Արաբական մատենագրութեան տիտաններէն մին եւ 19-րդ դարու երկրորդ կէսի արաբական գրականութեան ու բանաստեղծութեան եւ այդպիսով արաբական ազգային զարթօնքի ռահվիրաներէն եղած է հայազգի Էտիպ Իսհագ, որ ծնած է Դամասկոս, 1856-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Լազարեաններու վարժարանը, միշտ խլելով դասարանին առաջնութիւնը: Պայմաններու բերմամբ 11 տարեկանին ձգած է դպրոցը եւ Դամասկոսի մաքսատան մէջ աշխատած ու անձուկ պայմաններու մէջ եղող ծնողքին յատկացուցած իր թոշակը: Երիտասարդ տարիքին թոքախտէ վարակուելով 29 տարեկանին մահացած է Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մերձակայ (այժմ արուարձան) Հատաթ գիւղին մէջ ու թաղուած Պէյրութի Ֆըրն էլ Շըպպէքի Հայ Կաթողիկէ գերեզմանատան իրենց ընտանեկան շիրիմը, 1885-ին: Ան այդ ժամանակին եւ անկէ ետք իրեն ազգակից երիտասարդ տարիքին թոքախտի զոհ գացած` հայ գրականութեան երեւելի գրագէտներ ու բանաստեղծներ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի, Պետրոս Դուրեանի եւ այլոց նմանն է արաբական իրականութեան մէջ:
Էտիպ Իսհագի մեծ հայրը՝ Իսահակ Զուլմաթեան, Կարինէն գաղթած եւ հաստատուած է Դամասկոս, աւելի ուշ իրենց ընտանիքը Լիբանանի Պէյրութի մօտիկ Հատաթ գիւղը փոխադրուած են: Էտիպ Իսհագ արաբական ազգային-մշակութային գործունէութեան ընթացքին բազմիցս Եգիպտոս երթալով գրական, գեղարուեստական, խմբագրական եւ թատերական գործունէութիւն ունեցած է Գահիրէի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ նոյն նպատակով ալ գտնուած է Փարիզ:
Էտիպ Իսհագի բանաստեղծական քնարերգութիւնը նման է Պետրոս Դուրեանի քնարերգութեան, իսկ անոր միտքերու առեղծուածային խորհրդաւորութիւնը` Եղիա Տեմիրճիպաշեանի: Ան ունեցած է մագնիսացնող հրապարակախօսական կարողութիւն, որ հազուագիւտ է գրողներու մէջ եւ նման է Արփիար Արփիարեանի հրապարակախօսութեան:
Էտիպ Իսհագ սկսած է ոտանաւորներ գրել 10 տարեկանին: Երկու տարի ետք ան արդէն գրական արժէք ներկայացնող բանաստեղծութիւններ հրատարակած է զանազան արաբական պարբերաթերթերու մէջ, ինչպէս “Ալ Ժինան” ամսաթերթը: Ան պատանութեան ստեղծած է սիրային քերթուածներու հաւաքածոյ մը, որ աւելի քան 1000 տուներէ կը բաղկանար:
Էտիպ Իսհագ 15 տարեկան եղած է երբ ընտանիքը Պէյրութ փոխադրուած է: Հայրը Պէյրութի նամակատունը պաշտօնեայ եղած է եւ ինք իբրեւ անոր օգնական աշխատած: Պէյրութի մէջ Իսհագ առիթ կ’ունենայ ծանօթանալու մտաւորականներու եւ բանաստեղծներու եւ լաւ յարաբերութիւններ կը մշակէ անոնց հետ, մանաւանդ Մուսթաֆա Ռամատանի, Շէյխ Ֆատել Քասարի եւ Պուլոս Զէյնի: Անոնց օգնութեամբ աւելի կ’ըդլայնէ իր մտահորիզոնը եւ երկու տարի ետք ամբողջովին կը նուիրուի գրականութեան, արուեստի ու թատրոնի: Նամակատան իր պաշտօնէն հրաժարելէ ետք, Պէյրութ լոյս տեսնող «Թաքատտում» թերթի խմբագրապետ կը նշանակուի:
Էտիպ Իսհագ «Քոնթամբորէն» խորագրով ֆրանսերէն համայնագիտական բառարանը արաբերէնի կը թարգմանէ, իսկ արաբերէնով կը հեղինակէ «Ֆուքահաթ Ուշաք Ուէ Նուզհաթ Ալ Անտաք» (Համեմ սիրոյ եւ պտոյտ պարտէզներու մէջ) խորագրեալ գիրքը 1874-ին: Ֆրանսերէնէ նաեւ կը թարգմանէ «Ունակութիւններ եւ վարուելակերպեր» (Aptitudes Et Conduites) հատորը: Ան «Զահրաթ էլ Էտէպ» (Գրականութեան ծաղիկը) միութեան անդամ կ’ընտրուի, որ բացառաբար միայն արաբական գրականութեան հեղինակաւոր անձնաւորութիւններէ կազմուած էր:
Էտիպ Իսհագ 19 տարեկանին գրականագէտներ Սելիմ Խուրիի եւ Սելիմ Շեհատէի կազմած «Թարիխ էլ ատհար» (Դարերու պատմութիւնը) գիրքին աշխատակցելով, շնորհիւ իր բացառիկ կարողութիւններուն մեծապէս օգտակար կը հանդիսանայ անոր ամբողջացման: Ապա Շեհատէի հրաւէրով Աղեքսանդրիա կը մեկնի ու մասնակից կը դառնայ Ռասինի արաբերէնի թարգմանուած «Անտրոմախ» գործին բեմադրութեան: Գիշերը ցերեկին խառնելով դերասաններուն մանրակրկիտ բացատրութիւններ կու տայ իւրաքանչիւրին դերին մանրամասնութիւններուն մասին, անոնց սորվեցնելով նախադասութիւններու ճիշդ իմաստը եւ արտաբերումը: Այդ բեմադրութիւնը 2000 եգիպտական ոսկի շահ կ’ապահովէ, որ կը տրամադրուի Պէյրութի Աղջկանց որբանոցին:
(Շարունակելի)
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ