Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓՇՈՏ ՀԱՐՑ ՄԸ՝ ՀԱՅԱՏԱՌ ՀՐԱՒԻՐԱՏՈՄՍԵՐՈՒ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

March 25, 2025
in Այլազան, Յօդուածներ
0

 

 

Իմ սիրելի ընթերցողները թերեւս գայթակղին կամ ընդվզին՝ տեսնելով որ «փշոտ հարց»-ի վերածեր եմ ուղղագրական երեւոյթ մը։

— Է՜հ, այս տեսակ «մանրուք»-ներով կ՛արժէ՞ զբաղիլ, երբ մեր ազգին ու հայրենիքին դիմաց ցցուած են ճակատագրական լեռնակուտակ հարցեր,– պիտի առարկեն ոմանք։

Այո՛, իրաւացի են այդպէս մտածողները։ Սա շրջանին այնքա՜ն շատ են մեր ազգային, հայրենական ու գոյութենական մարտահրաւէրները, որ ուղղագրական ճղճիմ երեւոյթները հեգնական անցողիկ ժպիտ մը կը յարուցեն միայն…։

Եւ սակայն, գո՛նէ սփիւռքեան համայնքային ու մշակութային մեր առօրեային մէջ «աչք ծակող» երեւոյթ է սխալաշատ ուղղագրութեան ու սխալաշատ շարահիւսութեան ընդհանրացումը ո՛չ միայն դիմատետրային էջերու վրայ, այլեւ պաշտօնական հաստատութիւններու պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն, մամուլով հրապարակուած միութենական զեկոյցներուն եւ մինչեւ իսկ քանի մը ընթացիկ բառերով շարադրուած ծանուցում-հրաւիրագրերու մէջ։

Այսօր պիտի առանձնացնեմ միայն վերջին պարագան՝ հրաւիրատոմսերու ուղղագրութիւնը։

Վերջին տասնհինգ-քսան տարիներուն հայոց լեզուն այնքա՜ն նահանջեց Սփիւռքի տարածքին, այնքա՜ն անտեսուեցաւ կամ արհամարհուեցաւ, որ այսօր դէմ-յանդիման ենք ողբերգական կացութիւններու։ Այսօր, մեր միութենական, ազգային, եկեղեցական ու դպրոցական քանի մը տողնոց պարզունակ ծանուցումներուն կամ հրաւիրագրերուն մէջ իսկ ուղղագրական սխալները կը վխտան, ա՛չք կը ծակեն…։ Ամավերջի հանդէսի մը ծանուցումը, թատերական ներկայացումի մը յայտարարութիւնը, վարժարանի մը տեսչութեան կողմէ ծնողաց ուղղեալ բացատրագիր մը, առաջնորդարանի մը կողմէ տասը տողնոց լրատուութիւն մը, մշակութային միութեան մը սարքած մէկ ձեռնարկին ծանուցումը եւ այլն, եւ այլն, բոլորի՛ն մէջ ալ ուղղագրական սխալները անպակաս են…։ «Հօ»-ի ու «յի»-ի սխալներ, «է»-ի ու «եչ»-ի շփոթներ, շարահիւսական սխալ ձեւակերպումներ, չակերտի ու փակագիծի շփոթ, կէտադրական անընդունելի կիրարկումներ եւ այլն։

Ի՞նչ պատահեցաւ մեզի։ Դեռ մինչեւ մօտիկ անցեալ բծախնդրութիւն կար տպագիր խօսքի նկատմամբ։ Միութենական պատասխանատուներ իրենց պատի՛ւը կը նկատէին իրենց հրապարակած հրաւիրագիրը, չէին արտօներ որ այնտեղ վրէպ մը սպրդի։

Հիմա՞։

Հիմա, ո՛չ միայն կատարեալ անփութութիւն կը տիրէ այս մարզին մէջ, այլեւ՝ ամէն ոք ԼՈՒՌ համակերպած ըլլալ կը թուի կացութեան։

Պէտք է խոստովանիլ նաեւ, որ մեր ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը ո՛չ իսկ կ՛անդրադառնայ իր կարդացած ծանուցագրին սխալագրութիւններուն…։ «Կաթսան գլտորեր ու գտեր է իր կափարիչը», կ՛ըսէ իմաստուն առածը։

Վերջերս, մեր թերթերէն մէկուն մէջ երեւցած ծանուցումի մը շարահիւսական խայտառակ պատճէնը նոյնութեամբ արտագրեցի դասարանիս գրատախտակին վրայ ու իմ ուսանողներէն խնդրեցի որ մատնանշեն սխալները։ Ո՛չ մէկ աշակերտ յաջողեցաւ շտկել սխալները։ Ընդհակառակն, այդ փորձը կատարողները… կրկնապատկեցին սխալներուն թիւը։

Քանի մը օր առաջ ալ՝ Վահան Թէքէեանի ձօնուած բանախօսական ձեռնարկի մը (Պէյրութ) հրաւիրատոմսին վրայ կը կարդայի. «Թէքէեանի մահուան 80-րդ յիշատակում»…։ Ի՞նչ հայերէն է այս…։ Տոմսին պատճէնը շարադրողները կ՛անդրադառնա՞ն արդեօք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «մահուան 80-րդ յիշատակում»։ Այս ձախորդ նախադասութիւնը պարզապէս կը նշանակէ, թէ նախապէս 79 անգամ յիշատակուեր է Թէքէեանի մահը ու հիմա ալ պիտի յիշատակուի 80-րդ անգամ ըլլալով…։ Հայերէն գիտցող չէ՞ մնացեր Պէյրութի մէջ։

Երեւոյթը ցոյց կու տայ, որ մեր մայրենի լեզուն զառիթափի մը վրայ է։

Ուրկէ՞ կու գայ այս առատ ու ամօթալի սխալագրութեանց երեւոյթը։

Պատասխանը մէկ է. մայրենի լեզուն լաւ չճանչնալու իրավիճակէն։ Եւ ասիկա համընդհանուր, համատարած երեւոյթ է այլեւս, դժբախտաբար։

Ենթադրենք, որ մեր մշակութային միութիւններէն մին երգահանդէս մը պիտի սարքէ։

Ո՞վ պիտի գրէ ծանուցագրին պատճէնը։ Հաւանաբար՝ միութեան ատենադպիրը, որ սկզբունքով տիրապետած պէտք է ըլլայ իր մայրենիին տարրական օրէնքներուն։ Բայց այդ ծանուցագիրը կը գրուի… սխալներով, ատենապետն ալ «աչք մը կը նետէ» անոր վրայ ու… ձեռագիրը կը յղուի տպարան։ Դեռ յոյսի նշոյլ մը կայ սակայն՝ թէ սխալները կրնան սրբագրուիլ տպարանին կողմէ։ Գոնէ կ՛ակնկալուի, որ տպարանին գրաշա՛րը նշմարէ զանոնք ու սրբագրէ։ Սի՜ն յոյս, սի՜ն ակնկալիք։

Նոյն գնացքով, շարուածքին Ա. փորձ-տպագրութիւնն ալ լուրջ վերանայումի չ՛ենթարկուիր ու այսպէս՝ տոմսերն ու հրաւիրագրերը, 3-4 պատասխանատուներու բովէն անցնելէ ետք՝ լոյսին կու գան սխալներով…։

Ընթերցողներս հարց կրնան տալ, թէ ի՞նչ լուծումներ կան այս «փշոտ» հարցին բարւոք ու արագ դարմանումին համար։

Երեք բան կ՛առաջարկեմ.

— Ազգային, մշակութային, մարզական, երիտասարդական, բարեսիրական, եկեղեցական ու այլ մարզերու վարչական կազմերուն մէջ անպայման ներգրաւել հայերէնի ուղղագրութեան ու քերականութեան գիտակ մէկ-երկու անձեր ու անոնց պատասխանատուութեան յանձնել հրաւիրագրերու խմբագրումը։

— Զանազան թեմերէ ներս գործող ուսումնական խորհուրդներու (կամ նմանօրինակ մարմիններու) կից հաստատել մասնաւոր քարտուղարութիւն մը՝ հմուտ ու ձեռնհաս պաշտօնեայով մը,– օրինակ՝ հանգստեան կոչուած հայերէնաւանդ ուսուցչուհի մը,– ու հրաւիրագրերու, հաղորդագրութեանց կամ դիմատետրային կարճառօտ լուրերու խմբագրումը վստահիլ անո՛ր, համագաղութային համաձայնութեամբ ու գործակցութեամբ։

— Կազմակերպել «Ծանուցումներու պատրաստութեան ու խմբագրման» երկօրեայ դասընթացք մը, միութենական գործիչներու, գործավարներու, կրթական պատասխանատուներու, ատենադպիրներու, գրաշարներու եւ հետաքրքրուողներու մասնակցութեամբ։ Հոն, կենդանի օրինակներ տալով, բացատրել ճիշդ ու անսխալ հրաւիրագրեր կամ լուրեր պատրաստելու կանոնները, մատնանշել ընթացիկ սխալներ, պարզել նիւթին յարակից ամէն մանրամասնութիւն:

Այսքա՞նն ալ իրագործելու կարողութիւն չունինք։

 

Լ. Շ.

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԷՐՏՈՂԱՆ ԿԸ ՀԱՐՈՒԱԾԷ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐՆ ՈՒ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ

Next Post

ՄԵԾ  ՊԱՀՔԸ ԱՌԻԹ  ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ

Next Post
ՄԵԾ  ՊԱՀՔԸ  ԱՌԻԹ  ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ

ՄԵԾ  ՊԱՀՔԸ ԱՌԻԹ  ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.