Համաս շարժումը յայտարարեց, թէ իր քաղաքական գրասենեակի անդամներէն Իսմայէլ Պարհում ահաբեկուած է Կազայի Նասէր հիւանդանոցի ռմբակոծումին հետեւանքով: Ըստ Համասի յայտարարութեան, Պարհում բուժում կը ստանար հիւանդանոցին մէջ, երբ համալիրը ենթարկուեցաւ իսրայէլեան հրթիռային հարուածի, սպաննելով հինգ մարդ: «Պարհում իսլամական աշխաատանքի պարագլուխ մըն էր ու կը համարուէր Կազայի մէջ շարժումի սիւներէն մէկը», նշուեցաւ Համասի յայտարարութեան մէջ:
Քաղաքական առումով, Կազայի հարցին հետեւող Արաբական-մահմետական պետութիւններու նախարարական յանձնաժողովը դատապարտեց պաղեստինցիները տեղահանելու եւ Կազայէն վտարելու ծրագրերը, Իսրայէլէն պահանջելով անյապաղ գործադրել զինադադարի համաձայնութիւնը:
Դարձեալ Կազայի մէջ, Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ շուրջ 15 ամիս առաջ սկսած իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով մահացած պաղեստինցիներուն թիւը հատած է 50 հազարի սահմանը, աւելի քան 113 հազար վիրաւորներու կողքին: