՝ Տիրուհի Պէրին։ Յաջորդաբար խօսք առած ու նորատիպ գիրքերը ներկայացուցած են Մայտա Սարիս («Փարոս» թրքագիր ամսագրի խմբագրուհի), պատմաբան Հանրիէթ Թօփուզեան-Պասօղլու եւ կրթական մշակ Սաթենիկ Նշան։ Պաստառի վրայ լուսանկարներ ցուցադրուած են գիրքէն։
ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ «Փաշալեան» սրահին մէջ, 16 Մարտ-ին, «Հիւրասիրութեան ժամու զրոյցներ» ընդհանուր խորագրին տակ տեղի ունեցած է Գէորգ Խրիմեանի «Երեւանի գաղտնիքներ» անունով ներկայացումը։ Բացումը կատարած է Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան։ Հոգաբարձութեան ատենապետ Արմէն Մորեան նշած է, որ այս նախաձեռնութիւնը, որ նոր է, պարբերաբար պիտի շարունակուի հետագային ալ, զանազան նիւթերու ներկայացումով։ Այնուհետեւ, Գ. Խրիմեան խօսած ու պատմած է մայրաքաղաք Երեւանի «գաղտնիք»-ներուն մասին, որոնք յաճախ կը վրիպին հոն այցելողներու տեսողութենէն, ինչպէս՝ Շէնգաւիթի հնագիտական արգելոցը, Կարմիր բլուրը, Էրեբունին, Կարմիր կամուրջը եւ այլն։ Գնահատանքի խօսք արտասանած է թեմին առաջնորդը՝ Անուշաւան արք. Դանիէլեան։
ՔՈՒԷՅԹԻ մէջ, 21 Մարտին, նշուած է «Մայրերու տօն»-ը, նախաձեռնութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան։ Բացումը կատարած է Թալին Հալէպլեան։ Նախ ներկայացուած են փունջ մը հոգեւոր երգեր, յետոյ արտասանութիւններ ու մեներգեր կատարած են խումբ մը փոքրիկներ։ Օրուան իմաստին ու անկէ ցոլացող խորհուրդին մասին արտայայտուած է Մայտա Մովսէսեան։ Աւարտին, եզրափակիչ խօսք արտասանած է գաղութին հոգեւոր հովիւը՝ Արտակ աւագ քհնյ. Քէհեայեան։
ԿԻՊՐՈՍԻ մէջ, 19 Մարտին, իր մահկանացուն կնքած է Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան 1973-ի շրջանաւարտներէն, Նարեկ հայկական վարժարանի երաժշտութեան երկարամեայ ուսուցիչ Սարգիս Տէմիրճեան։ Ան ղեկավարեր էր երգչախումբ եւ դրոշմ թողած էր կիպրահայոց երաժշտական կեանքին մէջ։
ՀՈԼԻՎՈՒՏԻ (ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ) Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս ազգ. վարժարանի հիմնադրութեան 55-ամեակը նշուած է 15 Մարտին, ճաշկերոյթով մը, «Միշըն Հիլզ Լէնտմարք» սրահին մէջ։ Ճաշկերոյթին հիւրընկալը եղած է բարերար Վահէ Կարապետեան։ Հանդիսավար Հայկ Պօյաճեանի բարիգալստեան խօսքերէն ետք, նախ գնահատանքի արժանացած են դպրոցի հին շրջանաւարտներէն ոմանք։ Ցուցադրուած է վարժարանին առօրեան պատկերացնող տեսերիզ մը։ Սրտի խօսք արտասանած է տնօրէնուհի դոկտ. Սիւզի Օհանեան, որ յատկապէս երախտիք յայտնած է Ազգ. Վարչութեան անդամ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանին եւ տոքթ. Փօլ-Թալիա Գալուստեան ամոլին, անոնց կատարած իշխանական նուիրատուութեանց համար։ Հանգանակուած է մօտ հինգ միլիոն տոլար։ Փակման խօսքը արտասանած է թեմին առաջնորդը՝ Գեղամ արք. Խաչերեան։ Պաշտօնական ճաշին յաջորդած է խրախճանք մը։
ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԷՍ բնակող վատակաւոր ուսուցչուհի տիկ. Սօսի Հաճեան (կողակիցը՝ ողբացեալ գրագէտ ու խմբագիր Պետրոս Հաճեանի), վերջերս Երեւանի մէջ լոյս ընծայած է իր պատմուածքներու անդրանիկ հատորը, «Արեւելեան բաղնիք» վերնագրով։ Հոս մէկտեղուած գրութիւնները նախապէս հրապարակուած են դիմատետրային էջերու վրայ, երբեմն նաեւ՝ մամուլի մէջ։ Նիւթերը ընկերային են ու լուսարձակ կը բանան սփիւռքահայ կեանքի տարաբնոյթ երեսներուն վրայ։ Հեղինակուհին վերջերս ծանուցած է, թէ գիրքին ելեկտրոնային տարբերակը եւս մատչելի է ընթերցողներուն։
ԳԱՀԻՐԷԻ Կոկանեան սրահին մէջ, 15 Մարտին, նշուած է «Մայրերու տօն»-ը, նախագահութեամբ տիկ. Գարոլին Պալթայեանի։ Օրուան բանախօսուհին եղած է տիկ. Թալին Միքայէլեան։ Սարքուած է տօնավաճառ մըն ալ՝ ճոխ ճաշասեղանով։
ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ (Յունաստան) «Հայաթ» հիւրանոցին մէջ, 15 Մարտին, տեղի ունեցած է միջազգայնագէտ եւ քաղաքական վերլուծաբան Ճորճ Մէնէշեանի «Յոյներ եւ հայեր. զուգահեռ կեանքեր, միլլէթէն դէպի ազգ-պետութիւն» յունարէն գիրքին ներկայացումը։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է քաղաքին Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ։ Խօսք առած ու նորատիպ հատորին անդրադարձած են Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Սարգիս Տանկազեան, պոնտական պատմութեան դասախօս Թէոտոսիս Քիրիքիտիս, տեղաբնակ ազգային գործիչ Կիւլա Գասապեան եւ նախարար Գոսթաս Կիւլեքաս։ Վերջին խօսքը արտասանած է հեղինակը։
ԳԱՄԻՇԼԻԻ (Սուրիա) «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, 18 Մարտին, ՍՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղը նշած է «Մայրերու տօն»-ը, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան։ Հանդիսավարութիւնը կատարած է Սօսէ Սարգիսեան-Ադամեան։ Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցած է Թամար Շահինեան-Յովհաննէսեան։ Արաբերէնով ալ արտայայտուած է Անի Սարգիսեան։ Գործադրուած է գեղարուեստական յայտագիր մը։
ՀԱԼԷՊԻ «Ոսկետառ» տպարանէն լոյս տեսած են Բերիոյ Թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի ստորագրութիւնը կրող հայացուած գործի մը երկու հատորները՝ «Աստուածաբանական եւ ընկերաբարոյական նիւթեր» (Ա. եւ Բ.)։ Մակար սրբազան կը սիրէ հայացնել ժամանակակից օտար հոգեւոր գրականութեան էջերը ու կը նպատակադրէ այդ ճամբով՝ հոգեւոր ու աստուածաշնչական ապրումներով խթանել հայ նոր սերունդը։