Բրիտանացի քաղաքագէտ Ճորճ Կալըուէյ հեգնական դառնութեամբ կը յայտարարէ․-
Հաւանաբար Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան միանայ Պաշշար Ասատի, աքսորի առումով․․․։ Սակայն իրականութիւնը աւելի խոր է եւ ցոյց կու տայ, թէ անոր աքսորավայրը աւելի յարմար է որ ըլլայ Թել Աւիւ կամ Տոհա, ուր նստած են անոր դաշնակիցները։ Էրտողան իսլամ ղեկավար մը չէ երբեք, ինչպէս ինք կ՛ըսէ, այլ անոր անցեալի յարաբերութիւնները Իսրայէլի հետ սերտ են ու զայն կը բնորոշեն իբրեւ միակ իսլամ ղեկավարը, որ ստացած է «հրէական քաջութեան» մետալը սիոնական շահախումբէն (լոպիէն)։ Ան միակ իսլամ ղեկավարն է, որ հինգ անգամ Իսրայէլ այցելած է ու յարգանքով խոնարհած է սիոնիզմի հիմնադիր Հերձելի գերազմանին առջեւ։ Էրտողան 60 համաձայնագրեր ստորագրած է Իսրայէլի հետ, երկու երկիրներու միջեւ առեւտրական գործառնութեան տարողութիւնը բարձրացնելու համար տարեկան մինչեւ 9 միլիառ տոլարի։ Իսրայէլացիները Թրքական Հանրապետութիւն կը մտնեն առանց վիզայի, իսկ պաղեստինցին թրքական հիւպատոսարաններու եւ դեսպանատուներու դռներուն առջեւ կ՛անարգուի։ Աշխարհի մէջ, իսրայէլեան զէնքեր արտադրող երկրորդ մեծագոյն գործարանը Թրքական Հանրապետութեան մէջ է եւ ոչ մէկ օր փակուած է, հակառակ Կազայի վերաբերեալ Էրտողանի պոռչտուքին։ Էրտողան Իսրայէլին օգնութիւն կ՛ուղարկէ ծովու ճամբով։ Թրքական Հանրապետութեան մէջ գոյութիւն ունին 20 հազար անառականոցներ, որոնց ընդհանուր եկամուտը կը հասնի տարեկան մինչեւ 4 միլիառ տոլարի։
Գալով այս օրերու զարգացումներուն, քանի մը օր առաջ Էրտողան ձերբակալման հրաման ստորագրեց Իսթամպուլի քաղաքապետ Աքրամ Իմամօղլուի դէմ։ Իսկ դատարանը փտածութեան հարց յարուցանեց վերջինիս դէմ։ Այս հարցին մասին կը խօսի քաղաքական վերլուծաբան դոկտ. Ժամալ Ուաքիմ․-
Իսթամպուլի քաղաքապետ Աքրամ Իմամօղլուի ձերբակալութիւնը զուտ քաղաքական բնոյթ ունի, որովհետեւ յաջորդ տարուան նախագահական ընտրութիւններուն ան գլխաւոր մրցակիցը պիտի ըլլայ Էրտողանի։ Վերջինս քառորդ դարէ ի վեր ժողովրդավարութեան սկզբունքներու դէմ է եւ նաեւ հանրապետական օրէնքներու եւ կանոններու։ Ան արմատական կրօնական գիծի մը կը հետեւի եւ անոր ընտրութիւնները կամայական են։ Վերջերս ան կը նեցակցէր ու կը քաջալերէր, բացի Իմամօղլուէ, բոլոր այն նախագահական հաւանական թեկնածուներուն, որոնց յաջողութիւնը անյոյս է։ Էրտողանի այս նեցուկը անոնց ժամանակաւոր է մինչեւ իր կամ իր որդւոյն Նեճմուտտինին նախագահական աթոռ գրաւելը։ Էրտողան կը տենչայ որ իր որդին Նեճմուտտին նախագահական աթոռը ժառանգէ իրմէ․․․
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ