Եմէնի մէջ իշխող հուսիներու Անսարալլա կազմակերպութիւնը յայտարարեց, թէ ամերիկեան ռազմական օդանաւեր 17 յարձակում գործած են Սաատա նահանգին մէջ գտնուող թիրախներու վրայ: Եմէնի զինուած ուժերը նախապէս յայտարարած էին ամերիկեան օդանաւակիր մը թիրախաւորելու մասին, որպէս հակադարձութիւն երկրին դէմ շարունակուող ամերիկեան յարձակումներուն: Ըստ հուսիներուն, Եմէնը ռմբակոծող ամերիկեան օդանաւերը թռիչք կ’առնեն նշեալ Հէրի Թրումըն օդանաւակիրէն: Եմէնի իշխանութիւնները նշեցին, թէ անօդաչու սարքերով թիրախներ հարուածած են նաեւ Թել Աւիւի շրջանին մէջ: