Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՐԱԳԱՑՄԱՆ ՆՊԱՏԱԿՈՎ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄԷՆ ԴԷՊԻ ՏԵՂԱԿԱՆ» ՍԵՄԻՆԱՐ

March 20, 2025
in Գաղութային
0
«ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՐԱԳԱՑՄԱՆ ՆՊԱՏԱԿՈՎ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄԷՆ ԴԷՊԻ ՏԵՂԱԿԱՆ» ՍԵՄԻՆԱՐ

 

 

«Կանանց Միջազգային Օր»-ուան առիթով, ՀԲԸՄ Լիբանանը, Լիբանանի Ամերիկեան համալսարանի  Արաբ կիներու հիմնարկին (LAU AiW) հետ համատեղ, կազմակերպեց

«Համագործակցութիւն՝ փոփոխութիւններու արագացման նպատակով համաշխարհայնացումէն դէպի տեղական» խորագիրով սեմինար մը: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կանանց Միջազգային տօնին առիթով, Երկուշաբթի, 3 Մարտ  2025-ին, Լիբանանի Ամերիկեան համալսարանի Irwin Hall, Faculty Lounge-ին մէջ,  աւելի քան 55 հոգիներու  ներկայութեան:

 

Քննարկման մասնակցեցան նշանաւոր բանախօսներ, փաստաբաններ ու համայնքային ղեկավարներ, որոնք անդրադարձան սեռային հաւասարութեան համաշխարհային քաղաքականութեան եւ անոր տեղական խոչընդոտներուն յաղթահարման միջոցներուն: Քննարկումը վարեց Արաբ կիներու հիմնարկին տնօրէնուհի Միրիամ Սֆէյր՝ շեշտելով գործընկերութան անհրաժեշտութիւնը՝ տեղական մակարդակի վրայ շօշափելի փոփոխութիւններ բերելու նպատակով:

 

Ֆինլանտացի դեսպան Աննէ Մեսկանենը խօսեցաւ Ֆինլանտայի սեռային հաւասարութեան զարգացման մասին, շեշտելով համայնքային ներգրաւուածութիւնը:

 

Լիբանանի խորհրդարանի անդամ Հալիմա Քաաքուր՝ հանրային միջազգային իրաւունքներու դասախօս, անդրադաձաւ սեռային զգայուն քաղաքականութեան ներդրումի  ու օրէնսդրական բարեփոխումներու կարեւորութեանց:

 

Ատէլ Խոտր, երեխաներու իրաւունքներու պաշտպան եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Միջին Արեւելքի ու Հիւսիսային Ափրիկէի տարածաշրջանի նախկին տնօրէն, անդրադարձաւ հակամարտութենէն տուժած կիներու եւ երեխաներու իրաւունքներուն առնչուող  հարցերուն:

 

Այման Մհաննա լուսարձակեց սեռային հաւասարութեան դէմ աճող հակազդեցութեան վրայ, մասնաւորապէս ծայրայեղ աջ շարժումներու կողմէ առցանց հարթակները զինելու միջոցով: Ան ընդգծեց լրատուական միջոցներու ներգրաւման կարեւորութիւնը՝ կարենալ ապահովելու ներառական ու հաւասարակշռուած տեղեկատուութիւն:

 

ՀԲԸՄիութեան Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի վարիչ-տնօրէնուհի Արին Ղազարեան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ հաստատուն եւ իմաստալից փոփոխութեան հասնիլ կարենալու համար անհրաժեշտ է համագործակցութիւն հաստատել տարբեր ոլորտներու միջեւ:

 

Քննարկումը դրսեւորեց աշխոյժ ու եռանդուն փոխանակում ոլորտի նշանաւոր գործիչներուն միջեւ, անդրադառնալով Լիբանանի եւ աւելի լայն տարածաշրջանին առջեւ ծառայած սեռային հիմնախնդիրներուն:

 

Եզրափակելով, Միրիամ Սֆէյր կոչ ուղղեց շարունակելու համագործակցութիւնն ու ժողովրդական ներգրաւուածութիւնը՝ սեռային հաւասարութեան հասնելու նպատակով: Ան շեշտեց, որ փոփոխութիւնը կը պահանջէ համբերութիւն, սակայն իւրաքանչիւր նոր լուծում նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ:

 

Նշենք, թէ այս միջոցառումը ՀԲԸՄ Լիբանանի ու AiW-ի չորրորդ համագործակցութիւնն է, վերահաստատելով միատեղ նուիրուածութիւնը ներառական եւ արդար հասարակութիւններու զարգացման ծիրէն ներս:

 

Ձեռնարկին աւարտին, առիթ տրուեցաւ ներկաներուն իրենց հարցադրումները կատարելու:

Share64Tweet40
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՐՏՔԸ` 12,8 ՄԻԼԻԱՌ ՏՈԼԱՐ

Next Post

ԵՐԵՒԱՆԸ ՊԱՔՈՒԻՆ ԿՈՉ Կ’ԸՆԷ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍԿՍԵԼՈՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵԼՈՒ ՏԵՂԻ ԵՒ ԺԱՄԿԷՏՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ

Next Post
ԵՐԵՒԱՆԸ ՊԱՔՈՒԻՆ ԿՈՉ Կ’ԸՆԷ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍԿՍԵԼՈՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵԼՈՒ ՏԵՂԻ ԵՒ ԺԱՄԿԷՏՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ

ԵՐԵՒԱՆԸ ՊԱՔՈՒԻՆ ԿՈՉ Կ'ԸՆԷ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍԿՍԵԼՈՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵԼՈՒ ՏԵՂԻ ԵՒ ԺԱՄԿԷՏՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.