Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

  ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐ ՊԵՌԼԻՆԷՆ

March 20, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
  ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐ ՊԵՌԼԻՆԷՆ

 

Լիբանանի հարաւային սահմանի դրութիւնը, ներլիբանանեան զարգացումները եւ Գերմանիոյ հետ յարաբերութիւնները երէկ հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն քննարկեց Պաապտայի պալատ այցելած Գերմանիոյ արտաքին գործերու նախարար Անալենա Պերպոքի հետ: Աուն շեշտեց, որ բարեկարգումները միայն միջազգային պահանջ չեն, այլ՝ լիբանանեան անհրաժեշտութիւն: Աուն ահազանգեց, թէ հարաւի սահմանային հինգ բլուրներուն իսրայէլեան բռնագրաւումը կը խոչընդոտէ 1701 բանաձեւի եւ զինադադարի համաձայնութեան գործադրութիւնը, բողոքելով, որ «իսրայէլեան կողմը մերժած է հինգ բլուրներէն քաշուելու լիբանանեան բոլոր առաջարկները», ըսաւ նախագահը եւ յիշեցուց, թէ տակաւին կան լիբանանցի գերիներ, որոնք տուն չեն վերադարձած: Գերմանացի նախարարը վերահաստատեց բարեկարգումներ մշակելու եւ գործադրելու կարեւորութիւնը, աւելցնելով որ Պեռլին հետաքրքրուած է Լիբանանի հարաւային եւ հիւսիսարեւելեան սահմանային դրութեամբ:

Իսկ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ գերմանացի նախարարին հետ տեսակցութեան ընթացքին պահանջեց, որ միջազգային ընտանիքը ստեղծէ հարաւէն տեղահանուած քաղաքացիներու տունդարձին, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու հայրենադարձութեան յարմար պայմանները: «Կայունութեան ամրապնդումը կը սկսի հարաւէն», ըսաւ Սալամ, պահանջելով նպաստել Լիբանանի վերակառուցումի եւ տնտեսական աշխուժութիւնը վերականգնելու ջանքերուն: Պերպոք, միւս կողմէ, Պեռլինի աջակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին՝ մանաւանդ տնտեսական եւ ընկերային ծրագրերու իրականացումին համար, հաւաստիացնելով որ իրենք պիտի շարունակեն օգնել լիբանանեան բանակին եւ ազդեցիկ ներկայութիւն ունենալ ԵՈՒՆԻՖԻԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն մէջ:

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԶԳՈՒՇԱՒՈՐ ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՀԸՐՄԷԼԻ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ

Next Post

ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄԸ ՀԱՍԱՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ

Next Post
ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄԸ ՀԱՍԱՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ

ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄԸ ՀԱՍԱՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.