Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍԱԼԱՄ. «ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ-ԲԱՆԱԿ-ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ԼՈԶՈՒՆԳԸ ԱՆՑԱՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ»

March 22, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0

 

 

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագրի հրապարակումով Լիբանան փակած է Հըզպալլայի զէնքին էջը, իսկ անոր «Դիմադրութիւն-բանակ-ժողովուրդ» հասկացութիւնը անցած է պատմութեան: «Ալ-Արապիա» լրատուական ցանցին տուած հարցազրոյցին մէջ Սալամ յիշեցուց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը յստակօրէն կը խօսի բանակին զէնքի գործածութեան մենաշնորհ տալու մասին: «Բոլորը համաձայն են այս որոշումին եւ որեւէ կողմ հակառակ ուղղութեամբ չ’աշխատիր», ըսաւ Սալամ ու դիտել տուաւ, թէ ոչ պետական կողմերու ապազինումը մէկ գիշերուայ մէջ կարելի չէ իրականացնել: «Իսրայէլ հարաւի մէջ Հըզպալլայի զէնքը որպէս պատրուակ բռնած է շարունակելու համար իր օրինախախտումները եւ միջազգային հովանաւորութեամբ կնքուած պայմանաւորուածութիւններու ոտնակոխումը», ըսաւ Սալամ՝ պահանեջելով, որ բռնագրաւող ուժերը անյապաղ դուրս գան սահմանամերձ շրջաններէն եւ ամբողջացնեն Լիբանանէն նահանջը: «Մենք այդ ուղղութեամբ կը փորձենք բանեցնել արաբական եւ միջազգային ճնշում, իսկ հողերու ազատագրութեան միակ պատասխանատուն պետութիւնն է», հաւաստիացուց վարչապետը:

Սալամի յայտարարութիւններուն հակադարձեց շիիներու մուֆթի շէյխ Ահմատ Քապալան ու շեշտեց, որ «Սալամ վարչապետն է երկրի մը, որուն կէսը ազատագրուեցաւ Դիմադրութեամբ, որ կը շարունակէ պաշտպանել երկրին գերիշխանութիւնը»: Ըստ մուֆթիին, Լիբանանի գոյութիւնը կախեալ է Դիմադրութեան զոհողութիւններէն, ուստի Դիմադրութեան ջնջումը կ’անցնի Լիբանանի ջնջումէն: «Եթէ վերջին պատերազմին զոհողութիւններ չըլլային եւ թշնամի բանակը պարտութիւն չկրէր Խիամի մուտքին, այսօր Լիբանան, մայրաքաղաք, գերիշխանութիւն եւ անկախութիւն մնացած չէր ըլլար», համոզում յայտնեց Քապալան:

 

Share63Tweet39
Previous Post

ՎԵՐԺԻՆ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ՈՉ ԵՒՍ Է

Next Post

ՔԱՅԼԵՐ՝ ԱՊԱՀՈՎԵԼՈՒ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆԱՀԱՆՋ

Next Post
ՔԱՅԼԵՐ՝ ԱՊԱՀՈՎԵԼՈՒ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆԱՀԱՆՋ

ՔԱՅԼԵՐ՝ ԱՊԱՀՈՎԵԼՈՒ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՆԱՀԱՆՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.