Կը սպասուի, որ լիբանանցի պաշտօնատարներ՝ ներառեալ պաշտպանութեան նախարարը, յառաջիկային տեսակցին սուրիացի նախարարներու եւ պատասխանատուներու հետ, քննարկելու համար սահմանային իրավիճակը, ապօրինի անցակէտերուն վրայով մաքսանենգումներու ալիքը զսպելու, ապահովութիւն եւ կայունութիւն պարտադրելու միջոցները: Լիբանանեւսուրիական հաղորդակցութիւնները պիտի արծարծեն նաեւ Լիբանան ապաստանած սուրիացիներուն ճակատագիրը, նկատի առնելով որ սուրիացիներուն Լիբանան հոսքը ցարդ 4,5 միլիառ տոլար արժած է Լիբանանի տնտեսութեան: Մարդկային իրաւունքներու սուրիական դիտարանը յայտարարեց, թէ Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ վերջերս տեղի ունեցած զինուորական գործողութիւններուն հետեւանքով, Մարտին Սուրիայէն Լիբանան անցած է աւելի քան 21 հազար քաղաքացի՝ փախուստ տալով նոր բռնկումէն: