Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԵԾ  ՊԱՀՔԸ ԱՌԻԹ  ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ

March 25, 2025
in Յօդուածներ
0
ՄԵԾ  ՊԱՀՔԸ  ԱՌԻԹ  ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ

 

«Սփիւռքի հայկական եկեղեցիներն ու դպրոցները կը

                                                                ծառայեն  հայապահպանման, սփիւռքի գոյատեւման եւ

                                                       ամրապնդման։ Եթէ հայկական դպրոցները հայ պատանիները  հայեցի  շունչով  կը դաստիարակեն, ապա

                                                                հայ եկեղեցին  խաղցած է  իր  նշանաւոր  դերը․ եղած է  

                                                                պատուանդանը դարեր շարունակ»։  

Մեծ Պահոց շրջանին հաւատացեալ անհատին անգամ մը եւս առիթ կ՛ընծայուի ինքնագիտակցութեան գալու, սրբագրելու իր վարքն ու բարքը եւ հոգեպէս փոխուելու եւ նորոգուելու։

Բնութիւնն ու կեանքը կու գան վկայելու, թէ այն ինչ որ փոփոխութեան չ’ենթարկուիր՝ մահուան դատապարտուած կ՛ըլլայ։

Քրիստոս նախքան իր առաքելութեան անցնիլը քառասուն օր անապատ քաշուեցաւ, ծոմ պահեց եւ երեք տարբեր ձեւերով փորձուեցաւ սատանայէն։

Փորձութիւնները յաղթահարելով, ան սորվեցուց մեզի, թէ պահեցողութեան նպատակը պէտք է ըլլայ մտայնութեան, մտածողութեան փոփոխութիւն, կամքի պրկում եւ պայքար ամէն տեսակի սայթաքումներու դէմ։

«Պէտք է պայքարիլ մեղքին դէմ, օգնել աղքատներուն եւ տկարներուն։ Ողորմութիւնը անհրաժեշտութիւն է»։   

       Ներսէս Շնորհալի կ՛ըսէ․ «Ողորմութիւնը կամաւոր տրտմութիւն է, զոր մարդ կը զգայ ուրիշի նեղութենէն»։ 

«Նորոգուելու եւ փրկուելու համար մեր կամքը բարի նպատակներու ծառայեցնենք։ Դուրս գանք մեր եսասիրութենէն եւ մեր անձը դնենք Աստուծոյ եւ իր նմանին տրամադրութեան տակ»։

«Գործենք խոնարհաբար, առանց ակնկալութիւններու։ Այն ատեն է որ կը բարձրանանք։

Քրիստոս աշխատեցաւ մեղաւոր մարդկութեան օգտին եւ բարձրացման համար։ Ուստի Իրեն կը դիմենք մեր դժբախտութիւններու, ցաւերու եւ տառապանքներու ժամանակ, որովհետեւ Ան որպէս բալասան միշտ ներկայ է»։

 

Միջինք

Միջինքը Մեծ Պահքի 24-րդ օրն է։ Այդ օրը կ’անդրադառնանք, որ մինչ Յիսուսի հրաշափառ Յարութիւնը՝ Սուրբ Զատիկը, մնացեր է քսանչորս օր, եւ որ տակաւին ինքնաքննութեան, զղջումի ու ապաշխարութեան օրեր են: Մինչ Յարութեան տօնի ուրախութիւնը, պահեցողութեան օրերը հնարաւորութիւն կու տան իւրաքանչիւրին անդրադառնալու սեփական կեանքին, ներելու, խնդիրները հարթելու եւ բարեգործութիւն  ընելու։  Ուստի  այս օրը պահքի շրջանին կէսը նուաճած ըլլալուն աւետումն է։

Միջինքը եկեղեցական տօնացոյցին մէջ իբրեւ տօն չէ նշուած, սակայն հայկական աւանդական կենցաղին մէջ շատ տարածուած է։

Միջինքի ժողովրդական սովորութիւնները

 

Միջինքի օրը, ըստ ժողովրդական աւանդութեան, հայ տանտիկինները կը թխէին բաղարջ, նաեւ բաղարջէն պահոց գաթա կը պատրաստէին, որուն մէջ մետաղադրամ, ուլունք, փոքրիկ թղթիկներու վրայ գրուած սաղմոսներ կամ փայտեայ խաչ կը դնէին եւ կը բաժնէին տան բոլոր անդամներուն. Որուն որ  բաժին կը հասնէր տեղադրուած իրը`անոր յաջողութիւն կը սպասուէր  ամբողջ  տարուայ  ընթացքին, իսկ եթէ դանակը կը  հատէր մետաղադրամը, կը նշանակէր  յաջողութիւնն ամբողջ ընտանիքինն է:

Հայաստանի որոշ շրջաններուն մէջ Միջինքի նախորդ օրը եկեղեցիներու մէջ թասի մէջ կը լեցնէին ջուր եւ ձէթ եւ մինչեւ առաւօտ կը վառուէր` խաչաձեւ պատրոյգ:  Այդ կը  կոչուի` «լիճք»:  Առաւօտեան այն հաւասարաչափ կը բաժնուի  բոլոր ներկաներուն, որոնք  ալ այդ  ջուրը  խմորի հետ խառնելով, կը  պատրաստեն Միջինքի  բաղարջը:

Միջինքի կարկանդակը  յայտնի է նաեւ միջունք,  միջնաբաղջ, կլոճ,  միջնակ լոճ, միջնապլիթ,  մաջինք,  կուտապ եւ այլ անուններով:

Միջինքին  որոշ  շրջաններու մէջ կը թխէին  կուտապ: Միջինքին բաղարջ  չէին պատրաստեր սգաւոր ընտանիքները։ Բարեկամ կանայք կը պատրաստէին եւ Միջինքի երեկոյեան կը մատուցէին սգաւոր ազգականներուն:

Մուսալեռցիներու մօտ այն յայտնի էր Աղցուց կիս (Մեծ պահքի՝ աղ ու հացի կէս) անունով:  Միջինքն այստեղ նշանաւոր էր իր նուիրական ուտեստով՝ աղցուց կլուրով (աղու հացի քիւֆթայով):

   Մեր օրերուն եկեղեցիներու տիկնանց  յանձնախումբերը ամէն տարի հաւաքոյթներ կը կազմակերպեն եւ հաւատացեալ տիկիններուն պահքի ճաշեր կը հիւրասիրեն։

Միջինքի հաւաքոյթները պէտք է գեղեցիկ ու օգտակար առիթ մը նկատել եւ արժեւորել բծախնդիր, զուսպ եւ օրուան առիթին յատուկ յայտագրերով։

Մենք պէտք է  տէր կանգնինք մեր արժէքներուն  եւ պահենք մեր աւանդութիւնները։

 

 

ԶԱՐՄԻՆԷ ԿԱՆԱՉԵԱՆ ԱՍՄԻՆԵԱՆ

Share63Tweet39
Previous Post

ՓՇՈՏ ՀԱՐՑ ՄԸ՝ ՀԱՅԱՏԱՌ ՀՐԱՒԻՐԱՏՈՄՍԵՐՈՒ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ ՎԵՐԺԻՆ ՉԵՐՉԵԱՆԻ ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Next Post
ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ  ՎԵՐԺԻՆ ՉԵՐՉԵԱՆԻ ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ ՎԵՐԺԻՆ ՉԵՐՉԵԱՆԻ ԱՆԺԱՄԱՆԱԿ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.