Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ` ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ

March 27, 2025
in Այլազան, Յօդուածներ
0
ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ` ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ

– Անձնաթուղթով՝ Պետրոս Գալայճեան։ Հասարակութեան ծանօթ գրական անունով՝ Պէպօ Սիմոնեան։ Ծնած է 1937ին, Ալեքսանտրէթ (Թուրքիա), երկու տարեկանին Սանճագի պարպումով՝ հաստատուած է Լիբանան։

– Նախակրթական ուսումը ստացած է Պէյրութի Ազգային Սահակ-Մեսրոպեան վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդական ուսումը՝ Նշան Փալանճեան Ճեմարանի եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ։ Վկայուած է Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Արեւելագիտական ֆաքիւլթէի հայագիտական ճիւղէն։ Միաժամանակ հետեւած է Centre d’Etudes Supérieurs ի ֆրանսերէն լեզուի եւ գրականութեան դասընթացքներուն։

– Մուտք գործած է ուսուցչական ասպարէզ՝ պաշտօնավարելով Սահակեան Բարձր. Վարժարանէն ներս՝ 1957–1963, Նոր Բարձրագոյն Վարժարան՝ 1963-1965 եւ Սահակեան Բարձր. Վարժարան եւ Ռուբինեան Վարժարաններ՝ 1965–1966։

– 1965-ին ամուսնացած է եւ ընտանիք կազմած է համալսարանական բարձրագոյն ուսմամբ օժտուած մտաւորական հայուհիի մը հետ` Ազատուհի Սաչեան։ Ընտանիքը բախտաւորուած է երկու մանչ զաւակներով՝ Տիգրան եւ Ռազմիկ, որոնք իրենց կարգին ստացած են համալսարանական մասնագիտական ուսում եւ կազմած են իրենց ընտանիքները։

– 1966-ին հրաւիրուած է Ազգային Ռուբինեան վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը վարելու։ Տասնամեակ մը ետք կոչուած է Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի տնօրէնութեան պաշտօնը վարելու, որ վարած է 20 տարիներ։ Մաս կազմած է Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին 1976 եւ 1994 տարիներու ընթացքին։ 1995-2001 եղած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Պօղոս Կարմիրեան միջնակարգ վարժարանին մէջ լեզուի եւ գրականութեան այցելու ուսուցիչ եւ համակարգող հայկական նիւթերու 1996-1997 ու նոյն պաշտօնով 1998-1999-ին Հ.Բ.Ը.Մ.-ի երեք վարժարաններուն։ 1992-1994 թուականներուն դասախօսած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Հիւսիսեան հայագիտական ամպիոնէն ներս՝ Արեւմտահայ եւ Սփիւռքահայ գրականութիւն։ Զեկոյցներով հանդէս եկած է ուսումնական հարցերու նուիրուած սեմինարներու եւ համագումարներու։

– Կրթականին կողքին նուիրուած է հասարակական գործունէութեան՝ տասնամեակ մը վարելով Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ատենապետութիւնը, միաժամանակ մաս կազմելով Ս.Դ.Հ.Կ-.ի Լիբանանի Վարիչ մարմնի եւ Կեդրոնական վարչութեան։

– Աշխատակցած է «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ին, «Հիւսիսեան Հայագիտական Հանդէս»ին, «Հասկ Հայագիտական Տարեգիրք»ին, «Բագին» գրական ամսագրին։ Խմբագրութեան անդամ եւ աշխատակից եղած է «Արարատ Գրական»-ի, «Արարատ» օրաթերթին, «Շիրակ» ամսագրին եւ «Կամար» անկախ պարբերաթերթին։ Տարիներ շարունակ խմբագրած է «Արարատ» օրաթերթի արուեստի, գրականութեան եւ մշակոյթի էջերը։ Աշխատակցած է նաեւ «Նայիրի» երկշաբաթերթին եւ «Զարթօնք» օրաթերթին՝ գրական եւ մշակութային յօդուածներով եւ ստեղծագործութիւններով։

– 1969-ին Յովհաննէս Թումանեանի 100-ամեակի սփիւռքահայ հիւրերէն էր։ Իսկ 1971-ին հրաւիրուած է Հայաստանի Գրողներու Զ. համագումարին։

– Կանուխ տարիքէն հանդէս եկած է բանաստեղծութիւններով, որոնք տպուած են հետեւեալ հատորներուն մէջ. «Նախերգանք» 1968, «Կանաչներու Առասպելը» 1977, «Մարդեղութիւն» 1981 – Երեւան (Սփիւռքահայ Գրողներու մատենաշար), «Ծառին Ճիչը» 1991, «Միջերկրականի Լոյսերուն Դիմաց» 2004, Գէորգ Մելիտինեցի Մրցանակի մատենաշարով։ Ազգային, կրթական, ընկերային բնոյթի յօդուածներով եւ գեղարուեստական արձակ էջերով աշխատակցած է լիբանանահայ մամուլին։ Առաջին գրականագիտական բնոյթով գիրքը եղած է Հայաստանի գրողներու Ե. համագումարի խոհերը. «Խորհրդածութիւններ Հայաստանի Գրողներու Ե. համագումարի սեմին», 1966։ Ընկերային հարցեր շօշափած է «Մարդկային Իրաւանց Հարցեր» գիրքը 1994, իր կրթական եւ մանկավարժական յօդուածներէն ընտրուած հատորը՝ «Հայակերտում եւ Մանկավարժութիւն» հրատարակուած է 1996-ին։ Արձակ էջերը ամփոփուած են «Ծուէն Ծուէն Երիզներ» 1981, «Մայրիներու Արմատները» 1986, «Ակնթարթներ Մարդու եւ Կեանքի Առօրեայէն» 2012 հատորներուն մէջ։

2007-ին եւ 2009-ին յաջորդաբար լոյս տեսած են Պէպօ Սիմոնեանի գրականագիտական հատորները՝ «Էջեր եւ նիւթեր գրականութեան» Ա. եւ Բ. հատորներ։

– 1995-ին պարգեւատրուած է Ռուբէն Սեւակի անուան «Վերածնունդ» մրցանակով առ ի գնահատանք Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճէն ներս հիմնած Ռուբէն Սեւակի անուան մատենադարանին եւ Ռուբէն Սեւակի գրականութեան նուիրուած իր աշխատասիրութիւններուն։

– 2002-ին Հայաստան-Սփիւռք գրողներու համագումարին առիթով պարգեւատրուած է Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ։ 2005-ին արժանացած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին։ 2008-ին պարգեւատրուած է Հայաստանի գրողներու միութեան մետալով իր գրական հարուստ ժառանգութեան համար։ 2009-ին, իր կրթական 44 տարիներու ծառայութեան իբրեւ գնահատանք, արժանացած է Լիբանանի Կրթական նախարարութեան գնահատագրին եւ Լիբանանի նախագահ Միշէլ Սըլէյմանի շքանշանին։

– 2012-ին Թէքէեան Մշակութային Միութեան «Հայկաշէն Ուզունեան» մրցանակին արժանացած է իր «Ակնթարթներ Մարդու եւ Կեանքի Առօրեայէն» հատորին համար։ – – 2013-ին պարգեւատրուած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ, «Մովսէս Խորենացի» մետալով։ 1992-էն ի վեր անդամ էր Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Գէորգ Մելիտինեցի» Գրական մրցանակին, որուն ատենապետութիւնը վարեց մինչեւ իր կեանքին վերջը։

– Անդամ է Հայրենիք-Սփիւռք գրողներու համահայկական միութեան։

Հիմնադիր անդամ է Լիբանանահայ գրողներու համախմբումին եւ անոր եռանդամ քարտուղարութեան։

– 2015 Յունիսին, յետմահու, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ պարգեւատրուած է Քսան կախաղաններու նահատակութեան 100-ամեակին առիթով «Փարամազի» ոսկէ մետալով առ ի գնահատանք իր հասարակական, ազգային, մշակութային, կրթական եւ գրական հարուստ եւ բեղուն վաստակին։

Share69Tweet43
Previous Post

ՉՄՈՌՑՈՒՈՂ ԿԵՆԴԱՆԻ ԴԷՄՔԵՐԷՆ ԽՕՍՈՂ ՈՒ ԽՕՍԵՑՆՈՂ, ՅԻՇՈՒՈՂ ՈՒ ՅԻՇԵՑՆՈՂ՝ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ՊԷՊՕՆ

Next Post

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՑԱՐԴ ԾԱՆՐԱԳՈՅՆ ԽԱԽՏՈՒՄ

Next Post
ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՑԱՐԴ ԾԱՆՐԱԳՈՅՆ ԽԱԽՏՈՒՄ

ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ՑԱՐԴ ԾԱՆՐԱԳՈՅՆ ԽԱԽՏՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.