Շաբաթ, 15 Մարտ 2025-ի երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Սին էլ ֆիլ շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Մ.-Թոմարզայի նոր ակումբի բացման հանդիսութիւնը, ներկայութեամբ՝ Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկեր Վանիկ Տագէսեանի եւ Վարիչ մարմինի ընկերներուն, Սին Էլ Ֆիլի քաղաքապետ տիար Նապիլ Քահալէի եւ Հ.Մ.Մ. Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկեր Միսաք Նաճարեանի։ Ինչպէս նաեւ յայտարարուեցաւ Հ.Մ.Մ.-Թոմարզայի նոր վարչութեան կազմը ատենապետութեամբ՝ ընկ. Յարութ Երեմեանի։
Ակումբի բացման հանդիսութեան ընթացքին բացման խօսքով հանդէս եկաւ ընկերուհի Պերնատեթ Երեմեան, որմէ ետք Հ.Մ.Մ.-Թոմարզայի նոր Վարչութեան ատենապետ ընկ. Յարութ Երեմեանը ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց նոր վարչութեան յառաջիկայ շրջանի գործունէութիւնը։ Ապա, Սին Էլ Ֆիլի քաղաքապետ՝ տիար Նապիլ Քահալէ ներկաներուն յղեց իր սրտի խօսքը, ուր կարեւորեց շրջանէն ներս Հ.Մ.Մ.-Թոմարզայի ներկայութիւնը եւ բարձր գնահատեց տասնամեակներ շարունակ Հ.Մ.Մ.-Թոմարզայի մեծ ներդրումը շրջանի վերելքին եւ բարգաւաճման մէջ։
Հ.Մ.Մ. -ի մեծ ընտանիքին անունով իր պատգամը տուաւ Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկ. Միսաք Նաճարեանը, որ գնահատեց Հ.Մ.Մ.-Թոմարզայի ընկերներու ճգնաճան աշխատանքը, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին Հ.Մ.Մ.-Թոմարզան օժտելու նոր ակումբով, ինչպէս նաեւ ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Հ.Մ.Մ.-Թոմարզայի նախկին ատենապետներուն, որոնք տարիներ շարունակ անշահախնդրօրէն ծառայեցին Սին Էլ ֆիլի շրջանին մէջ բնակող հայորդիներու հայեցի դաստիարակութեան եւ մարզական ոգիի բարձրացման։ Ան յաջողութիւն մաղթեց Հ.Մ.Մ.-Թոմարզայի նոր վարչութեան, անոնց մաղթելով յարատեւ վերելք։
Ակումբի բացման հանդիսութեան նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին Հ.Մ.Մ.-Պէյրութի Սկաուտական կազմը եւ փողերախումբը։
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն։
Ապա տեղի ունեցաւ նոր վարչութեան կազմի յայտարարութիւնը, որ կը բաղկանայ հետեւեալ ընկերներէ.
Ընկ. Յարութ Երեմեան – ատենապետ
Ընկ. Յովիկ Թեքիրեան – փոխատենապետ
Ընկ. Աւետիս Երեմեան – ստենադպիր
Ընկ. Մոհամմատ Ֆաքիհ – գանձապահ
Ընկ. Վահան Մաղաքեան – հաշուապահ
Ընկ. Ժոզէֆ Հիդիդեան – խորհրդական
Ընկ. Եղիա Չոպանեան – խորհրդական
Հ.Մ.Մ.-Թոմարզայի Վարչութիւն