Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

  ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ ԳԵՐԻՇԽԱՆԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ

March 22, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
  ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ ԳԵՐԻՇԽԱՆԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ

 

 

Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապէր շեշտեց, որ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան նոր կառավարիչի ընտրութեան պայմանները զուտ ազգային ու գերիշխանական են, իսկ կառավարութեան գործադրելիք բարեկարգումները լիբանանցիներուն շահերէն բխող հրատապ եւ հիմնական կարիքներ են՝ վերականգնելու համար պետութիւնը եւ սրբագրելու զանազան ոլորտներու մէջ յայտնուած թերութիւնները, ժխտելով միջազգային այս կամ այն կողմէ բանեցուած ճնշումներուն վերաբերող խօսակցութիւնները: Արժոյթի միջազգային հիմնադրամին եւ Համաշխարհային դրամատան ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած շարք մը տեսակցութիւններու ընթացքին Ժապէր յայտնեց, որ դրամատնային ոլորտին վերականգնումը եւ նիւթական եւ արժութային կայունութիւնը կը ճշդեն նշեալ հաստատութիւններուն հետ համագործակցութեան շրջագիծը: Ըստ նախարարին, Լիբանանի մէջ ելեւմտական կայունութեան վերահաստատումը բոլոր պատասխանատուներուն պարտականութիւնն է եւ կը միտի ներգրաւել յաւելեալ ներդրումներ՝ ապահովելով յաւելեալ եկամուտ եւ աշխուժացնելով Լիբանանի տնտեսութիւնն ու դրամատնային ոլորտին առաջատար կարգավիճակը:

Իսկ Հըզպալլայի Քաղաքական խորհուրդի անդամ Մահմուտ Քամաթի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահը, խորհրդարանի նախագահն ու վարչապետը չեն ուզեր վտանգել Լիբանանի կայունութիւնն ու ապահովութիւնը, հակառակ ամերիկեան փորձերուն: «Ուաշինկթընի բանեցուցած ճնշումները կրնան Լիբանանի մէջ առաջնորդել քաղաքացիական պատերազմի», ահազանգեց Քամաթի ու վերահաստատեց, որ Դիմադրութիւնը տակաւին ուժեղ է եւ պատրաստ՝ դիմակայելու իսրայէլեան սպառնալիքներն ու Լիբանանի չորս կողմէն ցցուած վտանգները:

Share63Tweet39
Previous Post

ԱՄԷՆԷՆ ՅԱՋՈՂ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱԼԱՄԻ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄ

Next Post

ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱԼԱՄԻ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.