Առնուազն չորս մարդ զոհուեցաւ եւ քանի մը ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ նախանցեալ օր մեծ հրդեհ մը բռնկեցաւ Հըրմէլի մէջ՝ քարիւղատարի մը պայթումին հետեւանքով: Քաղաքացիական անվտանգութեան ուժերը իսկոյն փութացին միջադէպի վայր եւ ժամեր շարունակ աշխատեցան՝ մարելու համար բոցերը: Դատական պատկան մարմինները բացին հետաքննութիւն՝ բացայայտելու համար արկածին դրդապատճառները: