Իրանի յեղափոխական պահակագունդը բացայայտեց ստորգետնեայ քաղաք մը, ուր կը տեղաւորուի հեռահար հրթիռները: Ըստ Թեհրանի յայտարարութեան, պահեստանոցին մէջ կան հազարաւոր հեռահար եւ դիպուկ հրթիռներ՝ ներառեալ Քատար, Խայպար, Իմատ, Հաժ Քասէմ եւ Սաժիլ հրթիռները, որոնք կարելի է գործածել՝ հարուածելու թշնամիին հեռաւոր թիրախները: