Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆ

March 27, 2025
in Այլազան
0
ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆ

 

 

Պէպօ Սիմոնեան, ամբողջական հայ մը ըլլալով հանդերձ, եղաւ այն քիչ (դժբախտաբա՜ր քիչ) լիբանանահայ գրողներէն, որոնք արժանին մատուցեցին Լիբանանին ու լիբանանցիութեան:

Առաջին՝ Նախերգանք հատորին մէջ (1968) առկայ է Լիբանանը, սակայն քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն այն կը դառնայ ինքնութեան մաս:

1977-ի Կանաչներու առասպելը-ին մէջ արդէն կը կարդանք տագնապին առաջին արձագանգները: Սակայն այդ նիւթով իր քերթողութեան գագաթնակէտը Ծառին ճիչը հատորն է (1991), որ կը պարփակէ 1979-1985 շրջանին գրուած բանաստեղծութիւններ: Հոս արդէն պատերազմը պահելով հանդերձ իր տեղայնական մթնոլորտը, դուրս կու գայ լիբանանեան պարունակէն ու կը վերածուի մարդը հարուածող համայնական չարիքի: Այստեղ է նաեւ որ իր ամբողջական կերպարով ի յայտ կու գայ Սիմոնեան Մարդը: Նոյն յայտնագործումը կը կատարենք Մուշեղ Իշխանի մասին, վերջինիս Տառապանք հատորին մէջ:

Սիմոնեանի հրապարակագրութեան մէջ ալ զգալի տեղ յատկացուած է պատերազմին՝ մանաւանդ կրթական մշակի ակնոցէն դիտուած: Իսկ Մայրիներու արմատները արձակ հատորը, կարելի է լրացում սեպել պատերազմի նիւթով գրուած անոր չափածոյին, ուր հրաշալի պատկերներով Սիմոնեան կրցած է պատկերել Լիբանանի տառապանքը, առանց իրապատում նկարագրութիւններու:

2006-ին Իսրայէլի սանձազերծած պատերազմը նորոգեց հազիւ սպիացած վէրքեր. 15-ամեայ քաղաքացիական անիմաստ պատերազմէ ետք, կրկին գոյանալու ճամբան բռնած Լիբանանը, ստացաւ զօրաւոր հարուած, յիշեցում՝ սիոնական թշնամիէն, թէ չի՛ք Լիբանանին խաղաղութիւն: Եւ Պէպօ Սիմոնեանի հոգին կրկին բռնկեցաւ, չսպիացած վէրքերը կրկին արիւնեցան եւ այդ արիւնով գրուեցան նոր բանաստեղծութիւններ, որոնք ամփոփուեցան յետմահու լոյս տեսած Գմբէթ Արեգ հատորին մէջ (2015): Հազիւ մէկ տասնեակ քերթուածներ են անոնք, ուր բնականօրէն լաւատես Պէպօ Սիմոնեանին համար յուսատենչութիւնը անհեթեթութիւն է, քանի որ Անէութիւնը կրկին կը յաղթէ Գոյ-ին, երբ օդանաւերէն ինկող ռումբերը չեն խնայեր երազներուն, մանուկներուն, նոյնիսկ աղաւնիներուն, որոնք «կը հաւատային Լիբանանի յաւերժութեան» եւ «կորսուած թախիծներու մշուշին մէջ կորսուած կապոյտը կ’որոնեն», ու երբ չեն գտներ, կ’որոշեն չվերադառնալ, մինչեւ որ «ողջերը չփնտռեն թռչունին երազը եւ չձուլեն զայն իրենց երազին […] հետ»:

Լիբանան ու շրջանը դեռ կ’արիւնին. բանաստեղծին հոգին արդեօ՞ք կը վայլէ արքայութեան խաղաղութիւնը, երբ երկնային բարձունքէն կը տեսնէ իր սիրած Լիբանանին արիւնաքամ ըլլալը քանի՜երորդ անգամ…:

 

ԱՐՄԷՆ ԻՒՐՆԷՇԼԵԱՆ (բգթ)

 

Share66Tweet41
Previous Post

ԹԱՏՐՈՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ. ՆԱՀԱՆՋԻՆ ԴԷՄ՝ ՅՈՅՍԻ ՋԱՀՈՎ, ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԵՒ ԱՆԿԷ ԴՈՒՐՍ

Next Post

ԽՈՀԵՐ ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Next Post
ԽՈՀԵՐ ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ԽՈՀԵՐ ՊԷՊՕ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.