Իսրայէլեան երկամսեայ պատերազմին վերջ դրած զինադադարի յայտարարութենէն ետք առաջին անգամ ըլլալով, իսրայէլեան բանակի տխրահռչակ բանբեր Աւիխայ Ատրահիի համացանցային էջերը երէկ վերստին աշխուժացան սպառնալիքներով եւ իսրայէլեան օդուժը դարձեալ այցելեց Պէյրութի հարաւային արուարձանները: Շարունակելով զինադադարով հանդերձ լիբանանեան գերիշխանութեան ամէնօրեայ խախտումները, իսրայէլեան օդուժը երէկ շէնք մը կործանեց Պէյրութի հարաւային արուարձաններու Հատաս շրջանին մէջ՝ Հըզպալլայի անօդաչու սարքերու մթերանոց ծառայելու պատճառաբանութեամբ: Ահազանգող երեք թեթեւ հարուածներուն յաջորդած ծանր թիրախաւորումին մասին զգուշացուցած էր Ատրահի՝ հրապարակելով քարտէզ մը եւ քաղաքացիներէն պահանջելով հեռանալ այդ վտանգուած շրջանէն: Հետեւաբար, լիբանանցիները ժամեր շարունակ ապրեցան 2024-ի պատերազմին եւ սպառնալիքներուն սարսափը, վարժարաններ դատարկուեցան եւ հազարաւոր լիբանանցիներ ուղղուեցան Պէյրութէն հիւսիս: Իսրայէլեան հարուածը տեղի ունեցաւ Լիբանանի հարաւային շրջաններէն իսրայէլեան բնակավայրերուն ուղղութեամբ երկու հրթիռի արձակումէն ժամեր անց: Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ այդ հրիռներէն մէկը խոչընդոտուած էր, իսկ միւսը՝ լիբանանեան հողի վրայ ինկած: Իսրայէլեան բանակը երէկ նաեւ շարք մը յարձակումներ գործեց հարաւային զանազան շրջաններու դէմ՝ Հըզպալլայի կեդրոններ թիրախաւորելու պատրուակով: Ծանրագոյն ռմբակոծումէն բաժին հասաւ Քֆարթըպնիթին, ուր զոհուեցաւ առնուազն երեք մարդ, վիրաւորուեցան 18 ուրիշներ: Առողջապահութեան նախարարութիւնը աւելի ուշ յայտարարեց, թէ երկու անձ ալ մահացած է Եահմոր շրջանի ռմբակոծումին հետեւանքով:
Լիբանանեան բանակի հրամանտարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ Նապաթիէի Քաաքաաիա էլ-Ժըսր շրջանին մէջ յայտնաբերած է հրթիռարձակումին համար գործածուած մետաղեայ կայանքը եւ կը հետապնդէ հրթիռները արձակողները:
Հըզպալլա ժխտեց հարաւէն կատարուած հրթիռարձակումին իր պատասխանատուութիւնը: Կուսակցութեան «Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան» խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ, երեսփոխան Մոհամմատ Ռաատ իր կարգին շեշտեց, որ իրենք կը յարգեն զինադադարը եւ կառավարութենէն կը պահանջեն յանձնառու մնալ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները զսպելու իր պարտականութեան: «Անոնք որոնք կ’ենթադրեն, որ Դիմադրութիւնը անցած է անցեալի էջերուն, պէտք է ուշադիր ըլլան ժամանակաւոր իշխանութեան իրենց գինովութենէն, որովհետեւ նահատակներուն գծած հաւասարակշռութիւնը անմահ է, իսկ կառավարութիւնը կը դառնայ անցեալ», ըսաւ Ռաատ: