Շարունակելով Եմէնի մէջ իշխող հուսիները ծանրօրէն հարուածելու որոշումին գործադրութիւնը, ամերիկեան օդուժը երէկ թիրախներ ռմբակոծեց հուսիներու հակակշիռին տակ գտնուող Սաատա, Հուտէյտա եւ ռազմավարական այլ դիրքերու դէմ: Արշաւը սկսած էր քանի մը օր առաջ եւ կը նպատակադրէ վերջ տալ շրջանի միջազգային ջուրերէն նաւարկող նաւերուն դէմ ցցուած հուսիներու վտանգին: