Վարչապետ Սալամ երէկ ընդունեց մամլոյ խմբագիրներու պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Ժոզէֆ Քսայֆիին՝ քննարկելու լրատուամիջոցներուն վիճակն ու մարտահրաւէրները: Սալամ տեսակցութեան ընթացքին անդրադարձաւ Իսրայէլի հետ բնականոնացումին վերաբերող թղթածրարին ու վերահաստատեց, որ վերաբնականոնացումը այժմ մերժուած է լիբանանեան բոլոր կողմերէն: Վարչապետը յանձնառութիւն յայտնեց ելեւմտական եւ քաղաքական բարեկարգումներու իրականացումին, աւելցնելով որ դատական ոլորտի անկախութեան մասին մշակուած ծրագիրը շուտով պիտի քննարկուի խորհրդարանին մէջ: