Շարունակելով դատական խորագրերու տակ քաղաքական հետապնդումներու ուղեգիծը, թրքական իշխանութիւնները, երէկ առաւօտեան, իր բնակարանին մէջ ձերբակալեցին Իսթանպուլի քաղաքապետ Աքրամ Իմամօղլուն՝ փտածութեան եւ ահաբեկչական կազմակերպութեան մը օգնելու ամբաստանութեամբ: Արդարադատութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ հետաքննութիւնը կը կեդրոնանայ եօթը կասկածելիներու վրայ՝ ներառեալ քաղաքապետը, որոնք կ’ամբաստանուին ահաբեկչական ուժերու հետ կապեր ունենալու մէջ: Իսկ ոստիկանութենէն յայտարարեցին, թէ Իմամօղլու խախտած է նուազուրդով պայմանագրեր տալու կարգերը եւ մաս կազմած է կաշառակերութեան դրսեւորումներու: