Թուրքիոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցած ձերբակալութիւններուն եւ բռնաճնշումներուն դիմաց, ընդդիմութիւնը երէկ ժողովուրդին կոչ ուղղեց մասնակցելու մեծ ցոյցին, որ տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի օր՝ զօրակցելու Իսթանպուլի ձերբակալուած քաղաքապետ Աքրամ Իմամօղլուին: Ընդդիմութեան յայտարարութիւնը նշեց, թէ մեծ նստացոյցին ընթացքին պիտի պահանջուի վերջ տալ քաղաքական հետապնդումներուն եւ յայտարարել արտակարգ ընտրութիւններ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործերու նախարար Մարքօ Ռուպիօ տեսակցեցաւ իր թուրք պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանի հետ՝ քննարկելու համագործակցութեան վերաբերող թղթածրարները եւ տարածաշրջանային զարգացումները՝ մասնաւորաբար Սուրիոյ հարցը: Ռուպիօ Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարարին շեշտեց համագործակցութեան կարեւորութիւնը՝ կայունացնելու համար Սուրիոյ վիճակը: Ան նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց Թուրքիոյ մէջ իրականացուող ձերբակալութիւններուն եւ ժողովրդային բողոքի շարժումներու ընդարձակումին առնչութեամբ: