Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՎԵՐԺԻՆ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ՈՉ ԵՒՍ Է

March 22, 2025
in Այլազան
0
ՎԵՐԺԻՆ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ՈՉ ԵՒՍ Է

 

Սպասուածն ու անխուսափելին պատահեցա՛ւ։ Երէկ ցաւով տեղեկացանք, որ Հինգշաբթի օր, անբուժելի եւ անողոք հիւանդութեան մը դէմ երկարատեւ պայքարէ ու թերեւս ալ յուսադրիչ մաքառումէ մը ետք, իր վերջին շունչը փչած էր Վերժին Աբրահամեանը, կողակիցը մեր սիրելի բարեկամ, մատենագէտ պրն. Կարօ Աբրահամեանի։

Դառն է այս կորուստը, որովհետեւ ողբացեալը դեռ կը գտնուէր իր ուժերուն լիութեան մէջ եւ դեռ եռանդով լեցուն էր` կեանքը վայելելու եւ զայն օգտաւէտ ծառայութիւններով լեցնելու համար։

Վերժին Չերչեան֊Աբրահամեան ի սկզբանէ ինքզինք մօտիկ պահեր էր մեր կրթական, մշակութային եւ գրական ապրումներուն։ Թէեւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն շրջանաւարտ էր տնտեսագիտութեան գծով, սակայն սիրտը այլ տեղ էր…։ Գիրը, գիրքը, մամո՛ւլն է որ կը հմայէին զինք առաւելաբար։ Ի զուր չէ, որ ան տասնամեակներ առաջ կանոնաւոր հետեւորդ մը եղած էր Հիւսիսեան հայագիտական հիմնարկին եւ իւրացուցած` հայագիտական բնագաւառէն շատ բան։ Այդ գիտելիքները, հետագային, մեծապէս պիտի օգնէին իրեն, որպէսզի շուրջ 15 տարի առաջ ձեռնամուխ ըլլար մանկական գունագեղ պարբերականի մը հրատարակութեան, զայն խմբագրելով արտասովոր նուիրումով ու սիրով։ «Փթիթ» կը կոչուէր այդ մանկաթերթը, որմէ լոյս պիտի ընծայուէին թերեւս քսանի չափ տպագիր թիւեր, խիստ ուսանելի բովանդակութեամբ եւ ակնախտիղ ձեւաւորումով։

Ափսո՜ս, ժիր ու նուիրեալ խմբագրուհիին անժամանակ մահով պիտի դադրի ու լրէ «Փթիթ»֊ն ալ։ Մեզի համար, իբրեւ հայ մամուլ, ցաւ մըն ալ ա՛յս է անկասկած…։

Խորապէս կը սգանք այս կորուստը ու կը ցաւակցինք Վերժինին ընտանեկան պարագաներուն, իր անմխիթար մօր, եղբօր, մա՛նաւանդ ամուսնոյն` պրն. Կարօ Աբրահամեանին, որ անկարելին փորձեց` փրկելու համար իր կողակցին կեանքը, բայց…

 

Share64Tweet40
Previous Post

«ՉՈՒՈՂ ԹՌՉՈՒՆՆԵՐԸ»

Next Post

ՍԱԼԱՄ. «ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ-ԲԱՆԱԿ-ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ԼՈԶՈՒՆԳԸ ԱՆՑԱՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ»

Next Post

ՍԱԼԱՄ. «ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ-ԲԱՆԱԿ-ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ԼՈԶՈՒՆԳԸ ԱՆՑԱՒ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.