Ն. ՔԱՀԱԼԷ ՆՈՐԱԲԱՑ ԱԿՈՒՄԲԷՆ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՑԱՆԿԻՆ ԱՆՈՒՆԸ՝
«ՍԻՆ ԷԼ ՖԻԼԻ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆ»
Շաբաթ, 15 Մարտ 2025-ի յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, տեղի ունեցաւ «Հ.Մ.Մ.-Թոմարզա»-ի նոր ակումբին պաշտօնական բացումը, ներկայութեամբ Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Լիբանանի շրջանի Վարիչ մարմինի ատենապետ ընկեր Վանիկ Տագէսեանի եւ անդամներու, Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկեր Միսակ Նաճարեանի եւ Հ.Մ.Մ.-ի շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչներու եւ համակիրներու հոծ բազմութեան, ինչպէս նաեւ Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետ պարոն Նապիլ Քահալէի եւ անդամներուն, շրջանի թաղապետերու եւ կրօնական ներկայացուցիչներու, Փաղանգաւոր եւ «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններու եւ Ազգային Ազատ հոսանքի ներկայացուցիչներու:
Սին էլ Ֆիլի գլխաւոր պողոտային վրայ Հ.Մ.Մ.-ի փողերախումբի ռիթմիկ տողանցքէն ետք, պաշտօնական հիւրերը նախ հատեցին նորաբաց ակումբին ժապաւէնը, ապա տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւնը:
Բարի գալուստի խօսքը արաբերով ներկաներուն յղեց տիկին Պերնատէթ Երեմեան, որ ամփոփ ձեւով ներկայացուց «Հ.Մ.Մ-Թոմարզա»-ի տասնեակ տարիներու վրայ երկարող մարզամշակութային տարբեր միջոցառումներուն՝ գլխաւորաբար ֆութպոլի եւ հեծելարշաւի մարզաձեւերուն մէջ ունեցած նպաստը ի խնդիր Սին էլ Ֆիլի հայահոծ շրջանին: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այս բոլորը իրագործուեցաւ «Հ.Մ.Մ.-Թոմարզա»-ի վարչականներուն եւ համակիրներուն աշխատանքին շնորհիւ, ի մասնաւորի Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետարանի ժրաջան անդամ, վաղամեռիկ հանգուցեալ Աւետիս Երեմեանի եւ Սին էլ Ֆիլի քաղաքապետարանի համագործակցութեամբ»:
Քաղաքապետ պարոն Նապիլ Քահալէ իր ուրախութիւնը յայտնեց շրջանի կեդրոնական մասին մէջ գտնուող նորաբաց ակումբի յատկանշական դիրքին համար: Շնորհաւորելէ եւ յաջողութիւն մաղթելէ ետք, ան ողջունեց տասնեակ տարիներէ ի վեր երկուստեք գոյացած համագործակցական, բարեկամական ու միասնական ուղեգիծը: «Թոմարզայի նորաբաց ակումբէն պատիւն ունիմ յայտարարելու, թէ յառաջիկայ քաղաքապետարանի ընտրութիւններուն միասնաբար պիտի ունենանք մէկ ցանկ այն ալ «Սին էլ Ֆիլի Համերաշխութիւն» անունով, ուր առաջին անգամն ըլլալով բոլորս ալ պիտի յաղթանակենք», ըսաւ ան:
Ապա խօսք առաւ «Հ.Մ.Մ- Թոմարզա»-ի ատենապետ ընկեր Յարութ Երեմեան: Ան, ողջունելով ներկաները, դրուատեց պարոն քաղաքապետն ու անոր՝ «Հ.Մ.Մ-Թոմարզա»-ի նկատմամբ ունեցած հոգատար վերաբերմունքը: Այնուհետեւ ամփոփ ձեւով ներկայացուց նոր վարչութեան կազմին յառաջիկայ ծրագրերը: Ան իր խոր յուզումը յայտնեց հանգուցեալ ընկեր Աւետիսի վաղաժամ մեկնումին համար, աւելցնելով. «ան, որպէս տիպար Հ.Մ.Մ.-ական, քաղաքապետարանէն ներս եռանդուն անդամ եւ օրինակելի անձնաւորութիւն, պիտի մնայ բոլորին սրտերուն մէջ»:
Խօսքի աւարտին ընկեր ատենապետը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կը կանգնին Թոմարզայի շրջանի Հ.Մ.Մ.-ի գործունէութեանց:
Ակումբի բացման հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը եզրափակեց Հ.Մ.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկեր Միսակ Նաճարեանը: Ան ողջունելով ներկաները պատմական յիշատակում մը կատարեց՝ շեշտելով, որ Հ.Մ.Մ. այս շրջանին մէջ ներկայութիւն էր 1990-ական թուականներէն շատ առաջ իր ֆութպոլի բաժինով, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարանին մէջ ազդու ներկայութիւն էր ողբացեալ Վարդիվառ Տէր Գալուստեանի օրերէն: Այնուհետեւ ընկեր Նաճարեան յիշատակեց նաեւ 1993-էն ասդին «Հ.Մ.Մ.-Թոմարզա»-ի վաստակաշատ ատենապետներուն անունները՝ ընկերներ Վարդգէս Խաչիկեան, Մկօ Թեքիրեան, Սագօ Երեմեան եւ Քերոբ Քէշիշեան, որոնք մինչեւ օրս անձնուիրաբար կը ծառայեն շրջանէն ներս: Ընկեր Միսաք Նաճարեան խօսքը ուղղելով քաղաքապետին՝ ըսաւ. «Այո՛, իրար հետ էինք, միեւնոյն ուղեգիծին վրայ, եւ պիտի շարունակենք մնալ նոյն ձեւով: Այժմ նոր ակումբի բացման հետ, վարչութեան առջեւ կանգնած է պատասխանատու, դժուարին առաքելութիւն մը, յատկապէս բոլորիս ծանօթ այս դժուար օրերուն: Մենք լիայոյս ենք, որ ինչպէս նախորդները, այնպէս ալ ներկայ վարչութիւնը կը յաղթահարէ բոլոր արգելքները ի շահ շրջանի բարօրութեան եւ յառաջդիմութեան»:
Իր խօսքը աւարտելէ առաջ, ընկեր Նաճարեան յայտնեց, որ աւանդական մարզաձեւերէն բացի շուտով ակումբին մէջ պիտի զարգանայ ճատրակի ուսուցումը:
Աւարտին հիւրերն ու տանտէրերը միասնաբար հատեցին ակումբի բացման հանդիսութեան կարկանդակը:
ԹՂԹԱԿԻՑ