Չորեքշաբթի, 12 Մարտի երեկոյեան, Անթիլիասի Մար Էլիաս վանքի գլխաւոր դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Յասմիկ (Միմի) Մելքոնեանի «Չուող Թռչունները» հատորին մակագրութեան արարողութիւնը հեղինակին կողմէ:
Լիբանանեան գիրքի 42-րդ փառատօնին մասնակցելու համար Նիւ Եորքէն հրաւիրուած տիկին Մելքոնեան ներկայացած էր «Ալ-թիյուր Ալ-մուհաժիրա» («Չուող (Գաղթող) Թռչունները») արաբերէն թարգմանութեամբ գրքոյկով:
Հեղինակը քոյրն է լիբանանահայութեան ծանօթ գործարար ընկեր Անդրանիկ Մելքոնեանի: Ան այժմ կ’ապրի Նիւ Եորքի մէջ եւ «Քաննէքթիքա Ֆրէնչ սքուլ»ի մէջ կը դասաւանդէ արաբերէն եւ ֆրանսերէն: Իբր դաշնակահարուհի, աւարտած է Լիբանանի պետական երաժշտանոցը:
Մանկավարժ, գրող եւ երաժիշտ հեղինակը 2018 թուականին հրատարակած էր հատորին անգլերէն տարբերակը, ուր 16 գլուխներու ընդմէջէն կը ներկայացնէր սուրիացի ուսեալ, մտաւորական եւ բարձր դիրքերու տէր տեղահանուածներու կեանքի նոր պայմանները, անոնց մաքառումն ու ստեղծագործական յաջողութիւնները: Ճշմարտութեամբ լի արձանագրուած պատմութիւնները ցոյց կու տան աշխարհի օտար ափերուն վրայ մարդոց տոկունութիւնն ու յոյսին կառչածութիւնը:
Տիկին Միմի Մելքոնեան գիրքի յառաջաբանին մէջ կ’ըսէ. «Կ’ուզէի պատմել այն սուրիացիներուն պատմութիւնները, որոնք կը ջանային յաջողակ կեանք մը կառուցել Արեւմուտքի մէջ: Ամերիկացիներէն շատեր չեն գիտակցիր, որ Սուրիոյ, ինչպէս նաեւ իմ հայրենի երկիր՝ Լիբանանի մէջ, կան բազմաթիւ մտաւորականներ, որոնք մեծ կարողութիւն եւ կամք ունին որեւէ երկրի մէջ յաջողութեան հասնելու՝ քրտնաջան աշխատանքի եւ նուիրուածութեան միջոցով»:
Հեղինակը այս աշխատանքով նաեւ ջանացած է անուղղակի պատգամ մը փոխանցել, վերյիշեցնել հայ ժողովուրդին հետ կատարուած իրադարձութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն: Ան կը գրէ. «Ծնողներս տեղահանուած են։ Հայրս Լիբանան եկած է 1921 թուականին Ատանայէն, Թուրքիոյ՝ հայերու նկատմամբ ցեղային բռնութիւններուն հետեւանքով: Հայրս Պէյրութի մէջ յաջողակ անձ մը եղած է: Ան դարձած է Միջին Արեւելքի ամենամեծ նաւաշինական եւ սպասարկման ընկերութիւններէն մէկուն՝ երկու հարիւրէ աւելի հմուտ աշխատողներ ունեցող «Polycarp Demetrius Boldim Company»-ին ղեկավարը: Անոր աշխատանքին շնորհիւ բազմաթիւ հայ որբեր հնարաւորութիւն ունեցած են օգտուելու եւ ընտանիք կազմելու:
Մօրս տեղահանութիւնն ալ նման է հօրս պատմութեան: Ան ծնած էր 1920-ին, դեռ մանուկ էր, երբ հարկադրաբար ընտանեօք Մերսինէն փախան թրքական ջարդերուն պատճառով: Պէյրութի մէջ մայրս սկսաւ աշխատիլ որպէս ուսուցչուհի եւ իր դպրոցին մէջ կազմակերպել թատերական ներկայացումներ»:
Հեղինակ տիկին Յասմիկ (Միմի) Մելքոնեանի 150 էջերէ բաղկացած հատորին մէջ կը պատմուի սուրիացի ծանօթ-անծանօթ այն 16 արուեստագէտներու կեանքի պատմութիւնները, որոնք համարձակութիւն ունեցած են անվախօրէն արտայայտուելու, զրուցելու հեղինակին հետ: Թուենք անոնց անուններն ու ապրած երկիրները՝ Մհաննատ Քայքունի (Գերմանիա), Տիմա Օրշօ (ԱՄՆ), Մալիքա ժազամաթի (Գերմանիա), Թամմամ Ազզամ (Գերմանիա), Մուժահիտ Աքիլ (Թուրքիա), Քանան Ալ-Ազմա (ԱՄՆ), Լենա Դաւիթեան (Գանատա), Դալար Տեկրմենճեան (Պելճիքա), Սառա Մարտինի (Գերմանիա), Ալա Ալ-Հարիրի (Փորթուկալ), Միրնա Քասսիս (Իտալիա), Ղապրիէլ Ժըպրան Եաքուպ (Գերմանիա), Տալիա Զէնօ (ԱՄՆ), Գէորգ Մուրատ (ԱՄՆ), Մայա Շահըֆ (Շուէտ), Ահմատ Ժաուտէ (Հոլանտա):
«Չուող Թռչունները» հատորի արաբերէն տարբերակին շնորհահանդէսին առիթով, «Արարատ» կը շնորհաւորէ հեղինակ տիկին Մելքոնեանը, մաղթելով նորանոր հատորներու ու սոյնին հայերէն տարբերակին լոյս ընծայումը: