Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ 1701 ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ

March 31, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ 1701 ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ

 

 

 

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն դատապարտեց իսրայէլեան շարունակական խախտումները եւ յստակացուց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ 1701 բանաձեւի գործադրութեան եւ զինադադարի համաձայնութեան: Այլ գիծի վրայ, Աուն նշեց, որ առայժմ արտօնութիւն պիտի չտրուի Իրանի հետ օդանաւային հաղորդակցութեան վերականգնումին: Աուն իսրայէլեան հարուածներուն մասին տեղեկացաւ Փարիզի մէջ, ուր իր ֆրանսացի պաշտօնակիցին հրաւէրով մասնակցեցաւ Լիբանանի, Ֆրանսայի, Կիպրոսի եւ Յունաստանի ղեկավարներուն ժողովին, որուն ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանային զարգացումները եւ համագործակցութեան միջոցները, ինչպէս նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն եղաւ Սուրիոյ նախագահ Ահմատ Շարաայի հետ:

Իսկ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ հանրապետութեան եւ խորհրդարանի նախագահներուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի հարցերով ամերիկացի պատուիրակի տեղակալին հետ՝ պահանջելով անյապաղ միջամտել ու դադրեցնել իսրայէլեան ոտնձգութիւնները: Ան պահանջեց, որ իսրայէլեան ուժերը անյապաղ քաշուին լիբանանեան սահմանային բլուրներէն, որ գրաւած էին պատերազմին ընթացքին:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շեշտեց, որ «անոնք որոնք տակաւին չեն ընկալած Լիբանանի նոր վիճակը, այսօր ստացան մեր վճռականութիւնը ապացուցող նոր օրինակ մը»: Ան խոստացաւ, որ իսրայէլեան սահմանամերձ բնակավայրերուն բնակիչները պիտի վերադառնան տուն, իսկ բանակը պիտի հարուածէ վտանգ ներկայացնող բոլոր կէտերը: Իսկ պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց զգուշացուց, որ «եթէ Քրիաթ Շիմոնայի եւ միւս բնակավայրերուն բնակիչները ապահով չըլլան, ապա Պէյրութի մէջ հանդարտութիւն պիտի չտիրէ»:

Share62Tweet39
Previous Post

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՑԱՐԴ ԾԱՆՐԱԳՈՅՆ ԽԱԽՏՈՒՄ

Next Post

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ. «ԻՍՐԱՅԷԼ ԻՐԱՒԱՏԷՐ Է»

Next Post
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ. «ԻՍՐԱՅԷԼ ԻՐԱՒԱՏԷՐ Է»

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ. «ԻՍՐԱՅԷԼ ԻՐԱՒԱՏԷՐ Է»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.