Բազմաոլորտ եղաւ Պէպօ Սիմոնեանի – Պետրոս Գալայճեան – 78 տարիներու կենսապատումը: Արդարեւ, իր յաւիտենական բաժանման պահուն՝ մեծածաւալ ժառանգութիւն կը հրիտակէր իր յետնորդներուն: Պատուաբե՛ր ժառանգութիւն:
Առաջին հերթին՝ բանաստեղծ. հետեւապէս՝ զգայուն եւ փխրուն սիրտի տէր բնականաբար: «Նախերգանք» բանաստեղծական հատորով մուտք կը գործէր հայ գրականութենէն ներս՝ հետզհետէ հոն իր ամուր տեղը գրաւելու համար: Լեզուաոճական դասական ուղղութիւնը որդեգրելով, աստիճանաբար գծեց իր ուրոյն ճանապարհը՝ քնարերգելով համամարդկային, ազգային, հայրենական, լիբանանեան, ընկերային, ներյուզական, խորհրդապաշտական, աւելի ուշ՝ ընտանեկան հարցեր, երբ արդէն դարձած էր մեծ-հայր: Իր սիրտին բաբախումները ու տաւիղին թրթիռները մեծապէս առնչուած էին իրական կեանքին՝ տառապող մարդուն, տարագիր ու ընդվզող հայուն, պայքարող ու մարտնչող հայրենիքին, ծառին ճիչով եւ մայրիներու առասպելով տուայտող Լիբանանին: Իր քերթողական լեզուն եղաւ հարազատ ժառանգորդներէն արեւմտահայ գրականութեան, որ խմորուած եւ ցայտուն նուաճումներ արձանագրած էր արդէն Պոլսոյ մէջ: Բանաստեղծ Պէպօ Սիմոնեան եղաւ գրական այդ ջահը ստանձնողներէն, մշակողներէն, գեղեցկացնողներէն եւ իր հերթին նոր սերունդին փոխանցողներէն: Հայ բանաստեղծական աշխարհին մէջ իր տեղը անուրանալի է եւ կայուն՝ սփիւռքահայ եւ լիբանանահայ մակարդակներու վրայ:
Ընդոծին կոչումով մանկավարժ-դաստիարակ էր ան: Թէ՛ որպէս տնօրէն (Ազգ. Ռուբինեան վարժարան եւ Հ.Կ.Բ.Մ.-ի Սահակեան-Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճ) վարչական պատասխանատուութեամբ եւ թէ՛ որպէս ուսուցիչ դասարաններէն ներս եղաւ այդ ասպարէզին հեղինակաւոր քուրմերէն: Շարան-շարան սերունդներ անցան իր շունչով տոգորուած, իրմով տպաւորուած եւ ազդուած: Դասարանային գիտելիքներն ու ծրագիրները անբաւարար էին իրեն համար, որովհետեւ զարկ կու տար արտադասարանային դաստիարակութեան նաեւ՝ իր սաներուն փոխանցելով մարդկային արժէքներ, անոնց մէջ ցանելով ազգային-մշակութային- հայրենասիրական հունտեր, յորդորելով քաղաքացիական գիտակցութեան ցուցմունքներ: Ոչ միայն գործնականացուց իր կոչումն ու առաքելութիւնը, այլեւ՝ տեսական յօդուածներով ու դասախօսութիւններով մշակեց կրթական հարցեր, արծարծեց սերունդներու կրթութեան վերաբերող այժմէական խնդիրներ: Գործն ու տեսութիւնը ընթացան զուգակշռօրէն իր մօտ եւ հատորի մը մէջ ամփոփեց մարդակերտումի եւ հայակերտումի իր հայեացքներն ու փորձառութիւնը: Բազմահարիւր տղաք ու աղջիկներ տողանցեցին իր հայեացքին դիմաց, իսկ ինք սեւեռուն կերպով տեսաւ ուռճանալն ու ծաղկիլը անոնց: Այսօր, շատեր, երախտագիտութեամբ եւ ակնածանքով կը յիշատակեն իր անունն ու վաստակը, վստահաբար:
Հեղինակաւոր գրականագէտն ու գրաքննադատը եղաւ Պէպօ Սիմոնեան: Հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան որպէս հմուտ գիտակ, մամուլի էջերով վերլուծեց եւ բեմերէն անդրադարձաւ հայ գրականութիւնը յուզող գրեթէ բոլոր հարցերուն՝ հին թէ նոր: Գրեթէ բոլոր դասական հեղինակներուն գործերն ու արժանիքները անցան իր հմտալից ու բեղուն գրիչէն եւ սրատես աչքերուն բովէն: Գրականագիտական իր կարծիքները, անտարակոյս, ունին կշիռ եւ լուրջ բովանդակութիւն: Ըլլան գրագէտներ, նորատիպ գիրքեր, նորայայտ հեղինակներ՝ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, եղան իր մտասեւեռումի կիզակէտին: Մասնակցելով գրական խորհրդաժողովներու, հեւիհեւ հետեւելով գրական զարգացումներու եւ խմորումներու, ունեցաւ իր յստակ եւ վճռական կեցուածքները: Բարեբախտաբար, իր գրական վերլուծականներուն կարեւոր տոկոսը, այժմ, մէկտեղուած են հատորներու մէջ, որոնք, շահեկան եւ անհրաժեշտ աղբիւրներ կրնան նկատուիլ հայ գրականութեան մասնագէտներուն կամ պարզապէս գրականագիտութեան սիրահարներուն համար:
Հրապարակագիր Պէպօ Սիմոնեան յաճախ հանդէս եկաւ մամուլով: Հնչակեան մամուլի էջերով ստէպ-ստէպ կը շօշափէր ազգային, միջազգային, կրթական, ընկերային, գաղութային, հայրենական հրատապ հարցեր: Իր հրապարակագիրի գրիչը եղաւ գաղջ, մեղմ եւ հեռու վիճայարոյց թնճուկներէ: Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին կսկիծով տուայտող իր մելանը թաթխեց օրուան տառապալից պատկերներով եւ դրուագներով: Գունեղ էջեր թողուց թերթերու մէջ՝ «Արարատ» օրաթերթի «Մշակութային Էջ»-երէն անկախ: Մամուլի մէջ լոյսին եկած գրութիւնները – մեծ մասը գիրքերու մէջ հաւաքուած – կը վկայեն թէ ան նաեւ արձակ գրութիւններու, հարցերը ինքնուրոյն դիտելու եւ քննարկելու իր ոճն ունի: Դէմքեր ու սրտառուչ դէպքեր անմահացնելու զգայուն գրիչը արտադրեց տպաւորիչ էջեր հայ հրապարակագրութեան («Ակնթարթներ») համար: Պէտք է ընդգծել յատկա՛պէս «Մարդկային Իրաւանց Հարցեր» հատորը որպէս յատկանշական գիրք մը մեր գրադարաններուն մէջ: Ան նաեւ տարաւ գիրքերու, յուշերու խմբագրական աշխատանքներ:
Նաեւ հանրային-հասարակական-կուսակցական գործիչը եղաւ ան: Գրասեղանային մտաւորականի, տնօրէնի կամ ուսուցիչի պատեաններէն դուրս գալով նետուեցաւ կուսակցական կեանքէ ներս՝ Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան ճամբով: Շեշտակիօրէն, թունդ ու ծայրայեղ մօտեցումներէ հեռու կը մնար: Մեղմաբարոյ իր նկարագիրով միշտ կ’որոնէր հաշտ ու խաղաղ ուղին՝ պնդելով համերաշխութեան եւ երկխօսութեան վրայ: Խուսափող մըն էր կագ ու կռիւներէ՝ ինչ որ բնորոշ է մեր կուսակցական-ազգային կեանքին մէջ: Իր խորհուրդները, խրատները մղուած էին զուսպ ու շրջահայեաց մարդու վարքագիծէն: Կը խրտչէր հակադիր խրամատներու մէջ տեսնելու իր շրջապատը՝ որդեգրելով հաշտարար եզրոյթներ: Բարձրացաւ մինչեւ կուսակցութեան գերագոյն օղակներ, սակայն՝ դրսեւորելով հանդարտաբարոյ ուղեգիծ՝ խորշեցաւ ներքին ու ճղճիմ վէճերէ: Իր ոճը քիչ մը տարբեր էր ու բարեմոյն եւ անյարիր մարտական-յեղափոխական-ձախակողմեան հոսանքի մը պոռթկումներուն, փոթորկալի վերիվայրումներու:
Վերոթուեալ յատկանիշներու կողքին, երեք ընդգծելի ստորոգելիներ կը մնան, լիովին բնութագրելու համար ամբողջական Պէպօ Սիմոնեանը: Անոնք են՝ Խորհրդային Հայաստանի եւ անոր վարչակարգին հանդէպ հաւատարմութիւն, երախտագիտութիւն եւ անվերապահ զօրակցութիւն՝ անոնց մէջ տեսնելով հայրենիքի վերածնունդը, անվտանգութիւնը, ամրացումը եւ մշակութային-գիտական-կրթական աննախադէպ նուաճումները: Երկրորդ՝ հաւատարմութիւն եւ կառչածութիւն լիբանանեան հայրենիքին, հաւատք՝ որ պիտի վերականգնի ու ծաղկի Մայրիներու Երկիրը, պիտի յառնի իր մոխրակոյտերէն: Եւ երրորդ՝ սկզբունքային ընկերվարական՝ որ եղաւ նեցուկը խոնարհ դասակարգին, իրաւազուրկ խաւին, արտայայտեց իր ցասումը ընկերային անարդարութեան հանդէպ. դատափետելով վաշխառուներու անբարոյական ու հակամարդկային շահագործումները՝ եղաւ արդար քրտինքի եւ վաստակի անդուլ զինակիցը:
Այժմ արդէն բարեբախտութիւն է, որ հրապարակ պիտի գայ իր նամականիներու ժողովածուն բարեխիղճ եւ հետեւողական աշխատանքովը ժրաջան բանասէր ու պրպտող պրն. Գէորգ Եազըճեանի: Այսպիսով, պիտի առաւել հարստանայ Պէպօ Սիմոնեանի կատակած ժառանգութիւնը՝ բացայայտելով անոր կեանքին ու նկարագրին, յոյզերուն եւ մտորումներուն միւս երեսը, ինչ որ հետաքրքրական եւ օգտաւէտ պիտի ըլլայ անտարակոյս:
Կը սիրենք յուսալ, որ անոր նորայայտ երեսը բարձրօրէն պիտի գնահատուի ընթերցողներու կողմէ եւ յայտնաբերէ աւելի վառ անհատականութիւնը Պէպօ Սիմոնեան մարդուն՝ որ եկաւ Ալեքսանտրէթի նահանգէն, ուռճացաւ ու գործեց Պէյրութի մէջ եւ ծանրաբեռն վաստակով հեռացաւ մեզմէ՝ արդէն խոնջաբեկ իր ֆիզիքական սպառումով:
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ