Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«LIAISON» (ԿՑՈՒՄ) ԽՈՐԱԳԻՐԸ ԿՐՈՂ ՔԱՆԴԱԿԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԷՋ

March 20, 2025
in Մշակութային
0
«LIAISON» (ԿՑՈՒՄ) ԽՈՐԱԳԻՐԸ ԿՐՈՂ ՔԱՆԴԱԿԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԷՋ

 

Պիքֆայա գիւղաքաղաքի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ, Փիեր եւ Սեդրիկ Քուքճեաններու ստեղծագործական արգասիքը հանդիսացող եւ «Կցում» անուանումով քանդակի բացումը կատարուեցաւ Շաբաթ, 15 Մարտ 2025-ին, Պիքֆայայի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ:

Գարնանային արեւու ջերմութեան հետ, հրապարակը կը շողշողար քաղաքական եւ մշակութասէր բազմաթիւ դէմքերու ներկայութեամբ: Անոնց շարքին՝ Հանրապետութեան նախկին նախագահ՝ Շէյխ Ամին Ժմայէլը, մշակոյթի եւ արդարադատութեան նախարարներ՝ դոկտ. Ղասսան Սալամէն եւ Շէյխ Ատէլ Նասսարը, Անթուան Պու Նաժըմ եպիսկոպոսը, Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպանուհի` Մերիըն Ուայշըլթ Քրաբսքին, երեսփոխաններ՝ Շէյխ Սամի Ժմայէլը եւ Շէյխ Նատիմ Ժմայէլը, Մեթնի Նահանգապետ՝ տիկին Մարլէն Հատտատը, հայր եւ որդի Քուքճեանները, Պէյրութ Մարաթոնի նախագահուհի՝ տիկին Մէյ Խալիլը, ՄԱԿ-ի Զարգացման բաժնի ներկայացուցիչը, Ճարտարապետական կաճառի, քաղաքապետարաններու եւ թաղապետներու ներկայացուցիչները:

Ողջոյնի բացման խօսքէն ետք, Զուիցերիոյ դեսպանուհին, Պիքֆայայի քաղաքապետուհին եւ զոյգ հեղինակները հրաւիրուեցան քանդակին վրայէն ծածկոյթը արձակելու:

Սրտի խօսքով համառօտ ելոյթ ունեցաւ պարոն Փիեր Քուքճեանը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Զուիցերիոյ կառավարութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին քանդակի իրագործման եւ Լիբանան տեղափոխուելուն: Որպէս Պիքֆայայի նախկին բնակիչ, ան ըսաւ. «Լիբանանը ձգեցի տարիներ առաջ, սակայն Լիբանանը զիս երբեք չլքեց»:

Իր սրտի խօսքը յղեց նաեւ քանդակագործ Սեդրիկ Քուքճեանը՝ ներկայացնելով քանդակին իմաստն ու անոր ծնունդ տուող պայմանները:

Քաղաքապետուհի Նիքոլ Ամին Ժըմայէլ ողջունելով ներկաները իր անսահման ուրախութիւնը յայտնեց այս եզակի միջոցառման համար: Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ վերջին տարիներուն Լիբանանի պետութեան բացակայութեան շրջանին քաղաքապետարաններու եռանդուն գործունէութեանց մասին: Խօսքը ուղղելով վիրաւոր Հարաւին, ան ըսաւ. «Պիքֆայայի հրապարակէն կ’ողջունեմ ընդհանրապէս հարաւը եւ յատկապէս Սուր քաղաքը, որոնք պատերազմին հետեւանքով ամիսներէ ի վեր բեռնաւորուած էին գաղթականներու մտահոգութիւններով: Կը մաղթեմ, որ այս տխուր էջը շրջանցուի եւ անոնք շուտով վերադառնան իրենց բնակավայրերը»:

Եզրափակիչ ելոյթով հանդէս եկաւ մշակոյթի նախարարը: Ան շնորհաւորեց Պիքֆայայի քաղաքապետարանի պաշտօնէութիւնը յանձին Նիքոլ Ժըմայէլի՝ գիւղաքաղաքին շնորհուած այս հրաշալի արուեստի պարգեւին առիթով: Նախարարը յոյս յայտնեց, որ քաղաքապետական որոշուած ընտրութիւնները ժամանակին տեղի ունենան որպէսզի «նորոգուած արիւնով հայրենաշէն գործընթացը շարունակուի»:

Աւարտին, ներկաները հրաւիրուեցան պատշաճ հիւրասիրութեան պահի ընդմէջէն մօտէն ծանօթանալու քանդակագործներուն հետ:

Share68Tweet43
Previous Post

«ՉՈՌՆԻ» ՎԱԶԳԷՆԸ (Վազգէն Մատոյեանի վաղաժամ մահուան քառասունքին առիթով)

Next Post

«ՉՈՒՈՂ ԹՌՉՈՒՆՆԵՐԸ»

Next Post
«ՉՈՒՈՂ ԹՌՉՈՒՆՆԵՐԸ»

«ՉՈՒՈՂ ԹՌՉՈՒՆՆԵՐԸ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.