Պէպօ Սիմոնեան:
Ազնուական անուն մը:
Բազմանուիրեալ ազգային մը:
Հաւատարիմ գաղափարախօս մը:
Բազմավաստակ մտաւորական մը:
Իրատես գերմարդ մը:
Տաղանդաւոր գրող մը:
Խոհուն հրապարակագիր մը:
Բիւրեղեայ հայրենասէր մը:
Հմայիչ կրթական մշակ մը:
Գերպարկեշտ գործընկեր-բարեկամ մը:
Տակաւին կարելի է բազմաթիւ այլ շնորհներով, յատկանիշներով, բարեմասնութիւններով ու մեծութիւններով բնորոշել, անուանակոչել, արժեւորել, նկարագրել ու վկայակոչել Պէպօն, որովհետեւ ան ոչ միայն արժանի է անոնց, այլեւ՝ իր էութեամբ եւ ինքնութեամբ, բնաւորութեամբ եւ եզականութեամբ, իրօք, կը հանդիսանայ իւրայատկութեան եւ անզուգականութեան բացառիկ երեւոյթ մը, օրինակելիութեան յարգելի տիպար մը ու բազմակողմանիութեան առանցնաշնորհեալ մը:
Անշուշտ, երբ կը խօսուի, կը յիշուի կամ կ’անդրադարձուի Պէպոյին եւ Պէպոյականութեան մասին, անխառն զգացումներ, բուխ յիշատակներ, անգին պահեր ու հարուստ յուշեր կ’ուրուագծուին ու կ’երթեւեկեն մտապատկերիս մէջ, կենդանի, աշխոյժ եւ ըմբոշխնելի մանրամասնութիւններով:
Պէպօն, իբրեւ երէց եղբայր, մտաւորական, գրող, խմբագիր, կրթական մշակ, հայրենասէր-գաղափարատես ու մանաւանդ՝ բոլորանուէր գրչեղբայր, հարազատ բարեկամ եւ անշահախնդիր ընկեր, միշտ ինծի համար եղած է հպարտութիւն առթող եւ առաքինութիւն պարգեւող հարազատութեան առինքնող ընկերակից մը:
Երբ ազգային-միութենական, հրապարագրական ու գրական աշխարհին մէջ հետզհետէ սկսայ անուն ունենալ ու հեղինակութիւն դառնալ, ի շարս այլոց, Պէպօն առաջիններէն էր, որ բարձրաձայն ողջունեց իմ ներկայութիւնս ու մասնակցութիւնս, քաջալերելով ու գնահատելով իմ ներդրումներս:
Կը յիշեմ. քաղաքացիական պատերազմի դաժան օրերուն, երբ Պէպօն եւ տիկինը՝ Ազատուհին, մայրաքաղաքի մէկ կողմէն միւս կողմը կ’անցնէին, երբեք չէին մոռնար Ալեք Մանուկեան կեդրոն այցելել, նախ՝ որպիսութիւնս հարցնելու եւ առհասարակ վիճակը շրջանին, ապա, այդ օրերուն իմ խմբագրած «Խօսնակ»-էն օրինակներ վերցնելու, հոն գտնելով զիրենք հետաքրքրած նիւթեր, յօդուածներ ու տեղեկագրութիւններ:
Աւելի ուշ, երբ ստանձնած էի «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագրութիւնը, Պէպօն եւ Ազատուհին, որքան ուրախ էին, որ կը վայելէին ու կը գնահատէին իմ խմբագրական-հրապարագրական գրութիւններս, վերլուծումներս ու մեկնաբանութիւններս եւ ընդհանրապէս, «Զարթօնք»ին կենսունակութիւնը, այժմէականութիւնն ու ժողովրդականութիւնը:
Իսկ ատոնք, ինծի համար, պատուաբեր ու խրախուսիչ էին, որովհետեւ Պէպոյին մեծութեամբ ու հեղինակութեամբ բարձրաթռիչ մտաւորականն էր արձագանգողը, արձանագրողը եւ ակնարկողը:
Այսօր, Պէպօն մեկնած է այս աշխարհէն, բայց, ո՞վ ըսաւ, որ ան բացակայ է մեր իրականութենէն, շրջապատէն կամ միջավայրէն:
Ընդհակարակն, Պէպօն հո՛ն է, ուր կան հայ մտքի ու գրչի բաբախուն կանչեր, հայ մամուլի ու մշակոյթի հոգեցունց զանգեր, հայ դպրոցի եւ կրթութեան արեւաշող փայլքեր, հայ ոգիի ու խանդի վարակիչ զգացումներ, հայրենասիրութեան, հայապաշտպանութեան ու պահանջատիրութեան գերագոյն գրաւականներ:
Այսպէս էր, բոլորէն սիրելի, յարգելի եւ յիշատակելի Պէպօն, որուն հանդէպ անհուն հիացմունքը, վերաբերմունքն ու մեծարումն, զինք ճանչցողներուն համար, թէ՛ յատուկ պատիւ էր, թէ՛ արժանի գնահատանք:
Ես պատիւն ունեցած եմ շփուելու, յարաբերելու եւ անմիջականալու Պէպոյին հետ, որովհետեւ անոր հետ ըլլալը, զրուցելը, հաղորդակցուիլը, մերձեցուիլը ոչ միայն հոգեկան ու բարոյական մեծ հաճոյք էին, այլ նաեւ՝ դաստիարակութեան եւ ազգային ըմբռնողութեան ու հայրենասիրութեան բարեբեր դաշտ մը:
Անկասկած, հայ գրական անդաստանը կորսնցուց բեղուն կաղնի մը եւս, ոչ միայն լիբանանահայ գաղութէն, այլեւ՝ սփիւռքահայ ու հայաստանեան, որուն որքան կարիքն ունէին բոլորը, անխտի՛ր:
Կը մնայ, որ Պէպոյին անունը, դերն ու դիրքը, հեղինակութիւնն ու ժառանգութիւնը երբեք չխամրին, այլ՝ դառնան կենդանութեան բարձրանիշ ու բարձրաթռիչ վարկեր:
ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ