Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՎԱՐԵԼ ՁԳՁԳՈՒՄԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

March 22, 2025
in Յօդուածներ
0
ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ՎԱՐԵԼ ՁԳՁԳՈՒՄԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Պաքուն եւ ապա Երեւանը յայտարարեցին, որ համաձայնութեան եկած են խաղաղութեան պայմանագրի վերջին երկու՝ առկախ մնացած կէտերուն շուրջ, որոնք կը վերաբերին սահմանի երկայնքով երրորդ երկիրներու ուժեր չտեղակայելու հարցին եւ միջազգային ատեաններէն փոխադարձաբար հայցերը ետ կանչելուն եւ իրար նկատմամբ այլ դատական գործողութիւններ չիրականացնելուն։

Թէեւ Հայաստան պատրաստակամութիւն յայտնեց պայմանագրի ստորագրման շուրջ անմիջապէս բանակցութիւններ սկսելու, անդին Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամով դարձեալ հրապարակ նետեց Հայաստանի սահմանադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու պահանջը՝ առարկելով թէ հոն կան տարածքային պահանջներ Ատրպէյճանի նկատմամբ։ Խօսքը կը վերաբերի Սահմանադրութեան նախաբանին, ուր յղում կայ Անկախութեան Հռչակագրին եւ Արցախի Հայաստանի հետ միաւորման։ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միզոյեան Պայրամովի պահանջը նկատեց ոչ-կառուցողական, որ կը հարուածէ բանակցային գործընթացին։

Սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցը համաձայնուած փաստաթուղթին մէջ չկայ, սակայն Պաքուն կը շարունակէ խօսիլ այդ մասին, Երեւանէն յաւելեալ զիջումներ ձեռք ձգելու ակնկալիքով։ Հայաստանի պաշտօնական տեսակէտը այն է, թէ կը ճանչնայ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը, իսկ սահմանադրութեան փոփոխութիւնը իր ներքին հարցն է եւ պէտք չէ կապել խաղաղութեան գործընթացքին հետ։ Երեւանի կարծիքով Ատրպէյճանի սահմանադրութեան մէջ եւս կան դրոյթներ, որոնք կը պարունակեն հողային պահանջներ Հայաստանի նկատմամբ։

Առայժմ յստակ չէ, թէ Պաքու տակաւին որքան երկար կառչած պիտի մնայ սահմանադրութեան փոփոխութեան հարցին, լաւ գիտնալով որ նման փոփոխութիւններ կը կարօտին երկար ժամանակի։ Հաւանաբար, Ալիեւի ուզածն ալ այդ է. խաղաղութիւնը ձգձգել, որպէսզի շարունակուի Հայաստանի հետ լարուածութիւնը։ Այս ծիրին մէջ կ’իյնան նաեւ վերջին օրերուն Ատրպէյճանի կողմէ օգտագործուող նախկին յանկերգները, թէ Հայկական զինուած ուժերը կրակած են իրենց դիրքերուն ուղղութեամբ, կամ թէ Եւրոպական միութեան դիտորդական առաքելութիւնը վերջերս «լրտեսական գործունէութիւն» ծաւալած է իրենց դէմ։

Յստակ է, որ Ալիեւի համար ձեռնտու չէ խաղաղութեան հաստատումը։ Ներկայ վիճակը ան կ’օգտագոծէ իր բռնատիրական իշխանութեան կեանքը երկարաձգելու համար։ Այլապէս, ան հաշիւ պէտք է տայ իր քաղաքացիներուն, թէ ինչո՞ւ Հայաստանի ժողովուրդին կեանքը համեմատաբար աւելի բարեկեցիկ է, քան բնական պաշարներով հարուստ իրենց երկրի բնակչութեան։

Միւս կողմէ, խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ համաձայնութիւնը արժանացաւ միջազգային լայն արձագանգի։ Աշխարհի մեծ ու փոքր երկիրները ու միջազգային կառոյցները ողջունեցին գոյացած համաձայնութիւնը, մաղթելով որ այդպիսով տարածաշրջանը կը թեւակոխէ նոր ժամանակաշրջան։ Ամերիկայի նոր վարչակազմը եւս առաջին անգամ ըլլալով իր կարծիքը յայտնեց տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն նկատմամբ։ «Հարաւային Կովկասի մէջ հակամարտութիւնը պէտք է աւարտի, բանտարկեալները ազատ պէտք է արձակուին», յայտնեց Ամերիկայի նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Մայք Ուլց։ Նման բովանդակութեամբ յայտարարութիւն տարածեց նաեւ ԱՄՆ պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօն։

Միջազգային այս արձագանգը Ատրպէյճանը կը դնէ նեղ դրութեան առջեւ։ Անոր դիմաց կը փակուին խորամանկութեան դռները ու եկած է որոշում կայացնելու ժանանակը։ Հայաստան իր վարած խոհեմ արտաքին քաղաքականութեան շնորհիւ կարողացաւ Ատրպէյճանը դնել կատարուած իրողութեան առջեւ ու այժմ ան կը փորձէ միջոցներ գտնել ստեղծուած այս իրավիճակէն դուրս գալու համար։

 

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ

Share62Tweet39
Previous Post

ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ՏԱՆՈՂ ԲԵՌՆԱՏԱՐՆԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԱԾ ԵՆ ՍՈՒՐԻԱ

Next Post

ՀԱՅԵՐԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ     Բ․   ՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԳՐՈՂՆԵՐ – ԼԻԲԱՆԱՆ ԷՏԻՊ ԻՍՀԱԳ

Next Post
ՀԱՅԵՐԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ     Բ․     ՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԳՐՈՂՆԵՐ – ԼԻԲԱՆԱՆ  ԷՏԻՊ ԻՍՀԱԳ

ՀԱՅԵՐԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ     Բ․   ՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԳՐՈՂՆԵՐ – ԼԻԲԱՆԱՆ ԷՏԻՊ ԻՍՀԱԳ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.