Իսթանպուլի քաղաքապետին ձերբակալութենէն ետք թրքական լիրան ենթարկուեցաւ նոր անկումի եւ արժեզրկուելով հասաւ մէկ տոլարի դիմաց 42 լիրայի սահմանին: Իսկ քաղաքին սակարանը որոշ ժամանակով առկախեց բոլոր գործողութիւնները՝ ի տես սակագիներու 6,87 առ հարիւրով անկումի: