Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՊԵՂԵԼՈՎ «ԱՐԱՐԱՏ»-Ի ՀԻՆ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐԸ – 2‎4 (55 տարի առաջ՝ այսօր) 

March 22, 2025
in Այլազան
0

 

   

    «ԱՐԱՐԱՏ», 9-15 Մարտ 1970

Թերթը պեղելու իմ ընթացիկ աշխատանքին մէջ,– ինչպէս ամէն ոք նկատած ըլլալու է,– գրեթէ անտեսած եմ քաղաքական լուրերու բաժինը։ Այդ լուրերը դոյզն չափով իսկ չեն հետաքրքրեր զիս։ Իմ հայեացքը կեդրոնացած կ՛ըլլայ լոկ հայկակա՛ն նիւթերու վրայ, եւ կը խորհիմ որ ընթերցողներս ալ գոհ են իմ այս վարքագիծէն…։

Այսօր, ակնթարթային շեղում մը պիտի կատարեմ սակայն։

«Արարատ» 13 Մարտ 1970-ի իր թիւով, Ա. էջի վրայ, կը խորագրէ. «Արաբական Լիկան կը դատապարտէ Կազան հրէականացնելու իսրայէլեան ծրագիրը»։

Պիտի չմեկնաբանեմ այս լուրը, բայց մէ՛կ բան անվիճելի է. 55 տարի առաջուան այս միեւնոյն խորագիրը ամենայն դիւրութեամբ կարելի է զետեղել այսօրուան (2025-ի) մեր թերթերէն մէկուն Ա. էջին վրայ՝ իբրեւ «հրատապ» կամ «այժմէական» լուր։ Բա՜ն չէ փոխուած աշխարհի մէջ։ Արաբական Լիկան, կէս դար առաջուան նման, անզօր մօտեցումով մը կը դատապարտէ Իսրայէլը, իսկ այս վերջինն ալ արդէն ամբողջացնելու վրայ է Կազան հրէականացնելու իր վաղեմի ծրագիրը…։

Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ…։

 

*

Վերադառնանք դէպի մեր ազգային փարախը։ Ի՞նչ կը գտնենք թերթին այս շաբթուան թիւերուն մէջ։

Անխուսափելիօրէն մեր դիմաց ցցուի Վանիկ (Հրանդ Գանգրունի)՝ նոր յօդուածաշարքով մը. «Հնչակեան կուսակցութիւնը Կիլիկիոյ մէջ (1919-1921)»։ Յօդուածագիրը, որ ընդհանրապէս մէջբերումներով կը սնուցէ ու կը հիւսէ իր «պատմագիտական» գրութիւնները, այս անգամ ալ լա՜յն քաղուածքներ կատարեր է Անդրանիկ Կէնճեանի «Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութիւնը եւ կիլիկեան ինքնավարութեան աքթը» հատորէն (Պէյրութ, 1958)։ Տեղեկութիւններուն մէջ մասնաւոր նորութիւն մը չկայ։ Վանիկ պարզապէս կու տայ ուրուագիծը Կիլիկիոյ կացութեան՝ անգլեւֆրանսական խառն իշխանութեան օրով (1919  Մայիսէն Դեկտեմբեր) ու անկէ ետք՝ մինչեւ 1922-ի Յունուարը, երբ ֆրանսացիք առանձինն կ՛իշխէին այնտեղ…։ Այդ շրջանին, հնչակեաններ Ատանայի մէջ հրատարակեր են «Տաւրոս» լրագիրը, որուն էջերուն մէջ կան եղեր ժամանակաշրջանի իրադարձութիւններուն մասին առատ նիւթեր։

Ինչպէս միշտ, երաժշտական նիւթի մը շուրջ կը պտտկի նորէն Մինաս Գանգրունի։ Այս անգամ ան կը խօսի «Ազգային եւ միջազգային երաժշտական գործիքներ»-ու մասին (խորագիրն է)։ Հոն կը յիշուի թուլա կոչուած սրինգը (զայն աֆղանները կը գործածեն եղեր), միքրոֆոնը, մէյ կոչուած սրինգը (Թուրքիոյ մէջ ընդհանրացած), փոքրերու յատուկ միրլիթոն կոչուած թմբուկը եւ Նայ կոչուած պարսկական սրինգը։

Հրատարակուեր է Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Վազգէն Ա.-ի նոր մէկ կոնդակը, որով թեմերուն կը թելադրուի պատշաճ ձեռնարկներով յիշատակել պատմիչ Առաքել վրդ. Դաւրիժեցիի մահուան 300-ամեակը։

Յաջորդական քանի մը թիւերով «Արարատ» հրապարակեր է Երուսաղէմի հայոց վանքէն գողցուած ձեռագրերու հարցով կազմուած քննիչ յանձնախումբին ընդարձակ զեկոյցը։ Այդ տարիներուն (1967-69) սփիւռքահայ բովանդակ մամուլը փոթորկած էր՝ ի լուր Ս. Յակոբեանց ձեռագրատունէն անհետացած 28 արժէքաւոր հայերէն ձեռագրերուն, որոնք խորհրդաւոր ուղիներով հասեր էին Լոնտոն ու վաճառքի պիտի դրուէին աճուրդի աշխարհահռչակ Սաթըպի ընկերութեան կողմէ…։ Երուսաղէմի Եղիշէ պատրիարքը,– որ գլխաւոր մեղադրեալն էր,– այս գծով անիրաւօրէն ամբաստաներ էր Պոլսոյ Շնորհք պատրիարքը, մինչ այս վերջինն ալ ընդարձակ բացատրականով մը հերքեր ու ջրեր էր անոր անիրաւ ու անապացոյց մեղադրանքները…։ Վազգէն կաթողիկոս ստիպուեր էր կազմել քննիչ յանձնախումբ մը, որուն մէջ կային Ալեք Մանուկեանի, Տատուր Տատուրեանի, Սեդրակ Քարեանի նման յայտնի ազգայիններ։ Բայց մթին ու անորոշ շա՛տ բան կայ քննիչ յանձնախումբի զեկոյցին մէջ…։

Շաբաթական «Գրական էջ»-ին մէջ Պէպօ Սիմոնեան հրատարակեր է օրեր առաջ հայրենի գրող Հրաչեայ Յովհաննիսեանի յիսնամեակին առթիւ սարքուած ձեռնակին ի՛ր ելոյթին պատճէնը։

Անցեալ շաբաթ ծանուցում մը կը յուշէր, թէ տխրունիականները ձիւնագնացութիւն մը կազմակերպեր էին դէպի Լիբանանի գեղատեսիլ լեռները։ Այս շաբաթ լրատուական արձագանգ մը կայ այդ մասին։ Ուրեմն, մասնակիցները հանրաշարժով բարձրացեր են դէպի Լաքլուք, ուր կը տիրապետէ եղեր սաստիկ ցուրտ մը։ Ամէնուրեք ծածկուած է եղեր ձիւնով։ Անմիջապէս սկսեր է ձիւնագնդակներու խաղը…։ Այնուհետեւ տղաքը հանգստացեր են պանդոկի մը մէջ, երգեր են ու պարեր…։ Հոս ներկայացուեր է «սքէչ» մը։ Կէսօրուան ճաշէն ետք՝ խումբը Պէյրութ վերադարձի իր ճամբուն վրայ դադար մը առեր է ծովեզերեայ զբօսարանի մը մէջ՝ ձուկի սպասարկումով, իսկ պտոյտին վերջին փուլը եղեր է Նահր էլ-Քէլպը։

Ալպեր Մինասեան այս շաբթուան թատերական իր ակնարկը նուիրեր է «Պօինկ-Պօինկ» կատակերգութեան, որ բեմադրեր է Գրիգոր Սաթամեան, Պէյրութի Ուեսթ Հոլի բեմին վրայ, անգլերէնով եւ ոչ-հայկական թատերախումբի մը կազմով։

Թերթին (ու առհասարակ մեր բոլոր թերթերուն) ամէնէն շահեկան անկիւնները ծանուցումներու սիւնակներն են։ Անոնք իրենց ժամանակաշրջանի վկայութիւններն են։ Պատմութիւն գրելու անհրաժեշտ թթխմորը։ Որքան ժամանակը հեռացնէ մեզ այդ ծանուցումներու թուականներէն՝ անոնց արժէքը աւելիո՛վ կը բարձրանայ։ Այդ ծանուցումները անպայման լոյս մը կը վառեն անցեալի մթին կածաններուն վրայ…։

Այս շաբաթ, ուրեմն, կը կարդանք թէ՝

— Ալեք Մանուկեան մշակութային հիմնադրամը միջինարեւելեան գաղութներու մէջ բնակող հայ գեղանկարիչները հրաւիրեր է Պէյրութի մէջ սարքելի նկարչական ցուցահանդէսի մը, դրամական եռաստիճան մրցանակներու յատկացումով։

— Հայկազեան գոլէճի հայագիտական ամպիոնը իր «Ժողովրդային լսարան»-ի դասախօսութիւններու շարքին՝ բանախօսելու հրաւիրեր է Գրիգոր Շահինեանը (18 Մարտ)։ Նիւթ՝ «Խորհրդահայ նոր վիպագրութիւնը եւ Զօրայր Խալափեան»։

— Հ.Մ.Մ. Ծաղկազարդի առթիւ իր «Պարանցիկ երեկոյթ»-ը պիտի սարքէ եղեր Մարտ 21-ին։

— Լիբանանահայ մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ «Երգեցիկ-սենՖոնիկ մեծ համերգ» մը պիտի կայանայ եղեր Թէաթր տիւ Լիպանի մէջ (5 Ապրիլ)։

— Դա՛րձեալ Լիբանանահայ մշակութային միութիւնն է որ պիտի հովանաւորէ եղեր օփերայի մեներգիչ Յակոբ Պալապանեանի ռեսիթալը (17 Մարտ, Ուեսթ Հոլի մէջ)։ Դաշնակով պիտի ընկերակցի եղեր տիկ. Զուարթ Պուճիգանեան։

— Լոյս տեսեր է Արաբերէն-Հայերէն բառարան մը, պատրաստուած՝ Խ. Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի Արեւելագիտութեան բաժանմունքին կողմէ։ Բառարանը, որ 900 էջ է եղեր ու կը պարունակէ 20.000 բառ, պատրաստուեր է Ս. Չուլճեանի եւ Հ. Սարգիսեանի կողմէ։ Արդէն անիկա վաճառքի դրուեր է եղեր Պէյրութի հայ գրատուներուն մօտ։

— Հազիւ փակած «Ոսկի աքաղաղ»–ի վարագոյրը՝ Համազգայինը այս անգամ ալ պիտի բեմադրէ եղեր Է. Լապիշի «Իտալական յարդէ գլխարկը» փիէսը, բեմադրութեամբ Վարուժան Խտըշեանի, 14 Մարտէն սկսեալ (Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահ)։

— Լիբանանի Հայ համալսարանաւարտներու միութիւնը շրջապտոյտ մը կազմակերպեր է եղեր դէպի Աթէնք եւ կղզիները… (Մարտ 26-Ապրիլ 1)։ Երթեւեկը (օդանաւով), կեցութիւնը, սնունդը եւ վիզայի ծախսերը ներառեալ՝  585 լ.ո.։

— ՈւրՖայի հայրենակցական միութիւնը «Ճաշկերոյթ-պարահանդէս»-ի մը հրաւիրեր է իր հայրենակիցները (9 Մայիս)։ Ի դէպ, այս նոյն միութիւնը 130 անդամներու մասնակցութեամբ գումարուած իր ընդհանուր ժողովին մէջ ընտրեր է նոր վարչութիւն մը՝ հետեւեալ կազմով. Կարպիս Գազանճեան (ատենապետ), Յակոբ Գլընճեան, Աւետիս Ատուրեան, Աւագ Աւագեան, Հայկազ Շահինեան, Ներսէս Պէրպէրեան, Սարգիս Էսկիճեան, Սարգիս Թաշճեան, Նազարէթ Կելոյեան, Սարգիս Շահապեան եւ Յարութիւն Հարապաղեան։

— Թերթին գրեթէ աննշան մէկ անկիւնին մէջ կրկին ու կրկին կը նշմարենք «Սամի Կարօ» գրատան կաղապարատիպ ծանուցումը. «Վարձու վէպերու կեդրոն»։ Հոն կրնանք գտնել եղեր ամէն տարիքի յարմար անհամար գիրքեր, թէ՛ վարձու, թէ՛ ալ ծախու։ Գրատունը ձեր աւելորդ գիրքերն ու թերթօններն ալ կը գնէ եղեր, նաեւ՝ փոխանակութիւններ կ՛ընէ…։ Հասցէ՝ Նոր Հաճըն (Պէյրութ)։ Այսպիսի հայկական գրատուն մնա՞ց Սփիւռքի տարածքին…։

Կ՛աւարտեմ քերականական նշումով մը։

Թերթը 10 Մարտի իր Ա. էջին վրայ կը խորագրէ. «Մոսկուա եւ Փարիզ կ՛ազդարարեն Իսրայէլի»։

Չեղա՜ւ։ Սխալը ակնբախ է։ Արեւմտահայերէնի մէջ ներգործական բոլոր բայերը իրենց հետ կ՛առնեն ուղիղ խնդիր մը, որ մի՛շտ հայցական հոլովով կը դրուի։ Վերի նախադասութեան մէջ՝ «ազդարարել»-ը ներգործական սեռի բայ է, որուն խնդիրն ալ «Իսրայէլ»-ն է, որ թիւրիմացաբար դրուած է տրական հոլովով։ Կը սրբագրենք. «Մոսկուա եւ Փարիզ կ՛ազդարարեն Իսրայէլը» (եւ ո՛չ թէ Իսրայէլի)։

 

                                                                                            ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

                                                                                                    (Հալէպ)

 

Share62Tweet39
Previous Post

ՀԱՅԵՐԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ     Բ․   ՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԳՐՈՂՆԵՐ – ԼԻԲԱՆԱՆ ԷՏԻՊ ԻՍՀԱԳ

Next Post

ՄԱՀԱԶԴ

Next Post
ՄԱՀԱԶԴ

ՄԱՀԱԶԴ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.