Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ԱՐԱՐԱՏ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՌԱՋԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

March 26, 2025
in Գաղութային
0
«ԱՐԱՐԱՏ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՌԱՋԻՆ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

 

Համագործակցութեամբ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Տխրունի Ուս. Երիտ. Միութեան վարչութեան, Երկուշաբթի 17 Մարտի երեկոյեան, «Արարատ» օրաթերթի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ «Վիճաբանական երեկոյ»ի ձեռնարկ՝ «Տան մէջ անասուն պահելը ճի՞շդ է, թէ՞ ոչ» թեմայով:

Մարդաշատ էր «Արարատ»-ի սրահը: Պատանի տխրունիականներուն ունկընդրելու ժամանած էին Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկեր Վանիկ Տագէսեանը, Մամլոյ դիւանապետ՝ ընկեր Գէորգ Տաղլեանը ու անդամներէն շատեր, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղային վարչութիւններէն ներկայացուցիչ ընկեր-ընկերուհիներ, ծնողներ, բարեկամներ:

«Արարատ»-ի տնօրէն ընկեր Նազօ Ճէրէճեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ ընկերութեանց մէջ սխալ ձեւով ընթացող վիճաբանական երեւոյթներուն բացասական ազդեցութեան՝ ընտանեկան, ընկերային, միութենական եւ այլ գործընթացներուն վրայ: Բացատրելով այսօրուան վիճաբանական ասուլիսին նպատակը, ընկերը շեշտեց, որ «Արարատ»-ի Օժանդակ յանձնախումբին նպատակը սոսկ միջոցառում մը կատարելն ու անցնիլը չէ, այլ՝ մեր պատանիներուն, ապագայ սերունդի ներկայացուցիչներուն քով վիճաբանելու օրէնքներն ու զրուցակիցը համոզելու վարպետութիւնը սորվեցնելն է:

Ան յայտնեց նաեւ, որ երեկոյի կազմակերպողները այն ընկեր-ընկերուհիներն են, գլխաւորութեամբ ընկերուհիներ Քրիսթին Շահինեանի եւ Զարիկ Քիւրքճանի, որոնք ատենէ մը ի վեր կամաւոր ձեւով կը հերթապահեն խմբագրատան մէջ, կատարելով խմբագրատան գրադարանային, կահաւորման եւ այլ աշխատանքներ: Անոնց նախաձեռնութեամբ ծնունդ առած սոյն վիճաբանական ասուլիսները պիտի շարունակուին յառաջիկային, առաւել լուրջ թեմաներով: Ընկեր Ճէրէճեան բացատրեց նաեւ, որ այսօրուան՝ «Տան մէջ անասուն պահելը ճի՞շդ է, թէ՞ ոչ» նիւթը առաջինն ըլլալով, ընտրուած է որպէս դիւրատար նիւթ:

Վիճաբանական երեկոն վարելու համար հրաւիրուեցաւ ընկերուհի Քրիսթին Շահինեանը: Պէտք է խոստովանիլ, որ ան իր պարտականութիւնը յաջողութեամբ կատարեց, մէկ ժամի չափ լարուած ու հետաքրքրաշարժ մթնոլորտ մը ստեղծելով:

Վիճաբանող թեր ու դէմ կողմերը կը բաղկանային երեքական տխրունիական պատանիներէ: Թեր կողմը բաղկացած էր հետեւեալներէ՝ Փաթիլ Փափազեան, Սեւակ Գլընճեան եւ Թամար Քէշիշօղլեան: Դէմ կողմը՝ Կալիա Նորշահեան, Սերժ Ագրապեան եւ Նայիրի Թաքաշեան: Իսկ ընկերներ՝ Գէորգ Տաղլեան եւ Փօլ Ղազարեան որպէս դատական կազմի անդամներ հրաւիրուեցան՝ գնահատելու կողմերուն կատարումները:

Ներկաները հետաքրքրութեամբ լսեցին մեղադրող ու պաշտպանող կողմերուն ելոյթները, որոնք կը բնորոշուէին երբեմն ծանօթ փաստարկումներով, մերթ՝ բոլորին կողմէ անյայտ, սակայն տրամաբանական ապացոյցներով, երբեմն ալ՝ ծիծաղաշարժ բեմականացումով:

Աւարտին, դատական կազմը ներկայացուց օրուան վիճաբանական ասուլիսին մասին իր տպաւորութիւնները եւ արդիւնքները՝ 270-ի դէմ 275 միաւորի առաւելութեամբ կշիռը թեր խմբակին կողմն էր:

Ներկաները կը յամենային «Արարատ»-ի խմբագրատունէն հեռանալ, խորհրդածելով եւ իրենց կարծիքներն ու տպաւորութիւնը յայտնելով, մինչ տխրունիականներ կը կատարէին պատշաճ հիւրասիրութիւն:

 

ԹՂԹԱԿԻՑ

Share71Tweet45
Previous Post

  ՀԱՄԱՍԷՆ ՂԵԿԱՎԱՐԻ ԱՀԱԲԵԿՈՒՄ

Next Post

«ԽՈՀԵՄՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՎ» ԳՐՔՈՅԿԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

Next Post
«ԽՈՀԵՄՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՎ» ԳՐՔՈՅԿԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

«ԽՈՀԵՄՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՎ» ԳՐՔՈՅԿԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.