Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Այն էլ Թինիի մէջ երէկ ընդունած պատուիրակութիւններուն հետ ունեցած տեսակցութիւններուն ընթացքին շեշտեց արաբական բոլոր երկիրներուն հետ ամուր յարաբերութիւններ ունենալու անհրաժեշտութիւնը: «Բոլորը կը գիտակցին այն իրականութիւնը, որ Լիբանան հանրածանօթ չէ որեւէ արդիւնաբերութեամբ, բացի մարդ արարած արտադրելու կարողութենէն», ըսաւ Պըրրի: Ան նկատել տուաւ, որ լիբանանցիները իրենց մեծ ներուժով յաջողած են արդիւնաբերական զանազան ոլորտներու եւ մասնագիտութիւններիու մէջ, օժանդակելով իրենց երկրորդ հայրենիքներու զարթօնքին: