Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՓՐԻԿԷԻ ՍԻՐՈՅ ՊԱՏԳԱՄԸ

March 20, 2025
in Յօդուածներ
0
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՓՐԻԿԷԻ ՍԻՐՈՅ ՊԱՏԳԱՄԸ

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԱՓՐԻԿԷԻ ՍԻՐՈՅ ՊԱՏԳԱՄԸ

 

 

 

Երկար տարիներու աշխատանքային ճամբորդութիւններուս ընթացքին այցելած եմ շատ մը երկիրներ: Իւրաքանչիւր երկրի մէջ տեսած եմ երկրին գեղեցկութիւնը եւ դիտած եմ զայն իր տեղական պարունակին մէջ: Չեմ փորձած զատորոշել մէկ երկիրը միւսէն, այլ իւրաքանչիւրը ուզած եմ տեսնել իր բովանդակութեան մէջ: Հարաւային Ափրիկէի բնութիւնը, ովկիանոսը, տեսարժան վայրերն ու գեղեցկութիւնը կը զգլխեն ու կ՛անցնին ամէն իրավիճակ: Կ՛ապրիս Աստուծոյ ստեղծագործութեան հրաշալիքը եւ գեղեցկութիւնը` իր ամբողջութեան մէջէն:

Քէյփ Թաուն, Հարաւային Ափրիկէ, Փետրուար 2025:

Մէկ կողմէ ապրեցայ երկրին գեղեցկութիւնը, բայց նոյնքան նաեւ տեսայ, թէ ինչպէ՛ս երկիրը իր ընկերատնտեսական ու շինարարական ենթակառոյցներուն մէջ զարգացած է եւ յառաջխաղացք արձանագրած` ստեղծելով ամուր հասարակական համակարգ մը: Հարաւային Ափրիկէն այսօր կը դասուի զարգացած երկիրներու շարքին` զբօսաշրջութեան առումով դառնալով շատ գրաւիչ երկիր: Մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ աշխարհի տարբեր երկիրներէն այսօր կը փութան այցելել եւ վայելել այս գեղեցիկ երկիրը:

Այս զարգացում-յառաջխաղացքը ունի իր պատմութիւնը: Եւ պատմութիւնը պէտք է սկսիլ Ռոպին կղզիի մէջ գտնուող մեկուսացուած բանտէն, որ այսօր եղած է զբօսաշրջութեան վայր:

Հարաւային Ափրիկէ, երկար տարիներու վրայ երկարած, ապրած է ցեղապաշտական համակարգ: Փոքրաթիւ սպիտակամորթ համակարգը իշխած է սեւ հաւաքականութեան եւ ճնշած զանոնք` ամէն տեսակ բռնարարքներ գործադրելով: Հարաւային Ափրիկէն երկար տարիներու իր ցեղապաշտական արարքներուն համար մեկուսացուած էր համաշխարհային ընտանիքէն եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութենէն:

Հարաւային Ափրիկէի «փրկիչ» ղեկավարը եղաւ Նելսոն Մանտելան, որ կրցաւ երկիրը դուրս հանել իր ցեղապաշտական վիճակէն` հասցնելու համար ներկայ օրերու ժողովրդավար եւ յառաջացած երկրի մը կարգավիճակին: Բայց երկիրը «դուրս հանելու» այս արարքը եղած է երկար եւ արժած` բաւական սուղ: Այդ սուղ գինը վճառողներէն էին Նելսոն Մանտելան եւ իր համախոհները: Անոնք իրենց ըմբոստութեան եւ բարեկարգումի պահանջներուն համար դատապարտուած էին բանտարկութեան Ռոպին կղզիին մէջ գտնուող բանտին մէջ:

Նելսոն Մանտելա այս բանտին մէջ մնաց աւելի քան 27 տարիներ: Բանտարկութեան օրերուն ան ենթարկուեցաւ ամէն տեսակի խոշտանգումներու եւ զրկանքներու: Երբ քալեցի բանտի տարբեր մասերուն մէջ, կարդացի ու նկարներուն հետեւեցայ, սկսայ տեսնել, թէ ինչպիսի՛ զրկանքներու ենթարկուած էին անոնք իւրաքանչիւր մասին մէջ: Ես ալ ապրեցայ նոյն բանտին ահաւորութիւնը:

Առաջին անգամը չէր, որ Ռոպին կղզիի բանտը կ՛այցելէի, սակայն այս անգամ տարբեր էր կարծես: Մտայ Նելսոն Մանտելային խցիկը, ուր ան երկար տարիներ ապրած էր: Երբ նստայ նոյն աթոռին վրայ, ուր ինք տարիներով նստած էր, մտքով ու հոգիով տեղափոխուեցայ Պաքու: Եւ` մեր տղաքը: Հարաւային Ափրիկէի այդ բանտին մէջ ուզեցի ապրիլ բանտի ու բանտարկեալի զգացումը, բայց շատ աւելիով` մեր տղաքն ու անոնց ներաշխարհը Պաքուի բանտին մէջ: Շատ դժուար էր: Ապրեցայ վախի ու սարսափի վիճակը մեր տղոց, եւ չուշացան կարեկցանքի մտորումներս, թէկուզ` շատ հեռուէն: «Տղա՛ք, ձեր վիճակը շատ դժուար է, կը զգամ ձեր ապրած ցաւը»:

1994 թուականին Նելսոն Մանտելա դուրս եկաւ բանտէն` 27 տարիներ ետք: Ան դուրս եկաւ յաղթական: Յաղթական յեղափոխականը իր առջեւ ունէր մեծ առաքելութիւն մը` երկիրը դուրս հանել իր տագնապալի վիճակէն: Իսկ տագնապնե՞րը: Տարիներ շարունակ գործուած ոճրագործութիւններ, սպանութիւններ ու, տակաւին, բացայայտուած գերեզմանափոսեր, ուրկէ դուրս հանուած էին սպաննուած եւ անհետ կորսուած դիակներ: Ու տակաւին կար երկրին անարդար ու անհաւասար ընկերա-քաղաքացիական համակարգը:

Նելսոն Մանտելա իր առջեւ ունէր երկիրը փրկելու երկու ընտրանքներ: «Առաջին օրէն տեսայ, որ վրէժխնդրութեամբ կարելի պիտի չըլլայ կերտել խաղաղ եւ համերաշխ հաւաքականութիւն մը», ըսած է Մանտելա: «Կրակը կարելի չէ կրակով մարել», շարունակած է ան:

Կրակը մարելու համար Մանտելա մտայղացած էր երկրորդ տարբերակը՝ երկիրը շինելու համար ստեղծել Համերաշխութեան եւ զղջումի յանձնախումբ: Ան այս յանձնախումբին պատասխանատուութիւնը տուած է յարգուած կղերական Տեմընտ արք. Թութուի: Մարդիկ պէտք էր զղջային իրենց գործած սխալներուն համար եւ այդ սխալները ընդունելով` քաղաքական բոլոր հաշուարկները մէկ կողմ պիտի դնէին եւ վերադառնային բնականոն կեանքի: Անոնք վեր առին միայն այդ հիմնահարցերը, ուր մարդիկ դատական հայցեր բարձրացուցած էին:

Յաջողեցա՞ն Մանտելան եւ իր համախոհները: Պատմութիւնը եւ երկրին զարգացումները այսօր ցոյց կու տան, որ` այո՛, անոնք յաջողեցան:

Նելսոն Մանտելա եղաւ երկրին նախագահը եւ փոխնախագահ ընտրեց իր մեծագոյն հակառակորդը` ցեղապաշտութեան օրերու երկրին նախագահը` Տէ Քլերք: Այս յանդուգն քայլը մեծապէս զարմացուց աշխարհը: «Մենք ցեղապաշտ չծնանք,- ըսած է Մանտելա:- Մեր ծնողներն են, որ մեզի սորվեցուցին ցեղապաշտութիւնը: Եւ ինչպէս որ սորվեցանք ատել, նոյնպէս կրնանք սորվիլ սիրել: Ատելութիւնը եւ անհանդուրժողականութիւնը դիւրին են, բայց սէրը կիրարկելը կը պահանջէ մեծ հոգի»:

Նելսոն Մանտելային սիրոյ պատգամն է ասիկա: Այսօր այս «սէրը» եւ «մեծ հոգին» Հարաւային Ափրիկէն վերածած են յաջող ու համերաշխ երկրի մը:

Դարձեալ` Ռոպին կղզին ու բանտը: Երբ դուրս եկայ բանտի դուռէն, տեսայ առջեւս ամուր կերպով ցցուած հաւատքը: Հաւատքը` հայուն, որ պէտք չէ երբեք կորսնցնենք: Հաւատքը, որ մեր տղաքը դուրս պիտի գան Պաքուի բանտերէն: Եւ մենք` բանտէն դուրս եղողներս, պիտի շարունակենք հաւատալ եւ գործել, որպէսզի անոնք դուրս գան այդ ահռելի վիճակէն: Եւ դուրս գան յաղթական:

Մենք բոլորս ունինք մէկ մեծ պարտականութիւն` հայն ու հայրենիքը կերտել:

Պիտի կերտենք համերաշխութեամբ եւ զղջումի ոգիով ու գիտակցութեամբ: Պիտի կերտենք` քաջ գիտակցելով, թէ «ատելութիւնը դիւրին է», բայց «սիրոյ հոգին», որ դիւրին չէ, կը շինէ ու կը կերտէ: Կը շինէ ու կը կերտէ Հայաստանը, Արցախը եւ Սփիւռքը: Կը շինէ ու կը կերտէ հայը:

Այսօր ես, դուն եւ հայութիւնը ամբողջ, հայը շինելու մեծ առաքելութեան առջեւ ենք` ատելութիւնը խափանելով եւ մեծ հոգի շինելու յանձնարարականով: Մեծ հոգի, որ իր մէջ կ՛ամբարէ սէր, որ կը շինէ: Կը շինէ հայը եւ հայրենիքը:

Նելսոն Մանտելա հաւատաց այս սիրոյն: Հարաւային Ափրիկէն` իր հայրենիքը, այսօր ապրող վկայութիւնն է այս «սիրով» շինուած ու զարգացած երկրին:

Նելսոն Մանտելան իր սէրը ամբողջացուց իր սիրած հայրենիքի դրօշակին տալով տարբեր գոյներ: Այդ տարբեր գոյները ան խորհրդանշեց որպէս Հարաւային Ափրիկէի մէջ ապրող հաւաքականութիւններուն տարբեր խմբաւորումները եւ մասնիկները: Ան դրօշակի տարբեր գոյներով, իմա` խմբաւորումներով, կազմեց համերաշխ նոր հանրապետութիւնը: Ան այս նոր հանրապետութիւնը շինեց` մեկնելով իր սիրոյ ռազմավարութեան եւ ոչ թէ ատելութեան գրաւականով: Եւ ես տեսայ այս այցելութեանս ընթացքին, թէ ինչպէ՛ս այս սիրոյ ռազմավարութիւնը շինած է երկիրը:

Հայն ալ կրնայ մշակել այս սիրոյ ռազմավարութիւնը եւ շինէ-վերաշինէ իր հայրենիքը: Մեր պետական դրօշակն ալ ունի տարբեր գոյներ` յար եւ նման Հարաւային Ափրիկէի, եռագոյնը` կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն: Թող որ եռագոյնը խորհրդանշէ համերաշխ հայութիւն իր երեք մասնիկներով` իր Հայաստանով, Արցախով եւ Սփիւռքով: Եւ այս եռագոյնին տակ հայը կոչուած է կերտելու ՆՈՐ ՀԱՅԸ:

Հարաւային Ափրիկէի սիրոյ պատգամը` հայն ու հայրենիքը կերտելու մեծ առաքելութիւնը:

Նելսոն Մանտելան հաւատաց այս սիրոյն եւ երկիր կերտեց: Հայն ալ կրնայ հաւատալ այս սիրոյն եւ երկիր կերտել:

Սիրոյ պատգամը` կերտելու գրաւականը:

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Քուէյթ

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԵՐԵՒԱՆԸ ՊԱՔՈՒԻՆ ԿՈՉ Կ’ԸՆԷ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍԿՍԵԼՈՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵԼՈՒ ՏԵՂԻ ԵՒ ԺԱՄԿԷՏՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ

Next Post

«ՉՈՌՆԻ» ՎԱԶԳԷՆԸ (Վազգէն Մատոյեանի վաղաժամ մահուան քառասունքին առիթով)

Next Post
«ՉՈՌՆԻ» ՎԱԶԳԷՆԸ  (Վազգէն Մատոյեանի վաղաժամ մահուան քառասունքին առիթով)

«ՉՈՌՆԻ» ՎԱԶԳԷՆԸ (Վազգէն Մատոյեանի վաղաժամ մահուան քառասունքին առիթով)

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.