Մարտ 27-ը Թատրոնի համաշխարհային օրն է:
Թատրոնը միշտ եղած է ոչ միայն արուեստի ձեւ, այլեւ՝ մեր հաւաքականութեան հայելին, անոնց հզօր արտացոլումը: Հոգիի առողջարանը, ոգեշնչման ամենաազդեցիկ միջոցը, որմով կարելի է ներգործել մարդուն վրայ, շարունակ ապրեցնելով զայն անոնց մտքերուն ու սրտերուն մէջ:
Աշխարհասփիւռ հայը, համախմբման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման դարաւոր գոյամարտի երթին, եկեղեցիի եւ դպրոցի հետ «կառուցած» է նաեւ թատրոն:
Ինչպէս այլ գաղթօճախներու, Լիբանանի մէջ ալ սահուն չէ եղած թատրոնի անցած ճանապարհը։ Քաղաքական ցնցումները, տնտեսական անկայունութիւնը եւ անապահովութեան հետ կապուած մտահոգութիւնները մշտապէս խոչընդոտած են թատերական արուեստի բնական յառաջընթացը: Այնուամենայնիւ, չնայած նշեալ մարտահրաւէրներուն, շնորհիւ «յամառ խենթեր»ու, լիբանանահայ թատրոնը ցուցաբերած է ուշագրաւ տոկունութիւն ու կենսախինդ յարատեւած՝ միշտ ելքի ուղիներ գտնելով, նոյնիսկ ամենադժուար ժամանակներուն մէջ:
Լիբանանի քաղաքական-ապահովական կեանքը դարձեալ ցնցուեցաւ անցեալ տարի: Անհանգիստ է այսօր ալ: Խախուտ եւ յուսահատեցնող են արձանագրուած խոստումներն ու համաձայնագրերը: Օրապահիկը ապահովելու հասկնալի հեւքին մէջ են բոլորը՝ հանդիսատեսին հետ եւ երբեմն անկից ալ աւելի՝ դերասանը, բեմադրիչը եւ …: Յուսալքումի շարժառիթ էր նաեւ վերջին շրջանին բեմի ծանօթ դէմքերուն մահը կամ գաղթը:
Այսուհանդերձ, մենք վստահ ենք, որ Լիբանանի թատրոնի «յամառ խենթեր»ը կը պահպանեն թատրոնի կրքոտ ներուժը, իրենց ջանքերը վերականգնելով, նոր տաղանդներ բացայայտելով եւ ամենակարեւորը՝ յոյսը չկորսնցնելով։
Տան մէջ նստած, դիւրին է այսօրինակ խօսքեր շռայլելը, աջ ու ահեակ մաղթանքներ արձակելը: Լիբանանահայ թատրոնը «երկու ոտքի վրայ» պահելու, անոր արժանի եռանդ եւ թափ տալու եւ ապագայ սերունդներուն փոխանցուելու համար պէտք ունի մեր բոլորին հաւաքական գործնական աջակցութեան: Գործնական քայլեր մէկ կողմէ արուեստագէտներուն եւ հանդիսատեսին՝ միւս կողմէ եւ ամենակարեւորը՝ աջակիցներու: Առանց նիւթական ներդրումներու, օժանդակութիւններու սփիւռքահայ թատրոն կը զրկուի գոյութիւն ունենալէ:
Այստեղ ուրախութեամբ կ’արձանգրենք վերջերս համացանցէն տեղեկացուած ոգեւորիչ երեւոյթ մը: Բեմադրիչ Յարութ Գնդունիի հեղինակութեամբ եւ Վարուժան Թէնպէլեանի խմբագրութեամբ լոյս պիտի տեսնէ «Լիբանանահայ Թատրոնը 1920-2020» հատորը: Կ’ըսուի, թէ հոն տեղ գտած պիտի ըլլան 100 տարուան մանրամասն տեղեկութիւններ՝ մօտ 35 բեմադրիչներու, հազարաւոր թերթերու, քննադատներու, մտաւորականներու կարծիքներ եւ մէջբերումներ լիբանանահայ մամուլէն՝ թատերական ներկայացումներու, Լիբանան այցելած դերասաններու եւ թատերախումբերու ելոյթներուն եւ անհատական թէ՛ միութենական թատերախումբերու մասին: Մինչ անհամբեր կը սպասենք անոր հրատարակումը, նշենք, որ սա կարեւոր քայլ մըն է թատերական ժառանգութեան պահպանման եւ լիբանանահայ մշակութային ինքնութեան կենսական մասը փրկելու համար: Այս նախաձեռնութեան հեղինակը արժանի է մեր հիացմունքին ու գնահատանքին:
Եզրափակելով, երբ մենք կը նշենք «Թատրոնի Համաշխարհային Օր»ը, ժամանակն է մտածելու եւ վերահաստատելու թատրոնի կարեւոր դերը մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Մենք պարտաւոր ենք շարունակել աջակցիլ եւ սնուցել թատրոնը ընդհանրապէս, եւ ի մասնաւորի՝ դժբախտութիւններ եւ աղէտներ դիմադրող Լիբանանի յոյսի խորհրդանիշներէն մին՝ թատրոնը:
Մարտ 27-ը Թատրոնի համաշխարհային օրն է: Այս առիթով «Արարատ»-ի կողմէ սրտագին շնորհաւորութիւններ կը յղենք ի Հայաստան եւ ի Սփիւռք՝ բեմին վրայ կամ քուլիսներուն ետեւ առնչակից բոլոր-բոլորին՝ թատերագրերուն, բեմադրիչներուն, դերասաններուն, դիմայարդարներուն, լուսաւորողներուն, ձեւաւորման պատասխանատուներուն, հսկիչներուն, բեմանկարիչներուն եւ, ինչու չէ, նաեւ բոլոր մշակութային միութիւններու վարչական պատասխանատուներուն:
Ձեր վարձքը կատար ըլլայ:
ՆԱԶՕ Ճ.