Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ԽՈՀԵՄՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՎ» ԳՐՔՈՅԿԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

March 25, 2025
in Այլազան
0
«ԽՈՀԵՄՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՎ» ԳՐՔՈՅԿԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

 

Լիբանանահայուն գրադարանը նոր գրքոյկով մը հարստացաւ Կիրակի օր: Հեղինակը Ռըմէյլի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ երիտասարդ հոգեւոր հովիւ Տէր Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեանն է:

31 հոգեւոր «սնունդներով»՝ հետաքրքրաշարժ կարճ պատմուածքներով յագեցած սոյն հատորով հոգեւորական հեղինակը խիզախաբար կը փորձէ մուտք գործել սփիւռքահայ գրականութեան մէջ: Ան իր աշխատանքը կը ձօնէ զինք բազմիցս խրախուսած ու եկեղեցւոյ մէջ երկարամեայ ծառայութիւն ունեցած օրդ. Լուսին Թապագեանի յիշատակին՝ անոր մահուան երկրորդ տարելիցին առիթով, հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան վաստակաշատ ողբացեալ ուսուցչուհիին փափաքին ընդառաջելով:

Գրքոյկին կազմաւորման, խմբագրական եւ հրատարակչական աշխատանքները բծախնդրօրէն կատարած է «Ծաղիկ» գրական հանդէսի խմբագիր տիար Յակոբ Տիւնեայեանը: Էջադրումը եւ կողքի գեղարուեստական յղացքը կը պատկանի տիար Գօգօ Հաւանճեանին:

Հատորի շնորհահանդէսը կատարուեցաւ Կիրակի կէսօրին, Ռըմէյլի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ, եկեղեցւոյ Տիկնանց յաձնախումբին եւ Թաղական խորհուրդին կողմէ պատշաճօրէն կազմակերպուած ճաշկերոյթի մը ընթացքին, գերապատիւ Տ. Շնորհք ծ. վրդ. Աշըգեանի եւ գերշ. Տ. Յովակիմ վրդ. Բանճարճեանի, հատորի խմբագիրին, Օրդ. Թապագեանին ծանօթ ազգայիններու եւ եկեղեցւոյ բարեկամներու ներկայութեամբ:

Արժանապատիւ Տէր հօր անդրանիկ հատորին լոյս ընծայման առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին մասին պիտի պատմենք հետագային, մեր մշակութային էջին մէջ:

Share62Tweet39
Previous Post

«ԱՐԱՐԱՏ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՌԱՋԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

Next Post

ԷՐՏՈՂԱՆ ԿԸ ՀԱՐՈՒԱԾԷ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐՆ ՈՒ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ

Next Post
ԷՐՏՈՂԱՆ ԿԸ ՀԱՐՈՒԱԾԷ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐՆ ՈՒ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ

ԷՐՏՈՂԱՆ ԿԸ ՀԱՐՈՒԱԾԷ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐՆ ՈՒ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.