Մեծայարգ տնօրէն, անհաւատալի է, որ տասը տարի մեզ կը բաժնէ ձեր մեկնումէն, սակայն մեր մտքերուն մէջ կ՛ապրիք ձեր գրական, մշակութային, կրթական եւ հասարակական բեղուն վաստակով։
Ձեր կեանքի մեծ մասը նուիրեցիք կրթական առաքելութեան։
Մեծ բանաստեղծ էիք եւ ես Ձեզ ճանչցայ որպէս Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեան գոլէճի տնօրէն եւ հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ։
Յաճախ կը յիշեմ յուզումով արտայայտած ձեր մէկ խօսքը․ «Հայուն թշնամին եղած է թուրքն ու թոքախտը», իսկ այսօր ես կ՛աւելցնէի նաեւ՝ թագաժահրը, որ շատերու կեանքերը խլեց, ինչպէս սիրելի Տիգրանին։ Սա մեծ հարուած եղաւ Գալայճեան ընտանիքին։
Դպրոցական տարիներուն շատ կը սիրէի հայերէնի դասերը, մանաւանդ գրականութիւնը։
Ապա եղայ ձեր պաշտօնակցուհին։
Գալայճեան ընտանիքին իբրեւ հարազատ մէկ անդամը միշտ կ՛այցելէի այդ սիրելի օճախը, նոյնիսկ երբ տնօրէնը հիւանդ էր։
Տարի մը, շաբաթ օրերը տղոց հայերէն դասաւանդեցի։ Անոնք խանդավառութեամբ կը սպասէին մեր այդ մէկ ժամուան հաճելի դասապահերը եւ լրջութեամբ կը հետեւէին դասաւանդութեան։ Դասերու աւարտին կը զրուցէինք եւ օգտակար նիւթերու մասին կը խօսէինք։
Այդ լաւ ու քաղցր օրերը մնայուն կերպով արձանագրուած են յիշողութեանս մէջ։
Տարիներ անցան եւ Տիգրանն ու Ռազմիկը ընտանիք կազմեցին։ Տիգրանին երկու զաւակները՝ Արեգն ու Սարիկը, երբ իրենց մեծ հօր տունը կ՛այցելէին, կարծէք մատենադարան կամ գրադարան եկած ըլլային, մանկական գիրքեր եւ հանրագիտարան կ՛ընթերցէին եւ հազարումէկ հարցումներու պատասխաններ կը քաղէին… Այդ տան մէջ իրենց զանազան գծագրութիւններով ցուցահանդէս կը պատրաստէին եւ այցելուները իրենց կարծիքները կ՛արձանագրէին յատուկ տետրակի մէջ։
Թոռնիկները Գալայճեան ընտանիքի գանձերն ու հպարտութիւնն էին։ Անսահման էր Պրն. Պէպոյին ուրախութիւնը, թոռնիկներուն՝ գիրքերու հանդէպ ունեցած սէրէն եւ հետաքրքրութենէն։
Մենք երբ դասընկերուհիներով իրար հանդիպինք, մեր նիւթը կ՛ըլլայ մեր դպրոցական անմոռանալի օրերու մասին։ Միշտ կը յիշենք մեր հայերէնի դասապահերը, գրականութեան դասերը, որոնք մեծ տպաւորութիւն ձգած են մեր վրայ։
Սիրելի տնօրէն, շնորհակալ եմ, որ զիս առաջնորդեցիք եւ խանդավառեցիք, որ բարձրագոյն ուսումս ստանամ Մայր հայրենիքի մէջ եւ ընտրեմ բանասիրականի հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժինը։
Դասախօսներուս մեծ մասը կը ճանչնային Պէպօ Սիմոնեանը ու կ՛արտայայտուէին, թէ սփիւռքահայ արդի հայ գրականութեան կարեւոր դէմքերէն է։ Ես ալ կը հպարտանայի։
Յարգելի Ուսուցիչ, ձեր յիշատակը անթառամ մնայ։
ԶԱՐՄԻՆԷ ԿԱՆԱՉԵԱՆ ԱՍՄԻՆԵԱՆ