Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ երէկ ժողով մը գումարեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալի, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօրավար Ռաէֆ Ապտալլայի, Ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօրավար Հասան Շուքէյրի եւ Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօրավար Էտկար Լաոնտոսի հետ: Աուն շնորհաւորեց զօրավարներուն նշանակումը ապահովական բարձրաստիճան պաշտօններուն եւ անոնց փոխանցեց անհրաժեշտ ցուցմունքները՝ Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ կայունութիւնն ու ապահովութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ: