Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԶԳՈՒՇԱՒՈՐ ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՀԸՐՄԷԼԻ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ

March 20, 2025
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԶԳՈՒՇԱՒՈՐ ՀԱՆԴԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՀԸՐՄԷԼԻ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ

 

 

Լիբանանի հիւսիսարեւելեան Հըրմէլ գաւառի սահմանային հատուածին վիճակը երէկ զգուշաւոր հանդարտ էr՝ անցեալ Կիրակի օր սկսած եւ երեք օր տեւած զինեալ բախումներէն ետք, որոնց մասնակցեցան լիբանանեան եւ սուրիական զինեալ խմբաւորումներ: Լիբանանեան կողմը սուրիացի զինեալները կ’ամբաստնէ սահմանը խախտելու եւ լիբանանեան սահմանային գիւղեր մտնելով քաղաքացիներ սպաննելու մէջ, մինչ սուրիական իշխանութիւնը կը պնդէ, թէ միջադէպին պատասխանատուն Հըզպալլան է, որ կրակ բացած է սուրիական հողերուն ուղղութեամբ, սպաննելով երեք զինուոր: Քաղաքական եւ զինուորական բարձր մակարդակի հաղորդակցութիւններէ ետք, լիբանանեան բանակը երէկ դիրքաւորուեցաւ սահմանային Հաուշ Սեյիտ Ալի գիւղի լիբանանեան հատուածին մէջ, իսկ սուրիական ուժերը տեղակայուեցան գիւղի սուրիական հատուածին մերձակայքը՝ հնարաւորութիւն տալով իրենց տուները լքած գիւղացիներու ապահով տունդարձին: Լիբանանեան բանակը անցարգելներ հաստատեց եւ շրջուն ջոկատներով շրջագայեցաւ գիւղին մէջ եւ վնասազերծեց չպայթած ռումբերը:

Սուրիական բանակի 52-րդ զօրախումբի հրամանատարներէն մէկը յայտնեց, թէ Պաշտպանութեան նախարարութենէն պաշտօնատար մը հաղորդակցած է լիբանանեան բանակի իր պաշտօնակիցին հետ եւ համաձայնած, որ թէ՛ լիբանանեան, թէ՛ սուրիական զինուած ուժերը հեռանան սահմանային այդ հատուածէն ու տեղակայուին գիւղին մօտակայքը՝ առիթ տալով քաղաքացիներու անվտանգ տունդարձին եւ կայունութեան վերականգնումին: Սուրիացի հրամանատարը սակայն զգուշացուց, թէ «Հըզպալլայի կողմէ այս համաձայնութեան որեւէ խախտում պիտի արժանանայ կտրուկ եւ առանց զգուշացումի հակադարձութեան»:

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աուն հետեւեցաւ սահմանային զարգացումներուն եւ հաղորդակցեցաւ բանակի հրամանատար զօրավար Ռուտոլֆ Հայքալի հետ՝ դրուատելով զինուորներուն ներդրած ջանքը՝ շրջանին կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը վերականգնելու ուղղութեամբ:

 

Share62Tweet39
Previous Post

Հ.Մ.Մ.-ԹՈՄԱՐԶԱ ԱԿՈՒՄԲԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ՍԻՆ ԷԼ ՖԻԼԻ ՄԷՋ

Next Post

  ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐ ՊԵՌԼԻՆԷՆ

Next Post
  ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐ ՊԵՌԼԻՆԷՆ

  ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋՆԵՐ ՊԵՌԼԻՆԷՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.