Ներքին ապահովութեան ուժերու Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը յայտարարեց, թէ հիւսիսային Պըտտաուի գաղթակայանին մէջ կատարուած խուզարկումներու ընթացքին կարելի եղած է ձերբակալել զէնքի մաքսանենգումով եւ վաճառականութեամբ զբաղող քանի մը անձեր: Ապա, յաւելեալ գործողութիւններու շնորհիւ յայտնաբերուած եւ գրաւուած են անոնց պատկանող զինամթերանոցները: