Կազայի մէջ կը շարունակուին զինադադարի խախտումները: Պաղեստինեան Ժիհատ շարժումի «Երուսաղէմի փաղանգներ» զինեալ թեւը յայտարարեց, թէ ռմբակոծած է Կազայի մերձակայ իսրայէլեան բնակավայրերը՝ առ ի հակադարձութիւն իսրայէլեան շարունակական ոճրագործութիւններուն: Իսրայէլեան բանակը միւս կողմէ յայտարարած է, թէ Կազայի կեդրոնական հատուածէն երկու հրթիռ արձակուած է մերձակայ շրջաններու վրայ, որոնք ինկած են բաց տարածութեան մէջ, առանց վնաս պատճառելու:
Այլ հարցով, Սուրիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ հետաքննութիւն բացած է երկրի հարաւային շրջաններուն մէջ իսրայէլեան ուժերուն գործած ոտնձգութիւններուն առնչութեամբ: