Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԽՈՀԵՐ ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

March 27, 2025
in Այլազան, Յօդուածներ
0
ԽՈՀԵՐ ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

 

 

Պէպօ Սիմոնեանի մահուան տասնամեակին ընդառաջ հոգեկան պարտք կը զգանք վերյիշելու այն բոլոր իրադարձութիւնները, որոնք հետք ձգեցին իր վաստակին արժեւորման մէջ։ Ան կը ներկայանար մեր հասարակութեան որպէս բանաստեղծ, արձակագիր, հրապարակագիր, մանկավարժ տնօրէն եւ ուսուցիչ։ Նաեւ հասարակական դէմք, հայր, մեծհայր եւ ամուսին։ Մեծ դատարկութիւն մը ստեղծուեցաւ մեր անմիջական շրջապատին մէջ։ Բացակայ էր իր բեմական խօսքը, որ կը խանդավառէր ներկայ հասարակութիւնը։ «Արարատ» կը զրկուէր իր խոհուն յօդուածներէն։ Նոր հրատարակուած գիրքերը չունէին այլեւս զիրենք գրախօսող բանիմաց գրիչը։ Կեանքէն հրաժեշտ տուող դէմքեր կը զրկուէին զիրենք պատմութեան համար քանդակող գրութիւններէն։

Հակառակ համատարած տխրութեան տեղի ունեցան գօտեպնդող երեւոյթներ։ Այսպէս հրատարակուեցաւ Մեծ Եղեռնի 100-ամեակին նուիրուած անոր բանաստեղծութիւններու հատորը՝ «Գմբէթ Արեգ» խորագրով, 2016 թուականին Շիրակ հրատարակչատունէն։ Անոր շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ 2016-ին, Սահակեան գոլէճի սրահին մէջ։ Գիրքը եւ գրագէտը ներկայացուց գրականագէտ Արմէն Իւրնէշլեան, իսկ Պէպօ Սիմոնեան մարդը, հասարակական դէմքը եւ մանկավարժը ներկայացուց հրապարակագիր Աւետիս Փօշողլեանը։

Երկրորդ հատորը՝ «Գրականութեան ճամբուն վրայ», արձակ էջերու եւ գրականագիտական նիւթերու նուիրուած, արժանացաւ շնորհահանդէսի մը 2016 թուականի Մայիսին, Պէպօ Սիմոնեանի մահուան առաջին տարելիցին առիթով, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Տէր Արամ Ա. կաթողիկոսին։ Օրուան խօսք առնողներն էին գիրքի խմբագիր՝ հայրենի գրականագէտ Երուանդ Խաչատրեանը եւ Օքսֆորտ համալսարանի դասախօս՝ սփիւռքագէտ դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանը։ Վեհափառը իր փակման խօսքին մէջ արժեւորեց Պէպօ Սիմոնեանի վաստակը եւ մատնանշեց անոր հայ կեանքէն բացակայութեան առթած տխրութիւնը։ Գիրքը հրատարակութիւնն էր Շիրակ հրատարակչատան։

Անցնող տասնամեակի վերջին տարիներուն, Պէպօ Սիմոնեանի կեանքին եւ գործին նուիրուած կայքէջի մը ստեղծման առնչութեամբ մեր բաղձանքը իրականացաւ երբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը ընդունեց մեր դիմումը՝ հոգալու ծախսերը նման կայքէջի  մը։ Այս վերաբերմունքը կը բացատրուէր Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժնի տնօրէնութեան ցոյց տուած խոր հետաքրքրութեան արեւմտահայ հեղինակներու եւ արեւմտահայերէնի նկատմամբ։ Պէպօ Սիմոնեանի բոլոր հրատարակութիւնները անխտիր պիտի ընդգրկուին կայքէջին մէջ։ Այդ գիրքերուն մեծ մասը սպառած են եւ առաւելութիւն է որ զանոնք կարելի պիտի ըլլայ գտնել կայքէջին մէջ։ Անկէ անկախ, աշխարհի որ կողմն ալ գտնուող անհատներ, որոնք կ’ուզեն ուսումնասիրել Պէպօ Սիմոնեանի գրականութիւնը, կարելիութիւնը պիտի ունենան երթալ իր կայքէջը եւ գտնել բոլոր նիւթերը։

Պէպօ Սիմոնեանի փափաքներէն մին էր իր նամականիին հրատարակութիւնը։ Դիմեցինք Արամ Ա. Հայրապետին եւ ան ընդառաջեց մեր փափաքին, բարձր գնահատելով Պէպօ Սիմոնեանի ծառայութիւնները Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ լիբանանահայութեան։ Նամականիի խմբագրութիւնը յանձնուեցաւ հմուտ պատմաբան եւ արխիւագէտ Գէորգ Եազըճեանին։ Ան պիտի կատարէ բազմաթիւ ծանօթագրութիւններ եւ խմբագրէ երկու հատորները, որոնց մէջ պիտի ամփոփուին բոլոր ղրկուած եւ ստացուած նամակները։ Ուրախութիւն է հաստատել, որ այս նամականին իր ամբողջութեամբ պիտի զետեղուի կայքէջին մէջ։ Բոլոր կայքէջի հետեւողները, ուր որ ալ գտնուին անոնք, պիտի կարենան ծանօթանալ Պէպօ Սիմոնեանի նամականիին։

Կայքէջին մաս պիտի կազմէ նաեւ Պէպօ Սիմոնեանի անտիպ հատորը, որ կազմուած է իր «Հուսկ բանք»երով՝ խօսուած Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան Գոլէճի տարեվերջի վկայականաց բաշխման հանդէսներու ընթացքին որպէս տնօրէնի խօսք։ Անոնք կը պարզեն գերընտիր արեւմտահայերէնի մը գրաւչութիւնը եւ փիլիսոփայական խոհերու առինքնող առկայութիւնը։

Պէպօ Սիմոնեան կ’ապրի հայ գրականութիւնը զարդարող իր անմահ գործերով, բանաստեղծութիւններով, արձակ էջերով, հեքիաթներով եւ Հայաստանին ու Լիբանանին նուիրուած իր հայրենասիրական երկերով:

 

ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

 

 

Share68Tweet43
Previous Post

ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆ

Next Post

ՉՄՈՌՑՈՒՈՂ ԿԵՆԴԱՆԻ ԴԷՄՔԵՐԷՆ ԽՕՍՈՂ ՈՒ ԽՕՍԵՑՆՈՂ, ՅԻՇՈՒՈՂ ՈՒ ՅԻՇԵՑՆՈՂ՝ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ՊԷՊՕՆ

Next Post
ՉՄՈՌՑՈՒՈՂ ԿԵՆԴԱՆԻ ԴԷՄՔԵՐԷՆ  ԽՕՍՈՂ ՈՒ ԽՕՍԵՑՆՈՂ, ՅԻՇՈՒՈՂ ՈՒ ՅԻՇԵՑՆՈՂ՝ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ՊԷՊՕՆ

ՉՄՈՌՑՈՒՈՂ ԿԵՆԴԱՆԻ ԴԷՄՔԵՐԷՆ ԽՕՍՈՂ ՈՒ ԽՕՍԵՑՆՈՂ, ՅԻՇՈՒՈՂ ՈՒ ՅԻՇԵՑՆՈՂ՝ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ ՊԷՊՕՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.