Հայաստանի պետական պարտքը 2024 թուականի վերջաւորութեան դրութեամբ կազմած է 5 թրիլիոն դրամ կամ 12,8 միլիառ տոլար:
Ազգային Ժողովի Տնտեսական հարցերու յանձնաժողովին մէջ կառավարութեան ծրագրի՝ 2024 թուականի կատարման ընթացքի եւ արդիւնքներու մասին զեկոյցի ներկայացման ընթացքին այս մասին ըսաւ ՀՀ ելեւմուտքի նախարար Վահէ Յովհաննիսեան:
«2024-ի վերջաւորութեան պետական պարտքը կազմած է շուրջ 5 թրիլիոն դրամ, որ հաւասար է շուրջ 12,8 միլիառ տոլարի: Նախորդ տարուայ վերջաւորութեան նկատմամբ պետական պարտքը աւելցած է 6,2 տոկոսով: Բայց համախառն ներքին արդիւնքի համեմատութեամբ մեր պետական պարտքը նուազած է 0,1 տոկոսային կէտով եւ կազմած՝ 48,3 տոկոս, ինչ որ կը համարուի շատ կայուն եւ անվտանգ սահմանաչափ: Այդ նաեւ կարգաւորուած է մեր վերահսկողական կանոններով»,- ըսաւ Յովհաննիսեան: