Պատանեկութեան անվերադարձ օրերէն դէպի երիտասարդական քաղցրածոր տարածութեան սահմանագծին թափանցման զուգահեռ, պայմաններու թոյլատրութեամբ յայտնուեցանք հայրենիքի ուսանողական համալսարաններուն մէջ: Հասած էինք աշխարհացրիւ հայութեան տարբեր գաղթօճախներէն: Տարբեր միջավայրերու, մշակոյթներու, քաղաքական մթնոլորտներու եւ մանաւանդ կրթական մակարդակով հաստատութիւններու ուսանողներ էինք: Հայրենիքի հիւրընկալ հոգատարութեան տակ 6, 8 կամ առաւելագոյն 10 տարի պիտի ապրէինք եւ ինչպէս հայաստանցին կ’ըսէ՝ իրար հետ շփուէինք: Մեր հանրակացարաններէն դուրս ալ, պիտի յարմարուէինք գոյութիւն ունեցող հզօր հոսանքին՝ տեղացի շրջապատին հետ:
Առագավազ տարիները հոսեցան գացին: Ծնողներէ հեռու, սակայն անոնց փափաքն ու երազանքը իրագործած, վերադարձանք մեր ծննդավայրերը: Տուն-տեղ, աշխատանք, կողակից, երեխայ, դպրոցական… ու յանկարծ մե՛ր երիտասարդ տարիներն ալ ուսուցիչներու աշխատավարձին նման չքացան, անյայտացան: Մնացին միայն յիշատակները, մեր ուսանողական տարիներու անկրկնելի, անմոռանալի յուշերը:
1979-1984-ականներուն «Չոռնի»ն սովորական ուսանող մը չէր, ան երեւոյթ էր: Զէյթունի հանրակացարաններու առաջին քորպուսի 3-րդ յարկի բնակիչ էր: Կ’ապրէր իր քրոջ՝ ճարտարապետականի ուսանողուհի Մանուշակի եւ շինարարական բաժնի ուսանող եղբօր՝ Ճորճի հետ: Կարճ ժամանակ մը ետք տեղափոխուեցաւ 5-րդ յարկ: Ռուսերէն «չոռնի» կը նշանակէ՝ «սեւ»: Չեմ գիտեր թէ ով մկրտած էր զինք այդ ծածկանունով, սակայն մեր ընկեր Վազգէնը թխամորթ էր, սեւ ու գանգուր մազերով, մուգ ակնոցներ կը գործածէր, սեփ-սեւ մօրուք կը պահէր: Կը պատմուէր, որ Վազգէնը Հալէպի մէջ «քարաթէ» մարզուած էր, ունէր մրցանակներ եւ մետալներ, մինչեւ իսկ տիրացած էր «քարաթէ»ի բարձրագոյն տիտղոսին՝ արժանանալով այլոց համար դժուարամատչելի՝ սեւ գօտիին: Շատ հաւանաբար «Չոռնի» մակդիրը շնորհուած էր այս մարզաձեւի գօտիին գոյնով:
Հեզ ու ազնիւ ընկեր մըն էր Վազգէն Մատոյեանը, ծառայասէր, ընկերասէր եւ թունդ հայրենասէր: Միեւնոյն ատեն ջղուտ էր ու շուտ բռնկող: Հակոտնեայ բնաւորութեամբ եղբայրներ էին Ճորճն ու Վազգէնը: Մին հանդարտաբարոյ մտաւորականի տիպար էր, միւսը՝ տաքարիւն մարզիկի: «Չոռնի»ին «քարաթէ»ի հռչակը տարածուած էր ո՛չ միայն սփիւռքահայ ուսանողութեան, այլ՝ հանրակացարանի մօտիկ եւ հեռու շրջաններուն վրայ: Զէյթունի սահմանամերձ «մանումենտ»ի1 «խարոշի»ներն2 անգամ կը զգուշանային իրմէ: Տեղի երիտասարդներուն հետ «ռազպիրաթ»ի3 ամենաբուռն վայրկեաններուն, վիճաբանութենէն ծեծկռտուքի անցնելու փուլին, բաւ էր «Չոռնի» Վազգէնին անունն արտասանելը: «Գողական»4 տղերքը ներողութիւն խնդրելու աստիճան կը հանդարտէին:
Միջհանրակացարանային ֆութպոլի մրցաշարքերու ընթացքին երբեմն տեղացի-«ախբար» ընդհարումներ կը պատահէին: «Չոռնի» Վազգէնն էր, որ ազդու միջամտութեամբ կը հանդարտեցնէր բոլորը:
Ուսանողներս «Ալ-Մեխակ» մշակութային ակումբ մը ունէինք, որուն նախագահն էր բժիշկ Վազգէն Գասեմճեանը: Ասոր առընթեր «Էրեբունի» անունով «վոքալ գործիքային անսամպլ» մը ունէինք: Կիթառիսթը՝ Սագօ Չիլինկիրեանն էր, պաս կիթառ նուագողը՝ Յովիկ Գարասարգիսեանն էր: Յակոբ Տիւնեայեանը երգիչն էր, Շուշիկն ու Վիքթորիա Յակոբեանը՝ զոյգ երգչուհիները, ես ալ ե՛ւ «մայեսթրօ»ն էի, ե՛ւ օրկանիսթը: Իսկ մեր թմբկահարը Վազգէն Մատոյեանն էր, «Չոռնի»ն, որ ամառ-ձմեռ թեթեւ հագած կ’ըլլար, սիկարէթն ալ ակռաներուն մէջ խածնելով կը հարուածէր թմբուկներն ու ծնծղան: Քանի՜-քանի փայտիկներ կոտրուեցան «սեւ գօտիներու» վարպետին ափերուն մէջ:
Նուագախումբին հերթական փորձերը հանրակացարանի գետնայարկը՝ «Կարմիր անկիւն»ին մէջ կը կատարէինք: Տարին քանի մը առիթներով ուսանողութեան դիմաց մեր «պարապած»5 կտորները կը ներկայացնէինք: Մեր ելոյթներուն գլուխ-գործոցը 1980 թուականին էր, երբ «Էրեբունի» նուագախումբը քանի մը երգացանկով ելոյթ ունեցաւ Երեւանի Օփերայի ֆիլհարմոնիայի դահլիճին մէջ, բերնէ-բերան լի հանդիսատեսներու ներկայութեամբ:
Կեանքը կանգ առած էր այդ տարիներուն: Ճիշդ հո՛ն, կեցած էր: Սովետական վարչակարգի «ամենալաւ» օրերուն: Ի՜նչ հիւանդութիւն, ի՜նչ բան: Մահը ո՞վ էր, որ սուր պիտի ճօճէր մեր դիմաց: Անհոգ տարիները մեր մեծերուն պատմածին պէս գլորուեցան ու շատ արագ հեռացան: Աշխարհասփիւռ նախկին ուսանողներս ալեզարդ տեսք ստացանք: Բան մը, որ ուսանողական տարիներուն անկարելի կը թուէր երիտասարդներուս համար: Մեր ուսանող ընկերներուն աշնան տերեւաթափը սկսաւ յաճախակի դառնալ: Բան մը, որուն մասին բնաւ չէինք նախատեսած անցեալին: Այդ վաղաժամ մեկնողներէն մէկն ալ ատամնաբոյժ Վազգէն Մատոյեանը եղաւ դժբախտաբար:
40 տարուան հեռաւորութենէն, կը յիշեմ Վազգէնին հետ մեր գաւաթներու հպումներուն արձագանգած կենացները, միմիանց առողջութիւն ու երկար տարիներու կեանք մաղթող: Իսկ «անցողաց» համար ալ տեղական սովորութեամբ՝ փոխան գաւաթին՝ մեր 4 մատները իրար կը զարնէինք՝ «ողորմի անոնց հոգւոյն» ըսելով:
Ցաւօք սրտի կեանքը զլացաւ Վազգէնին երկար տարիներ պարգեւելէ: Այս համեստ յուշապատումի աւարտին, ակամայ կու գամ կրկնել այդ խօսքը՝ «ողորմի հոգւոյդ եւ թող հոգիդ հանգչի խաղաղութեամբ»՝ ջերմ ժպիտով ու ճերմակ սիրտով, մեր հանրակացարանի համբաւաւոր «Չոռնի» Վազգէն:
ՆԱԶՕ Ճ.
1- «Մայր Հայաստանի» զբօսայգիին կից թաղամաս, որ ժամանակին յայտնի էր նաեւ «զաաիմ»ներու առատութեամբ:
2- «Զաաիմ»:
3- Երկարաձիգ վէճ:
4- Նոյնպէս՝ զաաիմ:
5- Ազատ ժամանակ բանով մը զբաղիլ, սորվիլ: